Հայոց ցեղասպանութեան նիւթը դարձեալ յայտնուած է Ֆրանսայի քաղաքական-նախընտրական օրակարգին վրայ:
«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ ատոր հիմնական պատճառը դարձած է նորաստեղծ «Ան Մարշ» շարժումի ղեկավար, Ֆրանսայի տնտեսութեան, արդիւնաբերութեան ու թուայնացման նախկին նախարար եւ ներկայիս նախագահական թեկնածու Էմանուէլ Մաքրոնի կատարած յայտարարութիւնը: Ալճերիա կատարած իր այցելութեան ընթացքին «Էշուրուք նիուզ»-ին տուած իր հարցազրոյցին մէջ Մաքրոն Ալճերիոյ մէջ Ֆրանսայի գաղութատիրութեան տարիները նկատած է «մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն»:
Անոր յայտարարութիւնը բուռն հակազդեցութեան արժանացած է ֆրանսացի քաղաքական գործիչներու կողմէ: Մասնաւորաբար, նախագահութեան մէկ այլ թեկնածու` «Հանրապետականներ» կուսակցութեան ղեկավար Ֆրանսուա Ֆիյոն Մաքրոնը մեղադրած է սեփական պատմութեան նկատմամբ անարգալից վերաբերմունք ցուցաբերելու մէջ: Մաքրոնի յայտարարութեան արձագանգած է նաեւ Ֆրանսայի Ազգային ժողովի երեսփոխան Վալերի Պուայէ, որ «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է. «Մաքրոն կը հաւասարեցնէ Ողջակիզումի, Հայոց ցեղասպանութեան եւ Ալճերիոյ զոհերը եւ կը վիրաւորէ Ֆրանսան` ցոյց տալով, որ ատիկա պետական գործիչի արարք չէ»:
Պատասխանելով քննադատութիւններուն` Մաքրոն նշած է, որ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն ըսելով չէ ուզած «համեմատել Ողջակիզումը կամ Հայոց ցեղասպանութիւնը այն ամէնին հետ, ինչ որ կատարուած է Ալճերիոյ պատերազմի տարիներուն»:
Ֆրանսայի նախագահական ընտրութեան մէջ հիմնական պայքարը տակաւին կ՛ընթանայ չորս թեկնածուներու միջեւ, որոնցմէ գլխաւորը Ազգային ճակատի ղեկավար Մարին Լը Փենն է, անկէ ետք կու գան «Հանրապետականներ» կուսակցութեան ղեկավար Ֆրանսուա Ֆիյոնը, «Ան Մարշ»-ի ղեկավար Էմանուէլ Մաքրոնը եւ Ընկերվարական կուսակցութեան թեկնածու Պենուա Ամոնը: