Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Անշուշտ պիտի ուզէինք հաւատալ, որ Օսմանեան կայսրութեան իրաւայաջորդ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը իր իշխանութիւններով եւ թուրք ժողովուրդը ընդհանրապէս, ժամանակի ընթացքին կը փոխուին, կ’անդրադառնան սուլթանական թերութիւններուն եւ կը ներդաշնակեն իրենց կեանքը մարդկային հիմնական արժէքներուն հետ: Ասիկա անշուշտ մեզի համար ալ օգտակար պիտի ըլլար:Սակայն բազմաթիւ օրինակներ, կը հաստատեն, որ տակաւին շատ հեռու են այդ ժամանակները: Թէեւ կան բացառութիւններ, բայց, ինչպէս կ՛ըսուի, բացառութիւնը օրէնք չի կազմեր:
Ն.
Թուրք Լրագրողը` Երբեմնի Քրիստոնէական
Քաղաքի Վերջին Հայուհիին Մասին

Մինչեւ 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութիւնը թրքական հարաւարեւելեան Տերիք քաղաքը կարեւոր կեդրոն էր հայ եւ ասորի քրիստոնեաներու համար: Այսօր արդէն քաղաքին մէջ մնացած է միայն մէկ հայուհի ` Եուրսալին Տեմիրչին (Տեմիրճեան): Այս մասին կը գրէ «Փի.Ճի.Մետիա»-ն:
Ուաշինկթոն բնակող թուրք լրագրող Ուզայ Պալութ յօդուած գրած է Տերիքի հայերուն մասին, որոնք առաջինը կոտորածի եւ տեղահանութեան ենթարկուած են 1915 թուականին: Ողջ մնացածները հետագայ տարիներուն ճնշումներու պատճառով հեռացած են Տերիքէն, այդ պատճառով քաղաքին մէջ այլեւս հայ համայնք չկայ: Հայկական Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ դռները չեն բացուիր, զանգերն ալ չեն ղօղանջեր: «Ես կը կարօտնամ հին ժամանակները, բայց արդէն վարժուած եմ, որ ոչ ոք մնացած է: Մենք հոս ծնած, հոս մեծցած ենք եւ չենք ուզեր հեռանալ մեր հողերէն: 50 տարի առաջ, երբ կը ղօղանջէր եկեղեցւոյ զանգը, եկեղեցին մարդոցմով կը լեցուէր: Յոյս ունիմ, որ այդ օրերը կը վերադառնան», ըսած է Եուրսալին Տեմիրչին:
Եուրսալին եւ ամուսինը քաղաքի միակ քրիստոնեաներն են:
«Քրիստոնէութեան մէջ զոյգերը եկեղեցւոյ մէջ կը պսակադրուին, բայց քանի որ քաղաքին մէջ քրիստոնեայ հոգեւորական չկայ, ես պէտք է տան մէջ ամուսնանայի: Հպարտ եմ, որ հայ եմ, երբեք չեմ հրաժարած իմ կրօնէս: Մեր դրացիները երբեմն կ՛ըսեն, որ նամազ ընեմ, բայց ես նոյնիսկ չեմ գիտեր, թէ ինչպէս կ՛ընեն ատիկա», պատմած է ան:
Թուրք լրագրող Ուզայ Պալութ յօդուածին մէջ գրած է. «Հարիւրամեակ պահանջեց, որպէսզի շրջանէն արմատախիլ ընեն քրիստոնէական քաղաքակրթութիւնը: Այսօր թրքական իշխանութիւններու որոշ ներկայացուցիչներ հպարտօրէն կը յայտարարեն, որ Թուրքիա 99 առ հարիւրով իսլամ երկիր է: Բայց 1915 թուականի ցեղասպանութենէն առաջ օսմանեան Թուրքիոյ մէջ քրիստոնեայ մեծ համայնք կար»:
Ըստ հեղինակին, զանգուածային սպանութիւններուն կ՛ընկերանային հայերու գոյքի կողոպուտը, թալանը: Հայերու տուները թալանելը այնքան տարածուած էր, որ քաղաքը հետագային շինարարական վայրի կը նմանէր:
1915 թուականի 15 օգոստոսին առաջին անգամ Տերիքի դրացի Մարտինի մէջ, երիտասարդ հայ կիներու վաճառք կազմակերպուած է: Գնորդները պէտք է կնոջ մը համար 1-3 թրքական ոսկի վճարէին` կախուած տարիքէն եւ գեղեցկութենէն: Այդ արիւնալի ծրագիրը նախաձեռնողները հարստացան` կաշառք ստանալով եւ բռնագրաւելով զոհերուն գոյքը, բայց յանցագործներէն ոչ ոք արդարադատութեան կողմէ հետապնդուեցաւ:
Հեղինակը յօդուածը եզրափակած է հետեւեալ պարբերութեամբ.
