«Կողմերը Տակաւին Հեռու Են Լեռնային Ղարաբաղի Վերաբերեալ Կարեւոր Կէտերու Շուրջ Համաձայնութենէն» Ըսաւ Լաւրով
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Մոսկուայի մէջ իր ազրպէյճանցի գործընկեր Էլմար Մամետեարովի հետ հանդիպումէն ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ Ազրպէյճան Ռուսիոյ կարեւոր ռազմավարական գործընկերն է, երկու երկիրներու դիրքորոշումները կը համընկնին շարք մը կարեւոր հարցերու շուրջ:
«Գործընկերոջս եւ ընկերոջս` նախարար Մամետեարովի հետ բանակցութիւնները կառուցողական էին, մենք քննարկած ենք ժամանակացոյցը յառաջիկայ հանդիպումներուն, ներառեալ բարձր մակարդակով հանդիպումները», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ քննարկուած է նաեւ տնտեսական մարզի իրավիճակը:
«Բնականաբար, մենք խօսած ենք նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի մասին: Ռուսիան հետագային եւս պիտի նպաստէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի ընդունելի լուծումներու փնտռտուքին` թէ՛ Պաքուի եւ Երեւանի հետ մեր երկկողմանի յարաբերութիւններուն ծիրին մէջ, թէ՛ ալ Ռուսիա-Ազրպէյճան-Հայաստան եռակողմանի հանդիպումներու ձեւաչափով, եւ ի հարկէ` իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիր: Մեր բոլոր քայլերը կը ձեռնարկուին համանախագահներու մշակած սկզբունքներուն համաձայն», ըսաւ Լաւրով:
«Մենք բաւարարուած ենք բանակցութիւններուն արդիւնքներէն եւ պիտի շարունակենք աշխատիլ մեր նախագահներու յանձնարարականներու կատարման շուրջ», յայտարարեց ան:
«Մենք յոյս ունինք, որ ղարաբաղեան տագնապը ենթակայ է լուծման: Այդ մասին կը խօսին երկար տարիներու հաղորդակցութեանց արդիւնքները, որոնց իբրեւ արդիւնք կարելի եղած է մշակել լուծման ենթակայ առանցքային հարցերու վերաբերեալ ընդհանուր ըմբռնում: Ատիկա անվտանգութեան հարցն է, նախ եւ առաջ մարդասիրական հարցերն են, այժմ Ղարաբաղի շուրջ գտնուող եւ Ազրպէյճանի կողմէ չվերահսկուող շրջաններու վերադարձի հարցերն են, ատիկա նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի որոշումն է, անկասկած` այնտեղ ապրող մարդիկը հաշուի առնելով: Ատիկա նաեւ միջազգային խաղաղարար ուժերու շրջագիծին շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելն է», ըսաւ Լաւրով` նշելով, որ այս կէտերու մեծ մասին վերաբերեալ «մենք ունինք համաձայնութիւն»:
«Բացի երկու-երեք որոշ նիւթերէ, որոնք առանցքային են վերջնական ծրարին համար եւ տակաւին կը քննարկուին: Եւ, չեմ թաքցներ, մենք տակաւին հեռու ենք անկէ, որ տեսնենք իրավիճակը, երբ կողմերը պիտի մշակեն այդ տարակարծութեան նիւթ եղող հարցերուն շուրջ միասնական մօտեցում», ըսաւ ան:
Ըստ անոր, ղարաբաղեան տագնապի երկու-երեք առանցքային հարցեր, որոնց մասին խօսուած է Մոսկուայի բանակցութիւններուն ընթացքին, տակաւին կը պահանջեն լրացուցիչ ջանքեր:
«Ներկայ պայմաններուն մէջ, մինչեւ որ կարենանք վերսկսիլ տարակարծութեան նիւթ եղող հարցերու շուրջ բովանդակալից բանակցութիւնները, պէտք է հասնիլ վերջին օրերու իրավիճակի լարուածութեան նուազեցման` թէ՛ շփման գիծին մէջ, թէ՛ ալ պետական տարածքին վրայ: Վստահ եմ, որ վստահութեան ամրապնդման հարցին մէջ լուրջ դեր խաղցած են անցեալ տարուան մայիսին Վիեննայի եւ յունիսին Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցած վեհաժողովներուն արդիւնքները եւ ԵԱՀԿ-ի ծիրին մէջ մշակուած առաջարկները: Պէտք է նուազեցնել անվստահութեան այն մակարդակը, որ այժմ դժբախտաբար կը նկատուի, եւ մենք յոյս ունինք, որ Ազրպէյճանը եւ Հայաստանը պիտի շարժին այդ ուղղութեամբ, եւ մենք մեր կողմէ ամէն ձեւով պիտի աջակցինք ատոր», յայտնեց Լաւրով:
Մամետեարով իր կարգին յայտնեց, որ ամէնէն լուրջ խնդիրներէն մէկը, որուն կը բախի Պաքուն, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծումն է: «Ռուսիան շատ լուրջ քայլերու կը ձեռնարկէ: Մենք այսօր մանրամասն կերպով քննարկած ենք այդ քայլերը», նշեց ան:
«Ամէն պարագայի այսօր զգացի Սերկէյ Լաւրովի տրամադրուածութիւնը, երբ մենք մանրամասնօրէն կը քննարկէինք, թէ ո՛ր ուղղութեամբ պէտք է շարժինք, քիչ թէ շատ` կան որոշակի հեռանկարներ», ըսաւ Մամետեարով:
Ըստ անոր, ամէն ինչ կախեալ է ո՛չ միայն Ազրպէյճանէն, այլ նաեւ Ռուսիայէն` իբրեւ համանախագահ: «Ի հարկէ, այստեղ մեծ դեր պէտք է խաղայ նաեւ հայկական կողմը` այժմ սեղանի վրայ դրուած առաջարկները ընդունելու համար», աւելցուց Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը:
Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Այս Շաբաթ
Պիտի Այցելեն Ազրպէյճան, Իսկ Հայաստան` Այլ Անգամ
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ռուս համանախագահ Իկոր Փոփով ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Մինսքի խմբակի համանախագահները այս շաբաթ պիտի այցելեն Ազրպէյճան:
Այցելութեան ծիրին մէջ կը նախատեսուին համանախագահներու հանդիպումները Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ:
Փոփով յայտնած է, որ համանախագահներուն Հայաստան այցելութիւնը կը նախատեսուի այլ անգամ: