Հոլանտահայ համագործակցող կազմակերպութիւնները` Հոլանտահայ կազմակերպութիւններու դաշնակցութիւնն ու Հոլանտայի Հայ դատի յանձնախումբը, մեծ ցոյց կազմակերպած են Լա Հէյի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատան առջեւ` յիշատակելով 1988-ի Սումկայիթի եւ ազրպէյճանական այլ քաղաքներու մէջ գործուած ջարդերուն զոհերը:
Հոլանտահայ համագործակցող կազմակերպութիւններէն «Արմէնփրես»-ին յայտնած են, որ արդէն աւանդութիւն դարձած այս ցոյցը 27 փետրուարին դարձեալ կատարուած է: Հակառակ եղանակային անբարենպաստ պայմաններուն, բազմաթիւ հայորդիներ Ազրպէյճանի հայատեաց քաղաքականութեան դէմ բողոքի հզօր ալիք բարձրացուցած են:
Նշեալ կազմակերպութիւններուն պատուիրակութիւնը Հոլանտայի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ հանդիպում մը ունեցած է նախարարութեան եւրոպական երկիրներու բաժանմունքի փոխտնօրէն Ատրիան Փալմի հետ: Պատուիրակութիւնը անոր յանձնած է Հոլանտահայ համագործակցող կազմակերպութիւններու նամակը` ուղղուած Հոլանտայի արտաքին գործոց նախարար Քունտերսի:
Հանդիպումի ընթացքին տեղի ունեցած է բովանդակալից զրոյց, որուն ընթացքին քննարկուած են բազմաթիւ կարեւոր հարցեր, եւ հոլանտահայերը իրենց մտահոգութիւնը յայտնած են Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակին վերաբերեալ:
Նամակին մէջ նշուած է, որ Հոլանտայի կառավարութիւնը պէտք է իր ներդրումը ունենայ պատերազմը կանխարգիլելու գործին մէջ եւ պէտք է ջանք չխնայէ` սեփական կամ Եւրոպական Միութեան մակարդակով տագնապին քաղաքական եւ խաղաղ լուծման հասնելու համար: Մասնաւորաբար շեշտուած է այն հանգամանքը, որ Հոլանտայի կառավարութիւնը ամէն ջանք պէտք է ներդրէ արդի իրավիճակի արդարացի գնահատման համար, որովհետեւ հանգուցալուծման ամէն մէկ փորձ կապուած է զինադուլին հետ, որ այսօր կը խախտուի Ազրպէյճանի կողմէ, բայց որուն գնահատականը միջազգային հասարակութիւնը տակաւին չէ տուած: Նամակին մէջ շեշտուած է, որ պէտք է հրապարակաւ դատապարտել (շարունակել դատապարտել) ազրպէյճանական նախայարձակումը եւ բացայայտ ցեղապաշտութեան դրսեւորումները Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին դէմ:
Հոլանտացի դիւանագէտը խօսած է իր երկրին` այս հարցին մէջ քաղաքականութիւն վարելու սահմանափակումներուն մասին, միաժամանակ յոյս յայտնած, որ իր կարելին պիտի ընէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին աջակցելու համար: Պատուիրակութիւնը նաեւ հարց բարձրացուցած է պլոկըր Լափշինը Ազրպէյճանին արտայանձնելու առնչութեամբ Հոլանտայի դիրքորոշումին մասին:
Նշուած է, որ վերջերս Ազրպէյճան պահանջած է Եւրոպական խորհրդարանի երեք երեսփոխաններու արտայանձնումը. ի՞նչ դիրքորոշում պիտի ունենայ Հոլանտան, եթէ Ազրպէյճան պահանջէ արտայանձնել հոլանտացիները:
Հոլանտահայութեան ցոյցը սկսած է «Խաղաղութեան պալատ»-ին մօտէն: Հզօր վանկարկումներով ցուցարարները անցած են Լա Հէյի փողոցներէն եւ հասած Ազրպէյճանի դեսպանատուն, ուր կոչերը աւելի ուժեղացած են: Ուժեղ անձրեւն ու քամին ոչ մէկ պահ խանգարած են, որ հաւաքը շարունակուի մօտաւորապէս մէկ ժամ:
Հոլանտահայութիւնը անգամ մը եւս ապացուցած է, որ հակառակ հազարաւոր քիլոմեթրներով հայրենիքէն հեռու ըլլալուն, կանգնած է հայրենիքը պաշտպանող հայ զինուորին կողքին: