Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժողովրդական Երգարուեստի Մեներգչուհի Գաբի Գալոյեանի «Ազդակ» Այցելութիւնը` Իր Մեծ Սէրը Արտայայտելով Լիբանանահայութեան Նկատմամբ

Մարտ 4, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` 3 մարտի կէսօրին «Ազդակ» այցելեց եւ խմբագրական կազմին հետ տեսակցութիւն ունեցաւ հայրենի երիտասարդ մեներգչուհի Գաբի Գալոյեան, որ հայրենի եւ սփիւռքահայ երաժշտասէր հասարակութիւնը տպաւորած է ժողովրդական երգերու իւրովի մեկնաբանութեամբ: Անոր «Ազդակ» այցելութիւնը առիթ եղաւ, որ մեներգչուհիին հետ արծարծուի ժողովրդական երգերը մատչելի որակով եւ ինքնուրոյն կատարողականութեամբ ներկայացնելու, յատկապէս երիտասարդութեան գրաւիչ դարձնելու օրուան անհրաժեշտութիւնը:

«Ազդակ»-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Գաբի Գալոյեան ըսաւ, որ նկատի ունենալով, թէ երաժշտական մասնագիտութեամբ ծնողներ ունի, փոքրուց արդէն բարձրակարգ, մնայուն եւ արժէքաւոր երաժշտութիւն հրամցուած է իրեն, այդ մէկը նաեւ պատճառ եղած է, որ երգել սկսի բաւական փոքր` 6 տարեկանին, նախ «Զօրավար Անդրանիկ» ազգագրական-մանկապատանեկան համոյթին մէջ, ապա երաժշտական ուղին վերածած է մասնագիտութեան, ուսանած է «Ռոմանոս Մելիքեան»-ի անուան երաժշտական ուսումնարանին մէջ, երգած է «Հայ փոքրիկ երգիչներ» համոյթին մէջ, նաեւ «Գէորգ Մանասեան»-ի խումբին հետ` իբրեւ մեներգչուհի:

«Հակառակ իմ երիտասարդ տարիքիս, երաժշտական ուղիս բաւական երկար է, բայց ես 6 տարեկանէն ինքնաշխատութեամբ յառաջացած եմ», ըսաւ Գաբի Գալոյեան:

Ուսումը աւարտելէ ետք հանդիսատեսին ներկայացած է Վահրամ Պետրոսեանի կողմէ գրուած «Երանի» երգով, որ փոփ ոճի է, եւ որ իր տեսահոլովակով մեծ ընդունելութեան արժանացաւ Հայաստանի մէջ, եւ անով ալ ինք ճանչցուեցաւ արուեստասէրներուն կողմէ: Գաբի Գալոյեան աւելցուց, որ տարբեր ոճերու երգերով հանդէս կու գայ, սակայն իր աշխատանքին մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւէ ժողովրդական երգեր կատարելը, որովհետեւ կը հաւատայ, թէ ժողովրդական երգն ու երաժշտութիւնը պէտք է թարմ ու կենդանի պահել եւ հասցնել նոր սերունդներուն: Կը խոստովանի, որ ինք կը սարսափի այն մտածումէն, որ եկող սերունդները ժողովրդական երգերէն հեռու կը մնան, չեն ուզեր զանոնք ունկնդրել, ուրեմն կը կարծէ, թէ պատանիներն ու երիտասարդները միշտ հաղորդակից պէտք է դարձնել ժողովրդական երգերուն, որոնց քարոզչութիւնը պէտք է կատարել: Ասկէ մեկնած ինք այդ երգերու տարածման մէջ ուզած է եւ կը շարունակէ իր աշխատանքներով իր լուման ներդրել: Այսօր Հայաստանի մէջ թէեւ երիտասարդները աւելի շուկայական երգեր կը ներկայացնեն, սակայն ինք կառչած կը մնայ ժողովրդական երգերու մատուցման` իր միւս երգերուն զուգահեռ:

Անկէ ետք` 2013-ի յունիսին պատրաստած է «Սարի աղջիկ» երգը, ապա` «Մեր պարերը»: Համագործակցաբար արտադրիչ ամերիկեան ընկերութեան` «Կլոպըլ արթզ»-ին հետ, որուն նախագահն է իր արտադրիչը` Կարպիս Թիթիզեան, կարելի եղած է զինք ծանօթացնել նաեւ սփիւռքին: Ներկայիս երիտասարդ երգչուհին կը պատրաստուի մենահամերգի, որ տեղի պիտի ունենայ սեպտեմբերին, Երեւանի մէջ, ուր նաեւ այդ օրերուն տիրական կ՛ըլլայ սփիւռքահայերուն ներկայութիւնը: Համերգը պիտի ըլլայ ժողովրդական ոճի երգերով հարուստ, բոլոր երգերը պիտի հնչեն կենդանի կատարումով, ժողովրդական համոյթ մը իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ: Ան կը պատրաստէ նաեւ երգ մը` Հայաստանի նուիրուած, անիկա շուտով նաեւ պիտի ունենայ իր տեսահոլովակը, նոյն երգը նաեւ Փարիզի եւրոպական մրցանակին պիտի մասնակցի 26 մարտին, հոն պիտի կատարուի երգին անդրանիկ մեկնաբանութիւնը: Երգին հեղինակը Մանէ Յակոբեանն է, երգը հայերուն, զինուորներուն, հայութեան մասին է եւ անոր մէջ շեշտը կը դրուի այն իրականութեան վրայ, թէ Հայաստանը որքա՛ն կարեւոր ու սիրելի է համայն հայութեան համար:

Գաբի Գալոյեան մեծապէս տպաւորուած է սփիւռքով, յատկապէս Լիբանանով եւ մասնաւորաբար Պէյրութով, ուր գտնուիլը իսկական ուրախութիւն կը նկատէ, հաճոյքով կապ կը հաստատէ լիբանանահայերուն հետ, որոնք արժէքաւոր են երգչուհիին համար, մանաւանդ կարեւոր կը նկատէ անոնց մղած հայապահպանման պայքարը, որով օտար երկրի մէջ ապրող հայերը իսկապէս կը կառչին իրենց ինքնութեան: Ան ըսաւ, որ լիբանանահայը ջերմ է, բարի, հաղորդական, միշտ մտերմութեամբ կ՛ընդունի հայաստանցին, դրական է, անոր մէջ կարօտ կայ Հայաստանի նկատմամբ, եւ ինք կտոր մը ջերմութիւն բերած է Հայաստանէն եւ մեծ կտոր մը ջերմութիւն կը տանի իրեն հետ` լիբանանահայութենէն ստացած:

Երգչուհին նշեց, որ հրաւէր ստանալու պարագային մեծ սիրով կ՛ուզէ իր երգերը ներկայացնել լիբանանահայութեան:

Գաբի Գալոյեան հաստատեց, որ ինք մեծ ջերմութեամբ կ՛ընդունի ոեւէ սփիւռքահայ, որ Հայաստան կ՛այցելէ` փափաքելով, որ բոլոր հայերն ալ համախմբուին իրենց հայրենիքին մէջ: Ան ունի բազում սփիւռքահայ ընկերներ, յատկապէս լիբանանահայեր ու սուրիահայեր, որոնց մասին դիտել տուաւ, որ նոր մշակոյթ տարած են Հայաստան, յատկանշուած են իրենց աշխատասիրութեամբ, ազնուութեամբ` փափաքելով, որ Հայաստանի մէջ անոնց համար կարելի եղածին չափ դիւրութիւններ ստեղծուին: Ան խոստովանեցաւ, որ Հայաստանի մէջ միջինարեւելեան երկիրներէն եկողներուն մշակոյթը կարեւոր էր, որովհետեւ այլ ապրելակերպ է, զոր ինք մեծապէս կը սիրէ:

Աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց «Ազդակ»-ին, շնորհաւորեց թերթին 90-ամեակը` նշելով, որ բաւական բարդ է օտար երկրի մէջ 90 տարի անընդմէջ թերթ հրատարակել ու պահել` հաստատելով, որ Հայաստանի մէջ եւս մեծ թիւով ընթերցող ունի «Ազդակ»:

 

 

 

Նախորդը

Քուէյթի Եւ Շրջակայից Առաջնորդ` Մասիս Ծ. Վրդ. Եւ Ազգային Իշխանութեան Ներկայացուցիչները Այցելեցին Վեհափառ Հայրապետին

Յաջորդը

Թուրքիոյ Միջերկրականեան Շրջանի Երեք Նահանգի Մէջ Յորդառատ Անձրեւներու Պատճառով Դպրոցները Փակուած Են

RelatedPosts

Ակնարկ.  Պէյրութը Բոլոր Համայնքներուն Մայրաքաղաքն Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Պէյրութը Բոլոր Համայնքներուն Մայրաքաղաքն Է

Մայիս 14, 2025
ՀՅԴ-ի Այնճարի Քաղաքապետական Խորհուրդի  Առաջադրած Ցանկը Ընտրուած Է` Մրցակիցի  Չգոյութեան Բերումով
Գաղութային

ՀՅԴ-ի Այնճարի Քաղաքապետական Խորհուրդի Առաջադրած Ցանկը Ընտրուած Է` Մրցակիցի Չգոյութեան Բերումով

Մայիս 14, 2025
Թրամփ. «Պատրաստ Ենք Լիբանանին Օգնելու  Տնտեսական Բարգաւաճման Եւ Իր Դրացիներուն Հետ  Խաղաղութեան Ապագայ Կառուցելու Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Եւ Սալման Երկու Երկիրներուն Միջեւ Ռազմավարական Տնտեսական Գործընկերութեան Փաստաթուղթ Ստորագրեցին

Մայիս 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?