Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաղաքը Եւ Հրավառութեան Կիրքը…

Մարտ 6, 2017
| Արուեստ - Մշակոյթ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ

Վահան Ռումելեանի ստեղծագործական «պահը»

Խօսքը կը վերաբերի Վահան Ռումելեանի «Քաղաքը» շարքին, ուր ժամանակակից   եկնաքերները հրավառութեան ընթացքին կը վերացարկուին, անոնց ակնթարթային  ցոլացումները  կը բեկուին կրկներեւոյթներու նման: Ստեղծագործական  կրքոտ ներշնչանքի մը արդիւնքն են անոնք, որոնք տարերայնօրէն կը բխին արուեստագէտի ներաշխարհին մէջ անթեղուած ծալքերէն ու կը բաշխուին մերօրեայ կեանքի վրայ: Մեկնելով բովանդակութենէն, այս շարքը կարելի է խորագրել` «Քաղաքը եւ հրավառութեան կիրքը` ժամանակի ընթացքին»: Հրավառութիւնը, որ ընդհանրապէս բերկրալից տօներու եւ ուրախ առիթներու տեղի կ՛ունենայ, ինքնին անմիջական ու կրքոտ հրայրքի մը արդիւնքն է, ուր ապրուած գեղեցկութիւնը թէեւ կ՛անցնի ասուպի մը նման, սակայն անոր հմայքն ու «տենդը» կը յամենան մարդու ոգեղէն տեսադաշտի վրայ` իբրեւ երփներանգ յոյզ ու տեսիլք: Այդ երփներանգ եւ յուզաթաթաւ տեսիլքներն են, զորս Ռումելեան կ՛ոգեղինացնէ կտաւներու վրայ: Նմանօրինակ գեղարուեստական բիւրեղացման կը հասնի Ռումելեանը գերլարուած այնպիսի պահու մը, երբ սանձազերծուած վերձնահարուածները կ՛ենթարկուին անոր ենթագիտակից աշխարհի ինքնամուղ  թելադրականութեան:

«Քաղաքը» շարքէն. «Հեշտանք»

Եթէ անոր սկզբնական շրջանի արտայայտչաձեւերը տեղ մը եւ չափով մը ներշնչուած կը թուին ըլլալ ֆրանսացի վերացապաշտ գեղանկարիչ Մաթէոյէն, ապա այս շարքի կտաւները (որոնք իրենց ամբողջական դրսեւորման հասան 2010-ի 2011-ի թուականներուն) ոչ միայն ինքնատիպ են, այլեւ մէկ կողմէ կը թարմացնեն իր ստեղծագործական յղացքները, եւ միւս կողմէ` ան նոր երակ մը կը բանայ և իբրև նորարար հանդէս կուգայ վերացապաշտ արուեստի անդաստանէն ներս:

Թէեւ Ռումելեան հակամէտ է այս շարքի ստեղծագործութիւնները խորագրել եւ թուագրել նախկիններուն նման, ինչպէս` («Պահ», «Ակնթարթ», «Կիրք», «Ազատագրում», «Տեսիլք», «Լիցքաթափում», «Յափշտակութիւն», «Տրոփ», «Գործողութիւն` առանց գործողութեան» եւ այլն, սակայն շատերու պարագային, ան կը նշէ անոնց աւարտման ճշգրիտ ժամանակը` վայրկեաններով: Ստեղծագործական հրայրքով վառուած այս արուեստագէտին համար կարեւոր ու կենսական նշանակութիւն ունի արարման պահը, որովհետեւ ժամանակի ամենակարճատեւ ակնթարթն իսկ վերջ մըն է եւ սկիզբ մը` միաժամանակ, որուն ընթացքին անցեալը անընդհատ կը մահանայ եւ ապագան տեւականօրէն կը վերածնի այնպիսի ծիրի մը վրայ, ուր ժամանակը կը հոսի ու կ՛ընթանայ դէպի յաւիտենութիւն:

«Քաղաքը» շարքէն.«Կիրք»

Այո՛, իր շտապողականութեան մէջ ժամանակը դաժան է, յարաբերական, անտարբեր ու նաեւ` լկտի: Կը պայմանաւորուի տիեզերական մարմիններու շարժունակութեամբ ու կ՛իմաստաւորուի բանական էակի դատողութեամբ. իսկ բանական էակի դատողական բարձրագոյն կարողականութիւնը վերապահուած է գիտնականներուն, որոնց մեծամասնութիւնը սկսած է հաւատալ, որ տիեզեքը գոյացած է «Մեծ պայթիւն»-ի (Big Bang) մը հետեւանքով, որմէ առաջ ոչինչ գոյութիւն ունէր` բացի «խտացուած լոյս»-էն: Այս Մեծ պայթիւնէն է, որ կը ծնի ժամանակը, որուն փոքրերը անհամբեր կը սպասեն (Կոտոյին նման), իսկ Մեծերը անոր ետեւէն կը վազեն (Լիր արքային պէս):

Մեր ժամանակաշրջանին կատարելագործուած հրավառութիւնները յաճախ Մեծ պայթիւնի տպաւորութիւնը կու տան եւ երբեմն անոնց շարունակական թռիչքները կատղած հրաբուխներ կը յիշեցնեն: Թէեւ շանթի նման կը կայծակեն միջոցին մէջ, սակայն անցեալէն բխող եւ դէպի ապագան խոյացող գեղեցիկի պատրանքը կը ստեղծեն… Տեւողութեան մէջ գոյացող այս տեսիլքները միշտ չէ, որ ուղիղ կը համեմատին ժամանակի մաշումին, որովհետեւ Ռումելեան այս տեսիլքներու ընդմէջէն է, որ կը փորձէ դրսեւորել մարդու մարդկային այն ինքնարժէքը, ուր հրավառութեան առթած յափշտակուածութիւնն ու հոգեկան գերլարումը առիթ կու տայ արուեստագէտին` տարերային լիցքաթափման ու «գեղեցիկ»-ի արարման, որուն մղիչ ուժը ի վերջոյ տարերային կիրքն է:

Ահաւասիկ թէ ինչո՛ւ ան բովանդակութեամբ եւ ոճային առումով կ՛ընդունուի եւ կը գնահատուի իբրեւ ամենաինքնատիպ վերացապաշտներէն մէկը:

 

 

Նախորդը

«Ծնունդը Ոչինչ Չգիտի Մահուան Մասին»

Յաջորդը

Հայեցի Դաստիարակութիւնը` 21-րդ Դարու Սկիզբին-Յամեցող Ու Նոր Մարտահրաւէրներ

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Բեմականացուած Գրական Քառեակ

Մայիս 5, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Արցունքոտ Ժպիտներ – Բ. – Բնագրեր Եւ Կատարում

Ապրիլ 8, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Արցունքոտ Ժպիտներ – Ա. Սեռ Եւ Հեղինակ

Ապրիլ 7, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?