«Թրքական իշխանութիւնները ոչ միայն կը ժխտեն Հայոց ցեղասպանութիւնը, այլեւ հպարտութեամբ դպրոցներ, շրջաններ, փողոցներ ու հանրային պարտէզներ կը կոչեն անուններովը այն մարդոց, որոնք ծրագրած կամ անմիջականօրէն իրականութիւն դարձուցած են այդ զազրելի յանցագործութիւնը»:
Արեւմտեան Ու Արեւելեան Հայաստանը`
Թուրք Լուսանկարիչին Աչքերով. «Ակօս»

Պոլսոյ հայկական պարբերականներէն «Ակօս»-ը զրուցած է թուրք լուսանկարիչ Ումութ Վետաթի հետ, որ շրջագայած է Արեւմտեան եւ Արեւելեան Հայաստանի մէջ եւ ինքն իրեն բացայայտած` հայերն ու անոնցմէ մնացած ժառանգութիւնը:
Թուրք լուսանկարիչը պատմած է, որ Արեւմտեան Հայաստանի տարածքին քանդուած կամ որպէս ախոռ օգտագործուող եկեղեցիներու եւ այլ պատմական յուշակոթողներու իր լուսանկարները ցուցահանդէսի տեսքով ներկայացնելէ ետք բազմաթիւ մարդոց արձագանգը հետեւեալը եղած է. «Այո՛, գիտէինք, որ նման բան կայ, բայց այս աստիճան չէինք պատկերացներ»:
Ըստ Վետաթին, հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացման ճամբուն վրայ ամենամեծ արգելքը Թուրքիայէն ու այդ երկրի հասարակութենէն եկող «ես»-ի զգացումն է: «Պէտք է մէկ կողմ դնել այդ «ես գիտեմ»-ը: Այս պահուն բաւական ներփակ վիճակի հասած ենք», կ՛ըսէ լուսանկարիչը:
Վետաթ այժմ կ՛ապրի Թիֆլիսի մէջ, աշխուժ հաղորդակցութիւններ հաստատած է վիրահայերու հետ, որոնց հիման վրայ նոր շարժապատկեր պատրաստած է:
«Ժամանակին հայերը կը կազմէին Թիֆլիսի բնակչութեան 70 առ հարիւրը, հիմա` հազիւ 5 առ հարիւրը: Ասիկա նիւթ մըն է, որուն մասին ոչ ոք կը խօսի: Անշուշտ այստեղի ձուլման քաղաքականութիւնը այդքան ալ ուժեղ չէ, որքան` Թուրքիոյ մէջ: Շարժապատկերս աւելի ոչ թէ ատոր, այլ հայերուն` Թիֆլիսի վրայ ունեցած մշակութային հզօր ազդեցութեան մասին է», կը պատմէ Վետաթը:
Խօսելով Հայաստան իր այցելութեան մասին` թուրք լուսանկարիչը կը պատմէ, որ Հայաստանի մէջ անցուցած ժամանակը օգնած է լեցնելու կեանքին մէջ ունեցած շարք մը բացթողումներէն յառաջացած դատարկութիւնն ու հասկնալու, որ Ցեղասպանութեան մասին մինչ այդ իրենց սորվածն ու լսածը բոլորովին այլ է: Եւ հակառակ իր շրջապատէն եկող ոչ այնքան դրական արձագանգներուն` Վետաթ քանի մը ամիս ալ Հայաստան ապրած է, ինչպէս վճռած էր:
Աշխարհի 8-րդ Հրաշալիք
Նեմրութի Հայ Հեթանոսական Մեծ Սրբավայրը
Վէճի Առարկայ` Թուրքիոյ Մէջ

