Հայաստանի մէջ արդէն սկսած է այնպիսի քաղաքական համակարգի ձեւաւորում, ուր ազդեցիկ դերակատարները պիտի ըլլան ոչ թէ անձերը, այլ քաղաքական ուժերը, քաղաքական հաստատութիւնները, երէկ յայտարարած է նախագահ Սերժ Սարգսեան «Քարնեկի» հիմնադրամի Պրիւքսէլի գրասենեակ այցելութեան ընթացքին:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան ըսած է, որ Հայաստան իր փոփոխուած սահմանադրութեամբ համարձակ քայլ կատարեց` ուղղուած մէկ կողմէ` իշխանութեան ապակենտրոնացման, միւս կողմէ` այնպիսի սահմանադրական համակարգի ձեւաւորման, որ կ՛ապահովէ յետխորհրդային արատաւոր երեւոյթներու վերացումը, կը նուազեցնէ փտածութեան վտանգները եւ լաւագոյն պայմաններ կ՛ապահովէ` երկիրը կայուն զարգացման ուղիով առաջնորդելու համար:
Յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին, ըստ նախագահ Սարգսեանի, Հայաստանի քաղաքական համակարգը պիտի անցնի լուրջ քննութենէ: Նախագահը իր խօսքին մէջ ըսած է. «Մեր սահմանած նշաձողը բարձր է. կազմակերպել ժողովրդավարական, ազատ, արդար եւ թափանցիկ ընտրութիւններ: Վստահ եմ` իրականութիւն կը դարձնենք մեր այդ նպատակը, եւ ընտրութիւններու մթնոլորտն ու ընտրական գործընթացի արդիւնքները կը հաստատեն մեր մօտեցումներուն ճշմարտացիութիւնը: Սահմանադրական բարեփոխումները նախաձեռնելու ընթացքին մեր գլխաւոր նպատակը ուղղակի խորհրդարանական համակարգի ներդրումը չէր, այլ ժողովրդավարական հաստատութիւններու հետագայ ամրապնդումը` իշխանութեան ապակեդրոնացման եւ ամբողջութեամբ համամասնական ընտրակարգի անցնելու միջոցով: Կը կարծենք` այդ տեսանկիւնէն Հայաստանը կրնայ ուսանելի օրինակ ծառայել թէ՛ յետխորհրդային, թէ՛ շրջանային շատ երկիրներու համար:
Ապրիլ 2016-ին Ազրպէյճանի սանձազերծած քառօրեայ զինուորական արկածախնդրութիւնը Պաքուի երկարամեայ ռազմատենչ քաղաքականութեան եւ քարոզչութեան կենսագործումն էր: Անիկա լուրջ վնաս հասցուց տագնապի լուծման գործընթացին: Ազրպէյճանի յարձակումը կրկին ապացուցեց, որ Արցախի ժողովուրդին պայքարը սեփական հողի վրայ անվտանգ գոյութեան ու ազատութեան համար այլընտրանք չէ ունեցած ու այսօր ալ չունի: Սա կարծիք չէ, այլ Ազրպէյճանի վարած քաղաքականութեան արդիւնքով ստեղծուած եւ մեզի պարտադրուած իրականութիւն:
Ահաւասիկ, ապրիլեան պատերազմէն ետք Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի հանդիպումներուն ձեռք բերուեցան յստակ պայմանաւորուածութիւններ 1994-1995 թուականներու զինադադարի եռակողմանի անժամկէտ համաձայնագիրներու իրականացման, ինչպէս նաեւ տագնապի գօտիին մէջ այդ կարգի խախտումներու հետաքննութեան մեքանիզմի ստեղծման վերաբերեալ: Սակայն Ազրպէյճան իր` արդէն սովորական դարձած վարքագիծին համաձայն շարունակաբար կը խուսափի այդ պայմանաւորուածութիւններուն իրականացումէն` յայտարարելով, որ անոնց իրագործումը իբրեւ թէ պիտի ամրապնդէ ձեւաւորուած գոյավիճակը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ:
Եթէ Ազրպէյճան իրապէս մտահոգուած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ գոյավիճակի փոփոխութեամբ, ապա միայն մէկ տարբերակ կայ փոխելու զայն` ատիկա Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչումն է:
Ակնյայտօրէն Պաքուն ղարաբաղեան տագնապը կ՛օգտագործէ իր ներքին հարցերուն` ընկերային-տնտեսական ահագնացող խնդիրներուն եւ մարդու իրաւունքներու կոպտագոյն ոտնահարումներուն դէմ աճող դժգոհութենէն հասարակութեան ուշադրութիւնը շեղելու նպատակով:
Ե՛ւ Արցախը, ե՛ւ Հայաստանը սկզբունքօրէն դէմ են ուժի կիրարկման եւ հանդէս կու գան հիմնահարցը օր առաջ խաղաղ բանակցային ճամբով լուծելու օգտին:
Ազրպէյճանի կողմէ զինուորական արկածախնդրութեան նոր փորձերը կրնան անկանխատեսելի հետեւանքներ ունենալ նոյնինքն իր` Ազրպէյճանի համար: Հայաստանը` իբրեւ Լեռնային Ղարաբաղի անվտանգութեան երաշխաւոր, բազմիցս յայտարարած է, որ պատրաստ է համարժէքօրէն արձագանգելու ուժի կիրարկման որեւէ փորձի:
Հակառակ Ազրպէյճանի շարունակական սպառնալիքներուն, Արցախի ժողովուրդը կը շարունակէ հաստատակամօրէն կերտել սեփական ապագան: 20 փետրուարին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ հանրաքուէի դրուեցաւ սահմանադրական փոփոխութիւններու ծրարը:
Արցախցին, ժողովրդավարական աշխարհի հետ հաւասար, իրաւունք ունի վայելելու համամարդկային բոլոր հիմնարար ազատութիւնները, շատ աւելի լաւ գիտէ ազատ ապրելու գինը, որուն համար ան վճարած է իր սեփական զաւակներու արեան գնով: Այսօր ալ Արցախը ժողովրդավարութիւն կը կառուցէ թշնամական կրակահերթերու տակ: Իսկ Ազրպէյճան ամէն ինչ կ՛ընէ ազատութեան այս ձայնը լռեցնելու համար, կոչ կ՛ուղղէ դատապարտելու ժողովրդավարական գործընթացը Արցախի մէջ: Մինչ Արցախը հաստատուն քայլեր կը կատարէ դէպի աւելի ամուր ժողովրդավարութիւն, անոր դրացի Ազրպէյճանը յատկապէս վերջին շրջանին հաստատուն քայլեր կը կատարէ դէպի ժառանգաբար փոխանցուող լիակատար բռնապետութիւն:
Այստեղ հաւաքուածներդ, ես կը տեսնեմ, յայտնի փորձագէտներ էք: Եթէ կայ կառավարման, ինքնակազմակերպման այլընտրանքային մեքանիզմ չճանչցուած միաւորներու համար, շնորհակալ կ՛ըլլամ, եթէ յուշէք: Դժուար է բացատրել արցախցի գործընկերներուն, թէ ինչո՛ւ ՄԱԿ-ի անդամ չհանդիսացող Քոսովոն կրնայ համագործակցիլ ԵԱՀԿ/ԺՀՄԳԺ-ի հետ եւ այդ կերպով ձեւաւորել իր կառավարման հիմնարկները, իսկ իրենք ատիկա ընել չեն կրնար:
Հայաստանը, թէեւ չէ ճանչցած Քոսովոյի անկախութիւնը, այնուամենայնիւ ԵԱՀԿ-ի պիւտճէն ֆինանսաւորելու միջոցով մասնակից է այդ գործընթացին: Վստահ եմ, որ միջազգային հանրութիւնը պէտք է աստիճանաբար սկսի նպաստելու Արցախի ժողովրդավարական գործընթացներուն` անկախ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կարգավիճակէն»:
Անդրադառնալով Սուրիոյ տագնապին` նախագահ Սերժ Սարգսեան ըսած է, որ տագնապի սկիզբէն մինչեւ այսօր Հայաստանի մէջ ապաստան գտած են շուրջ 20 հազար սուրիահայ գաղթականներ:
«Վստահաբար, ցաւով կ՛արտասանեմ այս բառը, քանի որ անոնք մեր ընկալման մԷջ գաղթականներ չեն: Անոնք մեր մէկ մասնիկն են, որոնք պատմական զարգացումներու բերումով ժամանակին փրկութիւն գտած են Սուրիոյ մէջ: Այսօր, ողբերգական աշխարհաքաղաքական անցքերու արդիւնքով անոնք ապաստանած են մեր քով: Սակայն մենք կը կատարենք աւելին: Հայաստանը պարբերաբար մարդասիրական օգնութիւն կ՛ուղարկէ Սուրիա. օգնութեամբ բեռնուած հերթական օդանաւը օրեր առաջ էջք կատարեց սուրիական հողին վրայ: Անիկա նախատեսուած է ո՛չ միայն մեր սուրիահայ հայրենակիցներուն համար, այլեւ բոլոր սուրիացիներուն` անկախ կրօնական պատկանելիութենէ: Ասիկա նուազագոյնն է, որ մենք կրնանք ընել` իբրեւ երախտագիտութիւն մեր բարեկամ Սուրիոյ ժողովուրդին, որ ժամանակին իր դռները բացաւ Ցեղասպանութիւնը վերապրած հայերուն դիմաց», ըսած է նախագահը:
Նախագահ Սարգսեան Բարձր Կը Գնահատէ Եւրոպական Միութեան
Հաւասարակշռուած Դիրքորոշումը
Աշխատանքային այցելութեամբ Պելճիքա գտնուող Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հանդիպում ունեցած է Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ժան-Քլոտ Եունքերի հետ:
Նախագահ Սարգսեան կարեւոր նկատած է նախօրէին Թուսքի հետ միասին Հայաստանի Հանրապետութիւն-Եւրոպական Միութիւն նոր շրջանակային համաձայնագիրին շուրջ աւելի քան մէկ տարի ընթացող բանակցային գործընթացի աւարտի մասին յայտարարութիւնը կատարելը:
Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի լրատուական վարչութեան փոխանցումով, նախագահ Սարգսեան, միաժամանակ, յոյս յայտնած է, որ Հայաստանի բարեփոխումներուն նկատմամբ Եւրոպական Միութեան աջակցութիւնը կ՛ըլլայ շարունակական` նշելով, որ ի լրումն ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն, յառաջիկային կողմերը աշխատանքներ պիտի տանին նաեւ Հայաստանի Հանրապետութիւն-Եւրոպական Միութիւն ներդրումներու ներգրաւման ուղղութեամբ:
«Նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Ժան-Քլոտ Եունքեր անդրադարձած են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին: Նախագահը բարձր գնահատած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հարցով Եւրոպական Միութեան հաւասարակշռուած դիրքորոշումը, որ համահունչ է տագնապի խաղաղ լուծման միջազգայնօրէն ճանչցուած միակ ձեւաչափի` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու ջանքերուն եւ ձեւակերպումներուն:
Հանդիպումին ընթացքին զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ տիրող իրավիճակին, այդ կարգին` սուրիական տագնապին շուրջ, անդրադարձած գաղթականներու հարցին եւ բազմաթիւ երկիրներու հետ միասին Հայաստանի կողմէ Սուրիոյ բարեկամ ժողովուրդին ու սուրիահայերուն ցուցաբերուող մարդասիրական օգնութեան»:
Նախագահ Սարգսեան Հանդիպում Ունեցած Է
Ֆետերիքա Մոկերինիի Հետ
Նախագահ Սերժ Սարգսեան Պրիւքսէլի մէջ հանդիպում ունեցած է Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ, Եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահ Ֆետերիքա Մոկերինիի հետ:
Հանդիպումին սկիզբը հանրապետութեան նախագահը գոհունակութեամբ ըսած է, որ Մոկերինիի հետ հերթական հանդիպումը տեղի կ՛ունենայ Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան յարաբերութիւններուն համար կարեւորագոյն պահուն, երբ մէկ օր առաջ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Տոնալտ Թուսքի հետ յայտարարուեցաւ նոր շրջանակային համաձայնագիրին շուրջ բանակցութիւններու աւարտի մասին: Նախագահ Սարգսեան յատկանշական նկատած է, որ տակաւին մէկ տարի առաջ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին կը քննարկէին Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն նոր իրաւական փաստաթուղթի շուրջ բանակցութիւններու ընթացքը, որուն մեկնարկը ժամանակին Մոկերինին անձամբ կատարած էր: Նախագահ Սարգսեան այդ ձեռքբերումը փոխադարձ յանձնառութեան եւ երկու կողմերու նուիրուած եւ լուրջ աշխատանքին արդիւնքը նկատած է:
Զրուցակիցները քննարկած են Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն եւ փոխադարձ գործակցութեան հետագայ զարգացման եւ ամրապնդման վերաբերող հարցեր: Նախագահը ընդգծած է, որ իրապէս կարելի է գոհունակութեամբ խօսիլ վերջին երկու տարիներու միացեալ ձեռքբերումներուն մասին:
Եւրոպական Միութեան բարձր ներկայացուցիչին հետ Հայաստանի նախագահի հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուած է Հայաստանի մէջ տարբեր մարզերու մէջ իրականացուող բարեփոխումներու ընթացքին, սահմանադրութեան փոփոխութիւններէն ետք իրականացուող լայնածաւալ աշխատանքներուն` ուղղուած երկրին մէջ ժողովրդավարական հաստատութիւններու հետագայ զարգացման եւ ամրապնդման, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն:
Նախագահը, ի պատասխան Մոկերինիի հարցումին, ներկայացուցած է խորհրդարանական ընտրութիւններու նախապատրաստական աշխատանքները եւ շնորհակալութիւն յայտնած է Եւրոպական Միութեան` ընտրութիւններու կազմակերպման համար տրամադրուած աջակցութեան համար:
Զրուցակիցները քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման գործընթացը, առկայ խնդիրներն ու մտահոգութիւնները: Նախագահը հանգամանօրէն ներկայացուցած է Ազրպէյճանի ապակառուցողական պահուածքն ու այդ երկրին կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի հետ շփման գիծի երկայնքին ու նաեւ Հայաստանի պետական սահմանին վրայ պարբերաբար հրահրուող սադրանքները, հրաժարումը Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարումէն, որոնք հարցականի տակ կը դնեն միջազգային հանրութեան` տագնապի խաղաղ լուծման ուղղուած երկարամեայ ջանքերը եւ ամբողջ բանակցային գործընթացը:
Նախագահ Սարգսեան Պարգեւատրած Է
Եւրոպական Խորհրդարանի Խումբ Մը Երեսփոխաններ
Նախագահ Սերժ Սարգսեան Պրիւքսէլի մէջ հանդիպում ունեցած է Եւրոպական խորհրդարանի խումբ մը երեսփոխաններու հետ: Հանրապետութեան նախագահը հանդիպումին առիթով շնորհաւորած եւ խորհրդարանականներուն յանձնած է Հայաստանի Հանրապետութեան պետական բարձր պարգեւները:
Մասնաւորապէս` Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ խորհրդարանական համագործակցութեան ընդլայնման գործին մէջ ներդրած նշանակալի աւանդին համար Եւրոպական խորհրդարանի փոխնախագահ, «Եւրանեսթ» խորհրդարանական վեհաժողովի փոխնախագահ Ռիշարտ Չարնեցքին պարգեւատրուած է Մխիթար Գոշի մետալով: Այս պարգեւին արժանացած են նաեւ Եւրոպական խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի եւ «Եւրանեսթ» խորհրդարանական վեհաժողովի պատուիրակութեան անդամներ Եացեք Սարիուս-Վոլսքին, Քնուտ Ֆլեքենշթէյնը, Եւրոպական խորհրդարանի անդամ, Եւրոպական խորհրդարանին մէջ Արցախի հետ բարեկամութեան խումբի ղեկավար Ֆրանք Էնկելը, Եւրոպական խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի անդամ, Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն խորհրդարանական համագործակցութեան յանձնախումբի անդամ, «Եւրանեսթ» խորհրդարանական վեհաժողովի պատուիրակութեան անդամ Եարոմիր Շթեթինան` Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործին մէջ ներդրած նշանակալի աւանդին համար, Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն խորհրդարանական համագործակցութեան յանձնախումբի անդամ, «Եւրանեսթ» խորհրդարանական վեհաժողովի համանախագահ Հէյտի Հաուտալան` Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ խորհրդարանական համագործակցութեան ամրապնդման, Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործին մէջ ներդրած նշանակալի աւանդին համար:
Մխիթար Գոշի մետալով պարգեւատրուած է նաեւ Եւրոպական խորհրդարանին մէջ Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան բարեկամութեան խումբի նախագահ Էլենի Թէոխարուսը, որ Հայաստանի պետական այդ բարձր պարգեւին արժանացած է հայ-կիպրական բարեկամական կապերու զարգացման, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ խորհրդարանական համագործակցութեան ընդլայնման գործին մէջ ներդրած նշանակալի աւանդին համար: Եւրոպական խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի անդամ Չարլզ Տաննոկը պարգեւատրուած է Երախտագիտութեան մետալով` Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործին մէջ ներդրած նշանակալի աւանդին համար: