Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Մէջ Ցուցադրուեցաւ Ջիւան Աւետիսեանի «Վերջին Բնակիչը» Ժապաւէնը

Փետրուար 28, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ երէկ` երկուշաբթի, 27 փետրուար 2017-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Սիթի մոլի» «Սինեմա Սիթի» շարժապատկերի սրահին մէջ կատարուեցաւ Ջիւան Աւետիսեանի «Վերջին բնակիչը» ժապաւէնին ցուցադրութիւնը:

Հայաստանի եւ Լիբանանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Սագօ Գասապեան: Ան իր խօսքին մէջ դիտել տուաւ, թէ ինչպէ՛ս հայրենիքը ազատագրելու համար հայրենի երիտասարդութեան միացաւ սփիւռքահայ երիտասարդը, եւ միասնաբար անոնք կարգախօսը գործի վերածելով հասան զոհաբերութեան բագինին եւ յաջողեցան թշնամին դուրս շպրտել հայրենի հողէն: Ան ըսաւ, թէ հակառակ անցեալին տիրած զրկանքին, աննպաստ պայմաններուն, տեղահանութեան եւ ռմբակոծութեան, տիրական էր նաեւ մեր տղոց կամքը, քաջութիւնը, պահանջատիրական իսկական ոգին, հաւատքը եւ սէրը հայրենիքին նկատմամբ: Սագօ Գասապեան նշեց, թէ պատերազմի օրերուն զէնքը վառօդն է, որ մինչեւ այս պահը անհրաժեշտ է սահմանները պաշտպանող զինուորներուն, իսկ այդ զէնքին զուգահեռ «Վերջին բնակիչը» ժապաւէնը քարոզչական այն զէնքն է, որ շփոթի մատնած է թշնամի Ազրպէյճանի ղեկավարութիւնը, որ ընդունած է այս մարզին մէջ իր պարտութիւնը: Իր խօսքի աւարտին Սագօ Գասապեան յայտնեց, թէ ձեռնարկին հասոյթը պիտի տրամադրուի բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեանին, որպէսզի նման «զէնք»-եր պատրաստելու առաքելութիւնը շարունակէ:

Սագօ Գասապեան «Նիկոլ Աղբալեան» կոմիտէութեան կողմէ յուշանուէր մը յանձնեց Ջիւան Աւետիսեանին, որմէ ետք ժապաւէնի բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեան ողջունեց ներկաները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց գոհացնող ներկայութեան համար, «Նիկոլ Աղբալեան» կոմիտէին եւ բոլոր աջակիցներուն: Ան կարեւոր նկատեց Արցախի մասին պատմելու մեր կարողութիւնը ո՛չ միայն սփիւռքի եւ հայ իրականութեան մէջ, այլեւ օտարին` իր իսկ քաղաքին եւ ծննդավայրին մէջ: Ջիւան Աւետիսեան ըսաւ, որ  պէտք է կարենանք աշխարհին պատմել Արցախի մասին, որպէսզի ո՛չ միայն ճանչնայ մեր արուեստը, այլեւ խնդրակից ըլլայ մեզի, որովհետեւ ցաւալի է, որ մինչեւ օրս պատերազմը կ՛ընթանայ: «Մենք ժապաւէնի միջոցով կը փորձենք նեցուկ կանգնիլ առաջին գիծ կանգնած զինուորին», ըսաւ ան, եւ իր խօսքի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց լիբանանահայ բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանին եւ անոր 5 ուսանողներուն, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերած են ժապաւէնի պատրաստութեան աշխատանքներուն:

Սիրելի ծննդավայրէն պարտադրաբար հեռանալու ցաւը լռութեամբ շալկած ընտանիքի մը տեղահանութեան տեսարանով սկիզբ կ՛առնէ ժապաւէնը: Ազրպէյճանցիներուն կողմէ հայաթափուած գիւղին մէջ կը մնայ եօթանասուն տարեկան Աբգար անունով քարտաշ մը, որ կը յամառի մնալ գիւղ` փնտռելու համար իր աղջիկը` Եորկան, որ կը պարզուի, թէ ականատես ըլլալով Սումկայիթի ջարդերուն, իր ամուսինին` Արամին կրակներուն մէջ այրելուն, հոգեկան տագնապներու մէջ յայտնուած է: Մերթ բորբոքած, մերթ խաղաղ հոգեվիճակները շատ աւելի լռութեամբ կ՛ընկալուին դիտողին կողմէ, քան խօսքերով: Դերասանները լռութեամբ կը պատմեն, քան բառերով:

Ժապաւէնին ամէնէն ցնցող եւ ազդու պատկերը այն է, թէ ինչպէ՛ս երկու տարբեր ազգերու ներկայացուցիչներ թշնամի ըլլալով հանդերձ` միասին կը մտածեն, միասին կ՛ապրին ցաւը եւ կը ճգնին կեանք մը փրկել: Մարդկային ճակատագիրները ինչքա՛ն ալ խոշտանգումներ կրեն, ազդուին պատերազմի արհաւիրքէն, այնուամենանիւ կը շարունակեն իրենց կեանքը ապրիլ իբրեւ մարդ անկախ ազգի ու կրօնի իրենց պատկանելիութենէն: Ժապաւէնը դիտողին մէջ ամէնէն առաջ կ՛արթննայ կեանք մը փրկելու մարդկային ճիգը:

Խորապէս ազգային ըլլալով ժապաւէնը դուրս եկած է համամարդկային հարթակ` քննարկելով համամարդկային խնդիրներ: Բայց պէտք է ըսել նաեւ, որ համամարդկային արժէքներ ներկայացնող ժապաւէնը լաւագոյն ձեւով վեր կը հանէ իբրեւ մարդ հայու բոլոր յատկանիշները` խաղաղ, շինարար, ազնիւ, վեհ ու վերջապէս իրաւունքին տէր կանգնող ու մինչեւ վերջ ինքզինք խիզախ պահած հայու բոլոր տուեալները:

Նախորդը

Ջիւան Աւետիսեան Այցելեց «Ազդակ»

Յաջորդը

Անդրադարձ. Ջղագարութեան Փաստ Ու Կանխարգիլման Միջոց

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 15, 2025
Բագրատունի – Ռուսիոյ Դեսպան Հանդիպում
Գաղութային

Բագրատունի – Ռուսիոյ Դեսպան Հանդիպում

Յուլիս 15, 2025
Ազգային Միացեալ Վարժարանը Տուաւ «Աւանդապահ Եւ Ուխտապահ Սերունդ»-ի Իր Ութերորդ Հունձքը
Գաղութային

Ազգային Միացեալ Վարժարանը Տուաւ «Աւանդապահ Եւ Ուխտապահ Սերունդ»-ի Իր Ութերորդ Հունձքը

Յուլիս 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?