Հայկական լեռնաշխարհին մէջ գտնուող փոքր Նեմրութ լերան (Մեծ Նեմրութը կը գտնուի Վանայ լիճի արեւմտեան կողմը, 3050 մեթր) վրայ գտնուող հայ հեթանոսական աստուածներու յուշարձանախումբը կը շարունակէ մնալ Թուրքիա այցելող զբօսաշրջիկներու հետաքրքրութեան ծիրին մէջ:
Սակայն թէ՛ ցուցանակներուն, թէ՛ զբօսավայրերու մասին հրատարակութիւններուն մէջ բոլորովին կը բացակայի «հայ» անունը` շեշտուելով միայն յունական աստուածներու անունները:
Հայկական Երուանդունիներու թագաւորութեան կրտսեր ճիւղի` Կոմմակէնէի կամ Կամախի արքայ Անտիոքոս Ա.-ի, որ Քրիստոսէ առաջ 70 թուականին հայոց արքայ Տիգրան Մեծի կողմէ թագադրուած էր Տիգրանեան թագով, 2150 մեթր բարձրութիւն ունեցող Նեմրութ լերան վրայ իր դամբարանը կառուցած էր` շրջակայքին մէջ տեղադրելով հեթանոսական աստուածներ եւ իր արձանը:

Անունը յարաբերաբար արդի ժամանակներէն է, որ կու գայ միջին դարերէն: Հայկական առասպելին մէջ Հայկ յաղթած է աստուածաշնչային թագաւոր Նեմրութի (կը հաւասարեցուի Բելի) եւ զայն թաղած է այս լեռներուն վրայ:
Բռնագրաւող արաբները իրենց հանդիպած բազմաթիւ հին աւերակներու, ներառեալ` ասորական հռչակաւոր մայրաքաղաքին, տուած են Նեմրութ անունը:
Նեմրութ լերան գագաթին կը գտնուի Անտիոքոս Ա.-ի դամբարանը, որ 50 մեթր բարձրութեամբ բլրաձեւ աւազաթումբ մըն է, որուն մէջ, ըստ պնդումներու, թաղուած է Անտիոքոս: Աւազաթումբերու արեւելեան եւ արեւմտեան կողմին մէջ Անտիոքոս Ա.-ի կողմէ տեղադրուած են` Արամազդի, Անահիտի, Միհրի, Տիրի եւ Վահագնի 9 մեթր բարձրութեամբ արձանները: Այս արձանները ժամանակին նստած էին, իսկ իւրաքանչիւրին վրայ փորագրուած էր աստուծոյ անունը: Արձաններու գլուխները հանգրուանի մը անջատուած են իրենց մարմիններէն եւ այժմ տարածուած` ամբողջ շրջանին մէջ:
Գլուխներուն (յատկապէս քիթերուն) պատճառուած վնասներուն ձեւը կը թելադրէ, որ ատոնց միտումնաւոր վնաս հասցուած է` իբրեւ բարբարոսութիւն եւ պատկերաքանդում: Արձանները չեն վերահաստատուած իրենց սկզբնական դիրքերուն վրայ: Նոյն արձանները եւ նախկինները նոյնպէս յայտնաբերուած են ամբողջ շրջանի գերեզմանաթումբին վրայ, որ շուրջ 50 մեթր երկարութիւն եւ 152 մեթր տրամագիծ ունի:
Հաւանական է, որ գերեզմանաթումբը կառուցուած է աւազակներէ պաշտպանելու համար շիրիմ մը, որովհետեւ որեւէ պեղում անմիջապէս պիտի լեցուէր ժայռի բեկորներով: Արձանները ունին յունական ոճի դէմքի իւրայատկութիւնները, բայց` հայկական հագուստ եւ մազերու ոճ:
Անտիոքոս, բացի իր եւ աստուածներու արձաններէն, այնտեղ տեղադրած է նաեւ թագաւորութեան խորհրդանիշ առիւծի եւ արծիւի արձանները, որոնց մօտ կը գտնուին Անտիոքոսի նախնիներու պատկերները` քանդակուած ժայռաբեկորներու մէջ:

ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ ներառուած Նեմրութ լերան դամբարանաբլուրը մեծ վէճի առարկայ դարձած է Թուրքիոյ Ատըեաման եւ Մալաթիա նահանգներու միջեւ: Նեմրութ լեռը կը գտնուի Ատըեաման նահանգի տարածքին, սակայն Մալաթիոյ նահանգապետարանը կը պնդէ, որ լերան վրայ կը գտնուին յուշարձաններ, որոնք կը մտնեն Մալաթիոյ նահանգին մէջ:
Տարիներ տեւող այս վէճը տակաւին վերջնական լուծում չէ ստացած: Ատըեամանի նահանգապետարանը բազմաթիւ բողոքներ ներկայացուցած է` զգուշացնելով Մալաթիոյ նահանգապետարանը` Նեմրութ լերան աստուածներու պատկերները չօգտագործել իբրեւ Մալաթիոյ խորհրդանիշ: Այս վէճին պատճառն այն է, որ Նեմրութ այցելող զբօսաշրջիկները մեծ գումարներ կը ծախսեն, ուրեմն ամէն նահանգ կ՛աշխատի զբօսաշրջիկները իր նահանգի միջոցով ճամբել դէպի Նեմրութ:
Լերան վրայ տիրող անբարենպաստ եղանակային պայմանները` ուժեղ քամիները եւ սաստիկ սառնամանիքները մեծ վնաս կը պատճառեն յուշարձաններուն: «Մեր քունը փախած է այն միտքէն, որ յանկարծ այդ արձանները կրնան վնասուիլ: Իմ ձեռքս ըլլար` վերմակս այդ արձաններուն վրայ կը նետէի», առիթով մը ըսած էր Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Էրթուղրուլ Կիւնայը` շեշտելով, որ իրենք զանազան առաջարկներ ստացած են ` արձաններու պահպանման կապուած:
Ըստ նախարարին, որոշ մասնագէտներ կ՛առաջարկեն արձանները պատել քիմիական նիւթերով, որոնք կ’ապահովեն արձաններու ամրութիւնը, ինչպէս նաեւ արձաններու շուրջ ապակիէ պատ կառուցել կամ վրան տեղադրել:
«Ձմրան լերան վրայ ուժեղ քամի կ’ըլլայ եւ ատոր չեն դիմանար թէ՛ վրանը, թէ՛ ապակիէ պատերը: Իսկ ամուր ապակիէ պատեր կառուցելու համար անհրաժեշտ է հիմքեր փորել, սակայն այս ձեւով աւելի վնաս կը պատճառենք արձաններուն: Ատոր համար ալ կը մտածենք, որ ամէնէն յարմար տարբերակը այն է, որ արձանները ուղղաթիռով տեղափոխուին 800 մեթր վար գտնուող Քահթայի թանգարաններէն մէկը», նշած էր Էրթուղրուլ Կիւնայ:


