Մ. ԻՇԽԱՆ
Վարդանանց յիշատակին նուիրուած տօնը եւ փետրուար 18-ի տարեդարձը, 16 օրուան տարբերութեամբ մը նոյն ամսուան կը զուգադիպին: Առաջինը դարաւոր անցեալէ կու գայ, իսկ երկրորդը հազիւ 46 տարիներու հնութիւն ունի: Երկուքն ալ սակայն պատմական թուականներ են եւ նոյն ոգիի յայտնութիւնը կը խորհրդանշեն: Երկուքն ալ բռնութեան դէմ հայ ժողովուրդի հերոսական ընդվզումն ու խոյանքը կը մարմնացնեն:
Փետրուար 18-ի փաստն ու իմաստը հարազատ են հայոց պատմութեան եւ հայ ժողովուրդի անընկճելի ազատատենչութեան: Հայկ դիւցազնէն մինչեւ Վարդան Մամիկոնեան եւ Վարդանէն մինչեւ Փետրուարեան ապստամբութեան նորագոյն շրջանը, հայութիւնը կը գտնենք հաւատարիմ իր նկարագրին եւ հնաւանդ համոզումներուն:
Ի՞նչ է հայ ազգի բազմադարեան գոյութեան իմաստն ու արժէքը, եթէ ոչ` ազատ մեռնելու տեւական մաքառում մը, պատիւն ու հաւատքը, խիղճն ու սրբութիւնները անխաթար պահելու անձնուրաց կռիւ մը:
Մեծազօր կայսրութիւններ եւ բռնատիրութիւններ եկած ու իշխած են Հայաստանի հողին վրայ, անյագ կեղեքիչներ քամած են տարիներ շարունակ մեր աշխատասէր ժողովուրդի վաստակն ու քրտինքը, բարբարոս խուժաններ կշտացած են մեր սեղանները եւ ամբարները կողոպտելով, բայց հայը համբերութեամբ կրած է այդ բոլոր տառապանքները, այնքան ատեն որ նիւթական եւ ֆիզիքական զոհողութիւններ կը պահանջէին իրմէ: Իսկ երբ օտար իշխանաւորը փորձած է բռնանալ նաեւ հայ ժողովուրդի հոգիին, խլել անկէ իր խղճի եւ մտածման ազատութիւնները, յետին գիւղացիէն սկսած մինչեւ ազնուականը, մէկ մարդու պէս ոտքի կանգնելով, գերազանց խիզախութեամբ մը ծառացած է բռնաւորի կամքին դէմ:
Մեր պապերը նախընտրած են միշտ պատուաւոր մահը, անպատիւ եւ ստրուկ կեանքէն: Թշնամին կրնայ անպարտելի ըլլալ, բազմապատիկ ուժ ներկայացնել, ո՛չ մէկ նշանակութիւն ունի: Հայկն ու Վարդանը քանի՞ զինուորներով կռուեցան հզօր Բելին եւ պարսկական հսկայ բանակներուն դէմ: Հոգիի խոշտանգումը կը հասնի տեղ մը, ուր այլեւս տրամաբանութիւնը կը դադրի տիրապետող դեր կատարելէ եւ ընդվզումը կը դառնայ տարերային, անզուսպ եւ համաժողովրդական:
Այսպէս եղաւ նաեւ 1921 փետրուար 18-ի ազգային բուռն ապստամբութիւնը, որ մեր երկրէն դուրս վտարեց պոլշեւիկ բռնագրաւիչները եւ կրկին պարզեց ազատութեան Եռագոյն դրօշը:
Գրեթէ կէս դար միայն անցած է այդ դէպքերուն վրայէն, որոնք յետին մանրամասնութեամբ ծանօթ են արդէն: Թրքական եւ խորհրդային երկու կրակի միջեւ խեղդուած հայութիւնը, իբրեւ փոքրագոյն չարիք, հարկադրուեցաւ խորհրդային իրաւակարգը ընդունելու: Պոլշեւիկեան լուծը պարտադրուեցաւ անկախ Հայաստանին, որուն տանջահար բնակչութիւնը դեռ նոր գտած էր ինքզինք, դեռ նոր կը վերականգնէր իր տնտեսութիւնը եւ քար ու քանդ եղած շէներն ու աւանները:
Պոլշեւիկները Հայաստան մտան խաբեպատիր խոստումներով: Ըստ Լեկրանի եւ Հայաստանի կառավարութեան միջեւ կնքուած դեկտեմբեր 2-ի դաշինքին, պոլշեւիկ իշխանութիւնը յանձն կ՛առնէր պաշտպանել մեր երկրի հողային ամբողջականութիւնը, պատասխանատուութենէ զերծ պիտի կացուցէր հայ բանակի հրամանատարութիւնը, հալածանքի պիտի չենթարկէր հայ քաղաքական կուսակցութիւններն ու ղեկավարները, եւ այլն, եւ այլն:
Պայմանագրութեան այս կէտերէն եւ ոչ մէկը յարգուեցաւ: Պոլշեւիկները իրենց եկած օրէն չարաչար ոտնակոխեցին հայութեան վստահութիւնը: Անոնք իրենց վայրագ արարքներով ցոյց տուին, թէ եղածը ռուսական պարզ նուաճում մըն էր եւ ոչ թէ` «Խորհրդային անկախ հանրապետութեան» մը հաստատումը:
Սոսկալի վիճակի մատնուեցան հայ գիւղերը: Ահ ու սարսափի վարչակարգ մը հաստատուեցաւ երկրէն ներս. հալածանքի եւ հարստահարութեան սանձարձակ քաղաքականութիւն մը կիրարկելով պոլշեւիկները մեր արիւնաքամ հայրենքին հանդէպ: Երբ կիսամերկ ու թշուառ կարմիր բանակը մտաւ Հայաստան 1920-ին, պոլշեւիկները, իրենց յատուկ անգթութեամբ, սկսան գրաւել հայ գիւղացիութեան բովանդակ ստացուածքը, ձմեռուան համար անոր ամբարած հացն ու պանիրը, իւղն ու միսը:
Ընչաքաղցութեան հետեւանք չէր միայն այս կեղեքումը: Համայնավար իշխանաւորները սկսան թշուառացնել մեր քաջարի ժողովուրդը, որովհետեւ անոնք կը հաւատային, որ տնտեսական թշուառութեան մէջ դիւրին է հիմնաւորել խորհրդային իրաւակարգը:
Այսքանը գուցէ կարելի էր տանիլ լռութեամբ: Այսքանը նորութիւն չէր մեր ազգին համար, որ թուրք-թաթարական տիրապետութեան նմանօրինակ հալածանքներն էր ճանչցած անցեալին մէջ:
Բայց պոլշեւիկները շատ աւելին ըրին: Անոնք դաւադրաբար գլխատելէ եւ աքսորելէ ետք 1500 հայ սպայութիւնը, մի առ մի ձերբակալեցին եւ բանտերը լեցուցին հայ մտաւորականութեան եւ քաղաքական ղեկավարներու ամէնէն սիրուած եւ յայտնի ներկայացուցիչները: Անշնչելի մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ ընտանեկան սուրբ օճախներէն ներս: Լրտեսութիւնը եւ մատնութիւնը քաջալերուեցան ամէն միջոցով: Հաւատքը, սրբութիւնները, պատիւը ոտնահարուեցան անարգելից խժդուժութեամբ:
Ահա այս կացութեան առջեւ է, որ հայութեան մէջ արթնցաւ կրկին Հայկի ու Վարդանի ըմբոստ ոգին եւ մեր հնամեայ ժողովուրդը իր զայրոյթը պոռթկաց փետրուար 18-ի համահայկական ապստամբութեամբ: Ըմբոստութիւնը, որ ոտքի հանած էր Ապարանի, Աշտարակի, Ղամարլուի, Դարալագեազի եւ այլ շրջաններու գիւղացիութիւնը, մայրաքաղաքին մէջ հասաւ իր գագաթնակէտին եւ խորտակեց պոլշեւիկեան բռնութեան խորհրդանիշ բանտին դուռները` կեանքին եւ ազատութեան դարձնելով ձերբակալուած մտաւորականութեան փաղանգը:
Ասկէ 46 տարիներ առաջ հայոց պատմութեան անմահ խորհուրդը բոցավառեցաւ կրկին մեր հայրենիքի սուրբ հողին վրայ` անգամ մը եւս փաստը տալով ազատ ու անկախ ապրելու հայ ժողովուրդի անսասան կամքին:
18 փետրուար 1967