Երէկ «Ազդակ» այցելեց եւ տնօրէնութեան հետ հանդիպում ունեցաւ պատմաբան փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան, որ յայտնի է իր կոթողային «Հայաստանի Հանրապետութիւնը» աշխատութեամբ:
Խօսակցութեան գլխաւոր առանցք հանդիսացաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին ընդառաջ ակադեմական նոր ուսումնասիրութիւններու եւ հրատարակութիւններու անհրաժեշտութիւնը