Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սումկայիթի Ջարդերու Զոհերուն Յիշատակը Ոգեկոչուեցաւ Ստեփանակերտի Մէջ

Մարտ 1, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սումկայիթի ջարդերու 29-րդ տարելիցին առիթով Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան 28 փետրուարին Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանին եւ հանրապետութեան բարձրաստիճան ղեկավարութեան ընկերակցութեամբ այցելած է Ստեփանակերտի յուշահամալիր եւ ծաղիկներ զետեղած է 1988 թուականին Սումկայիթի կոտորածներուն զոհ գացած անմեղ հերոսներուն յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին առջեւ:

Սումկայիթի Զոհերու Յիշատակի Ոգեկոչում`
Բերձորի Մէջ

28 փետրուարին սումկայիթեան զոհերուն ոգեկոչման, անոնց հոգիներուն հանգստութեան համար աղօթքի օր է: Առ այդ, Քաշաթաղի շրջակայքը գտնուող Բերձորի մէջ ոգեկոչման արարողութիւն կատարուեցաւ: Ս. Համբարձման եկեղեցւոյ բակին մէջ զետեղուած Հայոց եղեռնի 90-ամեակին նուիրուած խաչքար յուշակոթողին կողքին առաւօտեան ծաղիկներ զետեղուեցան: Արարողութեան ներկայ էին շրջանային վարչակազմի, քաղաքին մէջ գտնուող այլ կառոյցներու ղեկավարներ, աշխատակիցներ, դպրոցներու ուսուցիչներ, հիւրեր եւ տեղացի բնակիչներ: Շրջանային վարչակազմի փոխղեկավար Արտուշ Մխիթարեան, խօսելով տեղի ունեցած ոճրագործութեան մասին, նշեց, որ ատիկա տեղի ունեցաւ Խորհրդային Միութեան մէջ, ինքզինք անմեղ նկատող Եւրոպային աչքին առջեւ: Ան նաեւ աւելցուց. «Ի պատիւ մեր ժողովուրդին` կրցանք դիմակայել սումկայիթեան ողբերգութիւնը, նաեւ յաջորդող փորձութիւնները: Կրցանք համախմբուիլ, բռունցք դառնալ եւ այդպիսով մեր հայրենակիցներուն վրէժը լուծել»:

Մխիթարեան նշեց նաեւ, որ թուրքը այսօր կրկին կը փորձէ իր եղեռնական ծրագիրը իրականացնել, սակայն միշտ իր դիմաց կը գտնէ սահմանը պաշտպանող 18-20 տարեկան երիտասարդ հերոսները եւ զոհեր տալով կը նահանջէ. վկայ` վերջին օրերու իրադարձութիւնները: Հետեւաբար ունինք մէկ միջոց` պահպանել հզօր երկիր, ապաւինիլ մեր բանակին եւ պէտք եղած պարագային, ինչպէս անցեալ տարուան ապրիլին, նոյն բանակի զինուոր ըլլալ եւ որեւէ պարագայի աջակցութիւն ցուցաբերել: Ապա ան փառք տուաւ բոլոր նահատակներուն: Իսկ արարողութենէն ետք ներկաները Ս. Համբարձման եկեղեցւոյ կամարներուն տակ մոմեր վառեցին` ի յիշատակ անմեղ նահատակներու հոգիներուն:

Կարէն Միրզոյեան. «Մարդոց Իրաւունքն Ու Ճակատագիրը
Անտեսող Կարգաւորումը Մերժելի Է»

Ստեփանակերտի յուշահամալիրին մէջ սումկայիթեան անմեղ զոհերուն յիշատակին յարգանքի տուրք մատուցելէ ետք, Արցախի արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան անընդունելի նկատած է այն, որ մարդկային ողբերգութիւններ ու սպանդներ քաղաքական շահարկումի առարկայ դառնան: «Ասիկա լիովին մերժելի է, դէմ է մարդկային բանականութեան եւ խղճին. մենք պիտի շարունակենք խօսիլ սումկայիթեան ցեղասպանութեան, Ազրպէյճանի հայաշատ շրջաններուն մէջ գործադրուած ցեղային մաքրագործումներու եւ այլ ոճիրներու մասին, որովհետեւ անոնց անպատիժ մնալը յղի է նոր վտանգներով ու պարարտ հող կը հանդիսանայ նոր սպանդներու», ըսած է նախարարը:

Կ. Միրզոյեան նաեւ անդրադարձած է գաղթականներու հարցին` շեշտելով, որ միջազգային հանրութիւնը պէտք է յատուկ ուշադրութիւն դարձնէ այս հարցին, որուն լուծման մէջ անպայման պէտք է նկատի առնել մարդոց իրաւունքներն ու ճակատագիրը:

Ան նաեւ կոչ ուղղեց ճշմարտութիւնը տարածելու, դադրելու անհասցէ կոչեր ուղղելէ, որովհետեւ անոնք ճամբայ կը հարթեն կացութեան յաւելեալ լարուածութեան:

Հայաստանի Խորհրդարանը Մէկ Վայրկեան Լռութեամբ
Յարգեց Սումկայիթի Կոտորածներու Զոհերուն Յիշատակը

Հայաստանի Ազգային ժողովին պատգամաւորները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգած են Սումկայիթի կոտորածներու զոհերուն յիշատակը: Ազգային ժողովի նիստին սկիզբը Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան յիշեցուց, որ 28 փետրուարը Ազրպէյճանի մէջ կազմակերպուած կոտորածներու զոհերուն յիշատակի եւ բռնագաղթած հայ բնակչութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան օրն է:

«27-29 փետրուար 1988-ին ազրպէյճանական խորհրդային հանրապետութեան Սումկայիթ քաղաքին մէջ երկրին իշխանութիւններուն կողմէ պետական մակարդակով կազմակերպուած է քաղաքի հայ բնակչութեան եղեռն եւ զանգուածային տեղահանութիւն: Այդ ողբերգական իրադարձութիւնները, որոնց զոհ գացին բազմաթիւ հայրենակիցներ, մէկ անգամ եւս ցոյց կու տայ Ազրպէյճանի իսկական դէմքը եւ կը փաստէ, որ ցեղասպանութիւնները կրնան կրկնուիլ, այնքան ատեն որ աշխարհը չի դատապարտեր նախապէս նման ոճրագործութիւններ կատարողները:

«Յարգելի՛ գործընկերներ, կը խնդրեմ, մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգենք ազգային խտրականութեան եւ թշնամանքին իբրեւ հետեւանք զոհ գացած մեր բոլոր հայրենակիցներուն յիշատակը», նշեց Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահը:

Պատգամաւորները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին Սումկայիթի կոտորածներուն զոհուած հայորդիներուն յիշատակը:

Արցախի Ազգային Ժողովի Յայտարարութիւնը`
Սումկայիթի Մէջ Հայոց Զանգուածային Ջարդերուն 29-Ամեակին Առիթով

Արցախի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբը յայտարարութիւն մը տարածած է Սումկայիթի հայ բնակչութեան զանգուածային ջարդերուն 29-ամեակին առիթով:

Ստորեւ կու տանք յայտարարութիւնը ամբողջութեամբ արեւմտահայերէնի վերածուած:

«27-29 փետրուար 1988-ի Ազրպէյճանական Խորհրդային հանրապետութեան Սումկայիթ քաղաքին մէջ ազրպէյճանական իշխանութիւններուն կողմէ հայ բնակչութեան դէմ նախապէս ծրագրուած եւ կազմակերպուած զանգուածային ջարդեր իրականացած են: Օգտուելով ամենաթողութեան մթնոլորտէն եւ ի գործ դնելով դաժանութեան բոլոր կարելի գործիքները` ջարդարարները անողոքաբար սպաննած ու խոշտանգած են քանի մը տասնեակ հայեր, իսկ քաղաքը իրենց ձեռքերով կառուցած աւելի քան 20.000 հայ անձեր բռնութիւններու եւ թալանի ենթարկած են:

Սումկայիթի մէջ Ազրպէյճանին կողմէ իրականացուած սոսկալի կոտորածը 20-րդ դարու սկիզբները հայութիւնը իր իսկ հայրենիքին մէջ ոչնչացնելու թրքական քաղաքականութեան շարունակութիւնն էր` այս անգամ իբրեւ պատասխան Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի մարզային խորհուրդի 20 փետրուար 1988 թուականի որոշումին` մարզը Ազրպէյճանի խորհրդային հանրապետութեան կազմէն Հայաստանի Խորհրդային Հանրապետութեան կազմ տեղափոխելուն վերաբերեալ:

Օգտուելով Խորհրդային Միութեան ղեկավարութեան անտարբերութենէն եւ փորձելով խոչընդոտել Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի իրականացումը` Ազրպէյճան շարունակած է իր հայատեաց քաղաքականութիւնը` ցեղասպանութեան ալիքը ընդլայնելով նաեւ Ազրպէյճանական խորհրդային հանրապետութեան այլ հայաշատ բնակավայրերուն մէջ, մասնաւորապէս նոյեմբեր 1988-ին` Կիրովապատի եւ յունուար 1990-ին` Պաքուի մէջ:

Քաղաքակիրթ աշխարհը այսօր ալ կը լռէ` այդ վայրագութիւններուն առանց համարժէք գնահատական տալու: Աւելի՛ն, օգտուելով միջազգային հանրութեան կրաւորական կեցուածքէն` Ազրպէյճանի բռնատիրական ղեկավարութիւնը հետեւողականօրէն կը շարունակէ իրականացնել հայատեացութեան քաղաքականութիւն, որուն ակներեւ հետեւանքներն են ապրիլ 2016-ին Արցախի ժողովուրդին նկատմամբ Ազրպէյճանի սանձազերծած զինուորական գործողութիւնները, անոնց ընթացքին իրականացուցած միջազգային իրաւունքի կանոններու կոպտագոյն խախտումները եւ քաղաքացիական բնակչութեան նկատմամբ կիրարկուած խոշտանգումները:

Կողմերուն միջեւ հաւասարութեան նշան դնելու առումով միջազգային հանրութեան որդեգրած վարքագիծը այս օրերուն եւս ազրպէյճանական կողմին հրադադարի դրութիւնը պարբերաբար խախտելու եւ ղարաբաղեան-ազրպէյճանական սահմանին վրայ զինուորական սադրանքներ հրահրելու առիթ կու տայ:

Յարգելով Սումկայիթի ջարդերուն եւ բռնի տեղահանութեան զոհ գացած անմեղ հայերուն յիշատակը, պահանջատէր ըլլալով անոնցմէ խլուած իրաւունքներուն վերականգնման եւ դատապարտելով այլատեացութեան, ծայրայեղութեան եւ ահաբեկչութեան որեւէ դրսեւորում` Արցախի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբ.

– Կը պնդէ, որ Սումկայիթի ջարդերը լրիւ կը համապատասխանեն ՄԱԿ-ի 1948 թուականի «Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխելու եւ պատժելու մասին» ուխտով սահմանուած ցեղասպանութեան յանցագործութեան իրաւական ձեւակերպման,

– Կը վերահաստատէ Արցախի Ազգային ժողովի վճռականութիւնը` վարելու հետեւողական քաղաքականութիւն ազրպէյճանահայութեան ցեղասպանութեան կազմակերպողները եւ իրականացնողները միջազգային իրաւունքի կանոններուն համաձայն պատասխանատուութեան ենթարկելու ուղղութեամբ,

– Կոչ կ՛ուղղէ միջազգային հանրութեան եւ բոլոր երկիրներու խորհրդարանական կառոյցներուն դատապարտելու Սումկայիթի հայ բնակչութեան զանգուածային ջարդերը` անոնց տալով պատշաճ իրաւական գնահատական»:

 

Նախորդը

Հոլանտահայերը Լա Հէյի Մէջ Ազրպէյճանի Դեսպանատան Դիմաց Ցոյց Կատարած Են Եւ Նամակ Յանձնած Հոլանտայի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան

Յաջորդը

Նախագահ Սարգսեան. «Անհամբեր Կը Սպասենք Շրջանին Մէջ Խաղաղութեան Հաստատման»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Պէյրութը Բոլոր Համայնքներուն Մայրաքաղաքն Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Պէյրութը Բոլոր Համայնքներուն Մայրաքաղաքն Է

Մայիս 14, 2025
ՀՅԴ-ի Այնճարի Քաղաքապետական Խորհուրդի  Առաջադրած Ցանկը Ընտրուած Է` Մրցակիցի  Չգոյութեան Բերումով
Գաղութային

ՀՅԴ-ի Այնճարի Քաղաքապետական Խորհուրդի Առաջադրած Ցանկը Ընտրուած Է` Մրցակիցի Չգոյութեան Բերումով

Մայիս 14, 2025
«Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանը Կը Դիտարկէ  Իբրեւ Վստահելի Եւ Արժանահաւատ Գործընկեր»  Կ՛ըսէ Եւրոպական Յանձնաժողովի Ներկայացուցիչը
Հայկական

«Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանը Կը Դիտարկէ Իբրեւ Վստահելի Եւ Արժանահաւատ Գործընկեր» Կ՛ըսէ Եւրոպական Յանձնաժողովի Ներկայացուցիչը

Մայիս 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?