Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ, տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապի վարչութենէն «Արմէնփրես»-ին յայտնած են, որ Սուրիոյ փոխվարչապետ եւ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմ Հայաստանի եւ Սուրիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակին նուիրուած ուղերձին մէջ ըսած է, որ Սուրիոյ ժողովուրդին դէմ նախայարձակում կատարող կողմերէն մէկը հայ ժողովուրդին դէմ ցեղասպանութիւն գործած նոյն կողմն է:
Ան իր ուղերձին մէջ նշած է, որ Հայաստանի եւ Սուրիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումը կը մարմնաւորէ սուրիացի եւ հայ ժողովուրդներու պատմական կապերը եւ կ՛արտայայտէ քաղաքական, տնտեսական, ընկերային ու մշակութային մարզերուն մէջ յարաբերութիւնները զարգացնելու կամքը:
Մոալլեմ ընդգծած է, որ Սուրիան` իր քաղաքական ղեկավարութեամբ, կառավարութեամբ եւ ժողովուրդով, ամենայն գնահատանքով կը դիտէ բարեկամ Հայաստանի նպաստաւոր դիրքորոշումները` Սուրիոյ դէմ ահաբեկչական նախայարձակման նկատմամբ: Սուրիական դիւանագիտութեան պետը նշած է, որ Սուրիոյ ժողովուրդին դէմ նախայարձակում կատարող կողմերէն մէկը հայ ժողովուրդին դէմ ցեղասպանութիւն գործած նոյն կողմն է, որուն քաղաքականութիւնը խարսխուած է միահեծան իշխանութեան եւ սուլթանական սին երազներու վրայ, ինչ որ դատապարտուած է ձախողութեան եւ վատագոյն հետեւանքներ պիտի ունենայ նախայարձակին համար:
Մոալլեմ աւելցուցած է, որ Սուրիան, որ սկսած է յաղթանակներ արձանագրել ահաբեկիչներուն դէմ, վստահ է, որ այն բարեկամները, որոնք անոր կողքին կանգնեցան յարձակումի ժամանակ, անոր ձեռք պիտի երկարեն ահաբեկչութեան գործած աւերները վերականգնելու համար: Ասիկա բացառիկ առիթ է, որ բոլոր մարզերուն մէջ զարգացնենք մեր երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութիւնը:
Ան շնորհաւորելով Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը երկու պետութիւններուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակին առիթով` բարեկամ Հայաստանին մաղթած է զարգացում եւ բարգաւաճում: