ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ձեր աշխատանքին մէջ շատ արդիւնաւէտ օր մը պիտի ունենաք: Ձեր շրջապատը ձեզմով շատ պիտի ուրախանայ:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ճամբորդութեան ընթացքին, ամէն բանէ աւելի, կը փափաքիք ժողովուրդներու աւանդութիւններուն ծանօթանալ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Լաւատեսութիւնը առաջնակարգ ազդեցութիւն մը պիտի ունենայ` համոզելու եւ հաւատացնելու ձեր խօսակիցները: Պէտք է հաւատալ ասոր:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Զոյգերու միջեւ անհամաձայնութիւն մը շատ բնական պիտի թուի: Բայց եթէ զիրար չլսեն, պէտք է գտնեն ընդհանուր եզր մը:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Պիտի կարենաք ձեր գործի ժամերը կրճատել, որպէսզի կարենաք քիչ մը ձեր անձնական գործերով զբաղիլ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Պատրաստ եղէք, որովհետեւ սէրը կայծակի պէս պիտի իյնայ ձեր վրայ: Օրը պիտի անցնի ուրախ մթնոլորտի մէջ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ընտանիքին մէջ իւրաքանչիւր անդամ իր լաւագոյնը պիտի ընէ, որպէսզի կեանքը հաշտ ու հաճելի անցնի:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Դանդաղեցուցէք ձեր կշռոյթը: Արդէն ամէն մարդ կ՛աշխատի, եւ այս բաւարար է: Ասոր վրայ բան մը աւելցնել պէտք չէ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ժամանակը հասած է աշխատանքի մէջ նոր նախաձեռնութիւններու սկսելու: Աշխատեցէք ժամանակին ներած չափով:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Կեանքի մէջ միայն համացանց կայ: Ահաւասիկ այն, ինչ որ կ՛ըսեն փոքրերը` ձեզի հետ օր մը անցընելէ ետք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Բարեկամ մը կը վստահի ձեզի. ասիկա կարելի է մեկնաբանել այն սիրով, զոր ան ունի ձեզի հանդէպ:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր բարեկամներուն թերութիւններուն դիմաց շատ վեհանձն էք: Այս պատճառով շատ հաճելի անձ մըն էք բոլորին համար: