Երկուշաբթի, 27 փետրուար 2017-ին, «Ազդակ» այցելեց եւ տնօրէնութեան հետ տեսակցեցաւ բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեան: Հանդիպումին ընթացքին խօսակցութեան հիմնական նիւթը եղաւ ֆիլմարուեստի միջոցով արցախեան պատերազմի մարդկային եւ ազգային երեսներուն ներկայացման անհրաժեշտութիւնը միջազգային շրջանակներու մէջ: