Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խօսելով Հայ Ազգային Քոնկրեսի Մօտեցումին Մասին «Խաղաղութիւնը Միակողմանի Փափաքով Չի Հաստատուիր» Կ՛ըսէ Արմէն Ռուստամեան

March 4, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

3 մարտի խորհրդարանական զրոյցներուն ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան անդրադարձաւ Հայ ազգային քոնկրեսի (ՀԱՔ) նախընտրական կարգախօսին` «Խաղաղութիւն եւ բարի դրացնութիւն», որ Ազրպէյճանի հետ յարաբերութիւններուն կը վերաբերի:

«Մենք դէմ ենք նման մօտեցումի մը, որովհետեւ նախքան նման կարգախօսի մը հրապարակումը ՀԱՔ պէտք է ըսէ, թէ Հայաստան մինչեւ այսօր ի՛նչ քայլերու չդիմեց հաշտութեան համար: Ես վստահ եմ, որ Հայաստանը այդպիսի խնդիր չունի, որովհետեւ պատերազմը մեզմէ չէ ծագած, մեր կողմէ չեն կատարուիր խախտումները, որոնց մասին ամէն օր կը լսենք` զինադադարի խախտման, յարձակողական վարուելակերպին ու զինուորական գործողութիւններուն առնչուող: Երբ նախընտրական ժամանակաշրջանին կը դիտարկենք այս կարգախօսը, ասիկա կը նշանակէ, որ եթէ իրենք իշխանութիւն ըլլան, այնպիսի  քայլերու պիտի դիմեն, որ արագ ձեւով խաղաղութիւն եւ կայունութիւն սահմանուի:

«Ես անձամբ` Ազրպէյճանի քաղաքականութեան վերաբերող մէկ տարբերակ կը տեսնեմ` բաւարարել Ազրպէյճանի փափաքները, որովհետեւ այլ ձեւով կարելի չէ հասնիլ խաղաղութեան: Խաղաղութիւնը միակողմանի փափաքով չ՛իրականանար, ատիկա պէտք է ըլլայ բանակցութիւններու սեղանին շուրջ, որ ներկայիս փակուղիի մէջ է Ազրպէյճանի պատճառով», նշեց Արմէն Ռուստամեան:

Ըստ Ռուստամեանի, Ազրպէյճան իր վարուելակերպին պատճառով անբանակցելի կողմ դարձած է, ծիծաղելի կը թուի անոր զիջումը` կարգավիճակին առնչութեամբ, երբ կ՛առաջարկէ ինքնավարութեան բարձր աստիճան Արցախին համար` մոռնալով, որ նախքան պատերազմը արդէն Արցախը Ազրպէյճանի իրաւասութեան դաշտէն դուրս կը գտնուէր, եւ ունէր ինքնավարութեան այդ աստիճանը, հետեւաբար Ալիեւի առաջարկը ծիծաղելի է: Ըստ Ռուստամեանի, «ըստ էութեան, Ազրպէյճան որեւէ զիջումի պատրաստ չէ: Եթէ խաղաղութեան դիւրին ձեւ կ՛ուզենք, ապա միակ լուծումը յանձնուիլն է, եկէ՛ք յանձնուինք, տա՛նք Ազրպէյճանին ուզածը, որպէսզի վերջապէս բաւարարենք անոր քմահաճոյքները», շեշտեց Ռուստամեան` աւելցնելով, որ ժամանակին «տարածքներ` խաղաղութեան դիմաց» դիրքորոշման պատճառով էր, որ ՀԱՔ-ի առաջնորդ Լեւոն Տէր Պետրոսեան հրաժարական տուաւ, քանի որ այդ մօտեցումը մերժեց ո՛չ միայն հայ ժողովուրդը, այլ նոյնիսկ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի  շրջապատը:

Արմէն Ռուստամեանի համոզումով, լուծում կրնայ գոյանալ բանակցութիւններու միջոցով, եթէ Ազրպէյճան ընդունի Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքն ու անոր գործադրութիւնը: Անոր համաձայն, ՀԱՔ-ի թէզը առաւելաբար արտաքին բարեհաճութիւն ստանալու խնդիրներ կը լուծէ: Եւ եթէ Լեւոն Տէր Պետրոսեան Ազրպէյճանին ուղղակի խօսք ուղղէ` ըսելով, որ Ազրպէյճանը թող ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը, եւ Հայաստանը պատրաստ է երթալու փոխադարձ զիջումներու եւ խաղաղութեան, ապա Արմէն Ռուստամեան կ՛ողջունէ այդ կարգախօսը:

 

Նախորդը

ՀՅԴ-ն Պիտի Ներկայացնէ Իր Նախընտրական Ծրագիրը

Յաջորդը

Խմբագրական. Իրազեկել Ազգային Արժէքներուն Մասին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.