Հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի վարչութեան, կիրակի 16 նոյեմբեր 2025-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի 90-ամեակի պաշտօնական փակման հանդիսութիւնը, որ կը կրէր «Կամաւոր բանակի հաստատ քայլերով դէպի 100-ամեակ» կարգախօսը:
ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին կատարողութեամբ Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ «Յառա՛ջ նահատակ» քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքը արտասանեց օրուան հանդիսավար Մարալ Հարպոյեան: Ան դիտել տուաւ, որ տարիներ առաջ ծնունդ առած ՀՄԸՄ-ը իր առաքելութեան հաւատարիմ` շարունակեց իր երթն ու գործունէութիւնը` հակառակ տիրող ծանր պայմաններուն, նպատակ ունենալով կերտել տիպար հայ քաղաքացիներ, որոնք գիտակից են իրենց կոչումին ու պարտականութիւններուն: Ան շեշտեց, որ ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի իւրաքանչիւր անդամ քաջ կը գիտակցի` միասնական գործելու անհրաժեշտութեան, վստահութեան, անկեղծութեան, փոխադարձ հասկացողութեան, ծառայութեան կարեւորութեան, աւելցնելով, որ այս գրաւականներու հաւատքով է, որ մասնաճիւղը յառաջդիմած է յաջողութեամբ եւ հասած է մինչեւ 90-ամեակ` հարթելով իր ճամբուն վրայ ցցուած խոչընդոտները, իր քայլերը ուղղելով դէպի լաւն ու բարին, յոյս եւ ինքնավստահութիւն ներշնչելով կեանքին իմաստը նոր հասկնալ փորձող սերունդին:
Այնուհետեւ գեղարուեստական յայտագիրով սկաուտները ներկայացուցին երգեր, նուագ, պար, նաեւ ցուցադրուեցաւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի անցնող 90 տարուան գործունէութիւնը ներկայացնող տեսերիզ մը:
ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Ֆուատ Մուրատեան իր խօսքին մէջ դիտել տուաւ, որ պաշտօնական սոյն հանդիսութեամբ իր աւարտին կը հասնի մասնաճիւղի 90-ամեակի տօնակատարութիւններուն շարքը, սակայն երթը կը շարունակուի, որպէսզի նուիրումի ջահը, հաւատքի դրօշակը փոխանցենք 100-ամեակի սերունդին: Ան շեշտեց, որ ժամանակները կը փոխուին, դէմքերը կը փոխուին, բայց մասնաճիւղին եւ միութեան նպատակները չե՛ն փոխուիր, կը մնան նոյնը` հայ պատանին եւ երիտասարդը մոլութիւններէ եւ յոռի բարքերէ հեռու պահել, տիպար քաղաքացիներ եւ յանձնառու հայեր կերտել: Ան ըսաւ, որ 90 տարի մարզական եւ սկաուտական յաջողութիւններ արձանագրած է ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտը` դառնալով սփիւռքահայութեան բաբախող սրտին մայր երակը, աւելցնելով, որ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ իր անունը կերտած է շնորհիւ հազարաւոր միութենականներու եւ հարիւրաւոր նուիրեալներու, որոնք 90 տարիներու ընթացքին եկած, անցած եւ այս միութեան տուած են իրենց լաւագոյնը եւ առաւելագոյնը` ստեղծելով պատմութիւն հսկայական զոհաբերութիւններով, կերտելով վաստակ եւ ապահովելով հռչակ: Շատերը անոնցմէ հիմա մեզ հետ չեն այլեւս, բայց վստահաբար հոգիի աչքերով մեզ կը դիտեն եւ գոհունակութիւն կ՛ապրին, որ իրենց գործը շարունակողներ եւ զիրենք յիշողներ կան, նաեւ հիմա խիղճի հանգստութիւն մը կ՛ապրին անոնք` տեսնելով, թէ ինչպէ՛ս իրենց սիրելի մասնաճիւղը ամբողջ տարի մը 90-ամեակը նշեց` մարզական մրցաշարքերով, սկաուտական բանակումով, յուշեր եւ տպաւորութիւններ ներկայացնող տեսերիզներով, մասնաճիւղին պատմութիւնը ներկայացնող գիրքով եւ, տակաւին, իր վաստակաւորները մեծարելով: Մուրատեան թուեց իրագործուած յաջողութիւններ, նաեւ մասնաճիւղի կազմակերպած նախաձեռնութիւնները` նկատել տալով, որ այդ բոլորը կը կատարուին Լիբանանի եւ հայ կեանքի ամէնէն տագնապալի օրերուն, մարդուժի եւ նիւթականի մեծ դժուարութիւններու մէջ, առանց արժանավայել ակումբ եւ հաւաքավայր ունենալու, առանց մարզական դաշտ եւ նիւթականի մնայուն աղբիւր ունենալու: «Հրաշքի պէս բան մըն է, որ կը կատարուի այս մասնաճիւղին մէջ: Հրաշքին գաղտնիքը դուրսը մի՛ փնտռէք: Գաղտնիքը նե՛րսն է, անդամներու դաստիարակութեան եւ հաւատքին մէջն է, անոնց նուիրումին եւ զոհողութեան մէջն է: Հրաշքը կը կոչուի` ՀՄԸՄ-ական ոգի: Ուր որ ՀՄԸՄ-ական այդ ոգին կայ, հրա՛շքը կայ», եզրափակեց Ֆուատ Մուրատեան:
Օրուան պատգամը յղեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Վիգէն Աւագեան, որ կրկնակի տօն նկատեց այդ օրուան նշումը, որովհետեւ գեղեցիկ զուգադիպութեամբ մը 16 նոյեմբերը նաեւ ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան տարեդարձն է, իսկ Պուրճ Համուտի մասնաճիւղը նոյն օրը կը նշէ իր հիմնադրութեան 90-ամեակը: Ան դիտել տուաւ, որ թուանշանները այս պարագային ցուցանիշ են փորձառութեան եւ ոչ` ծերութեան, հասունութեան եւ ոչ` տկարութեան, որովհետեւ հոն, ուր մնայուն շարժում եւ նորութիւն կայ, հոն ծերութիւն չկայ: Այս հաստատումին ապացոյցը 90-ամեակի գեղատիպ գրքոյկն է, ուր ամենայն հարազատութեամբ կ՛երեւին մասնաճիւղին յաջորդական վարչութիւններուն եւ յանձնախումբերուն կատարած աշխատանքները: Աւագեան անդրադարձաւ մասնաճիւղի յաջողութիւններուն, անոր երդիքին տակ կազմաւորուած ՀՄԸՄ-ականներուն, որոնք բարձր դիրքերու տիրացած են, շքանշանակիրներ դարձած, համահայկական խաղերու մասնակցութիւն բերած, սփիւռքի տարածքին պատասխանատու դիրքերու նուաճած` հաստատելով, որ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի սկաուտական նուագախումբը սկսած է Պուրճ Համուտի մասնաճիւղով, ԼԵՎԱՄ-ի նախաքայլը հանդիսացող միջվարժարանային առաջին խաղերը եւս, 1963-ին, սկսած են նոյն մասնաճիւղով: «Տակաւին, շատ աւելին տուած է ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտը զինք ծնող միութեան եւ ժողովուրդին, անսակարկ ու անշահախնդիր կերպով, նուիրեալ եւ կամաւոր աշխատանքով», հաստատեց ան:
Վ. Աւագեան նկատել տուաւ, որ, թէեւ կարելի է երկար խօսիլ 90-ամեայ Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի անցեալին ու վաստակին մասին, բայց միշտ պէտք է նայիլ ներկային եւ ծրագրել ապագան, որպէսզի պատուաբեր անցեալին վրայ բան մըն ալ մե՛նք աւելցնենք, որպէսզի ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտը զօրանայ, իրմով ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի շրջանը ամրանայ, եւ Լիբանանի շրջանով միութեան համահայկական կառոյցը ամէն օր քիչ մը աւելի մեծնայ, զարգանայ եւ յառաջանայ:
Պատգամաբերը հաստատեց, որ Լիբանանի իր քոյր մասնաճիւղերուն նման, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ եւս կը դիմագրաւէ լուրջ դժուարութիւններ. հայութեան թիւի նօսրացում, տնտեսական սուր տագնապ, քաղաքական եւ ապահովական ցնցումներ, անորոշ ապագայի մտահոգութիւններ եւ ներազգային յուսախաբութիւններ: Ան նկատել տուաւ, որ դժուար է այսօր ՀՄԸՄ-ի գործը, բայց եւ այնպէս, ներքին ու արտաքին պայմանները միշտ ալ նպաստաւոր եղած չեն միութենական աշխատանքի համար, այնուամենայնիւ, միշտ ալ գտնուած են ՀՄԸՄ-ական հաւատքի ու գործի «խենթ»-եր, որոնք երթը շարունակած են ի գին մեծ զոհողութիւններու:
«Երբ արդի արհեստագիտութիւնը նոր սերունդը կը հեռացնէ ծնողական, ընկերային եւ ազգային իր շրջանակէն, երբ համաշխարհայնացած աշխարհը կը քանդէ ազգային ամէն արժէք, կառոյց եւ ըմբռնում, երբ մարդկային ազատութիւններու եւ իրաւունքներու անունով մէջտեղ կը նետուին ընկերային տեսակ-տեսակ այլանդակութիւններ, երբ նիւթապաշտ ու մեքենապաշտ աշխարհի կեղծ արժէքները նորահաս սերունդը կը պարպեն ոգիէ, երազէ եւ ձգտումէ ու երբ մոլութիւնները, յոռի բարքերը եւ այլասերումը կը թակեն մեր անմիջական մօտիկներուն դռները, ՀՄԸՄ իր մթնոլորտը իբրեւ շաղախ ունենալով` մասնիկները իրարու կը միացնէ, նորահաս սերունդի ներկայացուցիչները քով-քովի կը բերէ, բոլորին սիրտերը իրարու կը կապէ, կամքերը իրարու կը միացնէ, անհատականութիւնները հաւաքականութեան կը վերածէ», հաստատեց Վիգէն Աւագեան: Ան վկայեց, որ ՀՄԸՄ-ը անվերջ շարժում կը ստեղծէ, կեանք եւ աշխուժութիւն սփռող» լաւատեսութիւն եւ յոյս ներշնչող, հայացնող շարժում կը յառաջացնէ, յաղթե՛լ կը սորվեցնէ հայուն, եւ այս բոլորին գաղտնիքը միութեան մէջ եւ միութեան շուրջ եղող տեւական խանդավառութիւնն է» որ հայ մարդը կը կերպարանափոխէ անոր գոյութեան եւ գոյատեւման ուժ կու տայ« հայ ըլլալու եւ հայ մնալու կորով կը ներշնչէ, նաեւ գաղտնիքը միութեան նպատակին գիտակցութիւնն է, եւ այդ նպատակին ծառայելու ՀՄԸՄ-ականներու մնայուն պատրաստակամութիւնն է: Բանախօսը իր խօսքը եզրափակելով ըսաւ, թէ կա՞յ աւելի մեծ գաղտնիք` քան ՀՄԸՄ-ի եւ հայութեան նպատակներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող այս զուգորդութիւնը: Այն, որ երկուքն ալ բնական ձգտումը ունին յաղթական ազգ դառնալու» հզօր եւ անպարտելի հայրենիք ունենալու: Ինչ որ մեր օրերու հիմնակա՛ն պահանջն է: 90-ամեակի եւ 107-ամեակի գլխաւոր հրամայականն է:
Այնուհետեւ ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Ֆուատ Մուրատեան յուշանուէր մը յանձնեց մասնաճիւղի ֆութպոլի բարերար Շանթ Շէկեանի:
Ապա տեղի ունեցաւ շքանշաններու տուչութիւն: ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Վահան Համամճեան ՀՄԸՄ-ի «Ծառայութեան» շքանշաններ յանձնեց մասնաճիւղին մէջ երկար տարիներու վաստակ ու ներդրում ունեցող միութենականներ` Պաղտասար Յարութիւնեանի, Րաֆֆի Քէշիշեանի, Կարապետ Աբրահամեանի (դուստրը ստացաւ), Սեպուհ Թոփալեանի, Գօգօ Քէշիշեանի, Հրայր Ֆերմանեանի եւ Յովիկ Պիլեմճեանի:
ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յակոբ Խաչերեան բացատրեց, որ ՀՄԸՄ-ը ունի երեք շքանշաններ` «Արտակարգ», որ կը տրուի ՀՄԸՄ-ի յատուկ ծառայութիւն մատուցած անհատներու, որոնք կրնան ՀՄԸՄ-ական չըլլալ նոյնիսկ, «Ծառայութեան», որ կը տրուի անհատի մը ծառայութեան ժամանակաշրջանի համապատասխան, իսկ գերագոյն շքանշանը «Արժանեաց» շքանշանն է, որ քիչեր ունին եւ կը տրուի այն անձերուն, որոնք կեանք մը մաշեցուցած են ՀՄԸՄ-ի մէջ եւ առ ի գնահատանք այդ երկարամեայ ծառայութեան` ստացած են այս շքանշանը: Խաչերեան հաստատեց, որ շքանշանները ունին իրենց կանոնակարգը, սակայն յատուկ կարգադրութեամբ Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի առաջարկը նկատի ունենալով, Կեդրոնական վարչութիւնը որոշեց կանոնակարգէն դուրս «Արժանեաց» շքանշան տուչութիւն կատարել երկու ՀՄԸՄ-ականներու, որոնք իրենց կեանքի կարճ ժամանակամիջոցին ծառայեցին ՀՄԸՄ-ի, հայ ազգին, անոր տենչերուն, Դատին եւ գիտակից մահով իրենց կեանքը զոհաբերեցին ի շահ հայութեան: Սիմոն Եահնիեան եւ Վիգէն Զաքարեան, որոնց շքանշանները յանձնուեցան իրենց քոյրերուն:
Ձեռնարկը փակուեցաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի «Պահպանիչ»-ով:
Թատերասրահի մուտքին այս առիթով ցուցադրուած էին ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի հարուստ արխիւները` լուսանկարներ, դիմումնագիրներ, պետական հաստատագիրներ, նամակներ, Կաղանդի հին ու նոր քարտեր, դրօշակներ, ինչպէս նաեւ` մարզական յաջողութիւններու ցուցանիշ հանդիսացող մեծաթիւ բաժակներ:
Նշենք, որ այս առիթով լոյս տեսաւ «90-ամեայ պատուաբեր երթ» խորագիրով մասնաճիւղի 90 տարիներու գործունէութեան նուիրուած գիրք մը, որուն մէջ, պատմականին կողքին, ողջոյնի եւ շնորհաւորութեան գիրեր յղած են տարբեր անձնաւորութիւններ, իրենց յուշերը արձանագրած են միութեան մէջ գործած ՀՄԸՄ-ականներ:





