Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քոնկրեսի Հայկական Համախմբումը Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու Գծով Թրամփին Դիմելու Կոչ Կ՛ուղղէ

Փետրուար 17, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումին ղեկավարութիւնը նամակով մը դիմած է բոլոր քոնկրեսականներուն, որ իրենց ստորագրութիւնը դնեն Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին յղուելիք այն նամակին տակ, որուն մէջ կը պահանջուի նախագահէն` «անկեղծօրէն եւ յստակութեամբ» ոգեկոչել Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Քոնկրեսականներուն յղուած նամակը ստորագրած են Հայկական համախմբումի ատենապետներ Ֆրենք Փալոն, Ճեքի Սփիր, Տէյվիտ Թրաթ եւ Տէյվիտ Վալատաու, ինչպէս նաեւ` համախմբումի փոխատենապետներ Կաս Պիլիրաքիս եւ Էտըմ Շիֆ:

Համախմբումի նամակին մէջ կը շեշտուի պատմական այս իրողութիւնը յստակօրէն ճանչնալու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ կը յիշատակուի, թէ ո՛չ միայն Օսմանեան կայսրութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Հենրի Մորկընթաուը վաւերագրած է Ցեղասպանութիւնը, այլ նաեւ նախագահ Ռանըլտ Ռեկընը` 1981-ին, եւ Տուայթ Այզընհաուրի կառավարութիւնը 1951-ին հաստատած են Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը, իսկ Ներկայացուցիչներու տունը 1975-ին եւ 1984-ին բանաձեւեր վաւերացուցած է այդ հարցին մասին:

Նամակին մէջ նաեւ կը շեշտուի, թէ ճանչնալով Հայոց ցեղասպանութիւնը` Ուաշինկթըն իր յարգանքի տուրքը պիտի մատուցէ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն:

Քոնկրեսականները նաեւ Թրամփին կոչ կ՛ուղղեն Ապրիլ 24-ը Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օր յայտարարելու:

 

Նախորդը

Սէյիտ Նասրալլա. «Մենք Միշտ Գաղտնիքներ Ունինք, Եւ Որեւէ Պատերազմի Պարագային Կրնաք Անակնկալի Մատնուիլ»

Յաջորդը

Վրացի Լրագրողը Յայտնուած Է Պաքուի «Սեւ Ցուցակ»-ին Մէջ` Ապրիլեան Պատերազմին Ժամանակ Արցախ Այցելելու Եւ Պատերազմը Լուսաբանելու Համար

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
Կալուզին. «Չի Բացառուիր, Որ Լեռնային Ղարաբաղէն  Հեռացածները Որոշ Փուլի Որոշեն Վերադառնալ.  Խաղաղապահներու Ներկայութիւնը Այս Մարդոց Համար  Պիտի Դառնայ Հանգստութեան Լրացուցիչ Գործօն»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Ռուսիա Պատրաստ Է Իր Ներդրումը Ունենալու Երեւանի Եւ Պաքուի Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հարցին Մէջ»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?