Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քննարկուած Են «Փտածութեան Վտանգներու Գնահատում Հայաստանի Հանրակրթութեան Բնագաւառին Մէջ» Հետազօտութեան Արդիւնքները

Մարտ 7, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը կը հաղորդէ, թէ նախարար Լեւոն Մկրտչեան երէկ ընդունած է «Թրենսփերընսի ինթըրնեշընըլ», «Պահանջատէր հասարակութիւն. պատասխանատու կառավարում», «Հանրային քաղաքականութիւն» հասարակական կազմակերպութիւններու եւ «Եու. Էս. Էյտ.»-ի Ժողովրդավարութեան, առողջապահութեան եւ ընկերային բարեփոխումներու Հայաստանի գրասենեակի ներկայացուցիչները:

Հանդիպումին հիմնական նպատակն էր քննարկել վերոնշեալ կազմակերպութիւններու «Փտածութեան վտանգներու գնահատում Հայաստանի Հանրապետութեան հանրակրթութեան բնագաւառին մէջ» հետազօտութեան արդիւնքները: Կարեւոր նկատելով հասարակական կազմակերպութիւններուն հետ համագործակցութիւնը` նախարար Լեւոն Մկրտչեան ընդգծած է, որ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը բարձր կը գնահատէ հասարակական կազմակերպութիւններու բոլոր նախաձեռնութիւնները, որոնք ուղղուած են կրթութեան մարզին մէջ  որակական նոր մակարդակի ապահովման եւ բարեփոխումներու  արդիւնաւէտութեան բարձրացման: Նախարարը իր խօսքին մէջ կարեւոր նկատած է «Թրենսփերընսի ինթըրնեշընըլ» կազմակերպութեան` տարիներ շարունակ ծաւալած հետեւողական գործունէութիւնը` ընդգծելով, որ անիկա իսկապէս լուրջ աջակցութիւն է կրթութեան համակարգին մէջ աւելի թափանցիկ եւ գործուն մեքանիզմներու  ներդրման:

Ներկայացնելով հետազօտութիւնը` «Թրենսփերընսի ինթըրնեշընըլ» կազմակերպութեան գործադիր տնօրէն Սոնա Այվազեան տեղեկացուց, որ կատարուած է որակական ուսումնասիրութիւն թիրախային 3 ուղղութիւններով` վճարովի պարապմունքներ, ներառական կրթութիւն եւ դասագիրքերու հրատարակութիւն: Ան ողջունած է այն հանգամանքը, որ մինչեւ հետազօտութեան արդիւնքները հանրութեան ներկայացնելը` Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան մէջ  նմանատիպ քննարկում կազմակերպուած է, ինչ որ կարելիութիւն կու տայ կրթութեան մարզի պատասխանատուներուն հետ քննարկելու վերհանուած խնդիրները եւ առաջարկներ ներկայացնելու անոնց լուծման ուղղութեամբ:

Հանդիպումին ընթացքին նշուած է, որ Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը այլ հասարակական կազմակերպութիւններէ եւս ստացած է որոշակի հետազօտութիւններ, որոնք նիւթի առումով կրկնութիւններ կը բովանդակեն, ապա առաջարկուած է ստեղծել կրթութեան մարզին մէջ գործող հասարակական կազմակերպութիւններու աշխատանքային խումբ, որ միասնական մեքանիզմներ կ՛առաջարկէ փտածութեան դէմ պայքարի գործընթացին մէջ:

 

 

Նախորդը

Հաց Բերող Արթուր Սարգսեանը Ազատ Արձակուած Է

Յաջորդը

Պաշտպանութեան Նախարարութեան Մէջ Տեղի Ունեցած Են Հայ-Բիրտանական Տարեկան Ռազմաքաղաքական Խորհրդակցութիւնները

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը
Հայկական

Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»
Հայկական

Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?