ՀՅԴ «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնին մէջ երէկ ՀՅԴ նախընտրական գրասենեակի պետ, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեանը հրապարակեց ցուցակի առաջին 30 անունները:
Ցուցակը կը գլխաւորէ ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան: Երկրորդ դիրքին վրայ է Աղուան Վարդանեան, երրորդ դիրքին վրայ` Դաւիթ Լոքեան, չորրորդը Արմենուհի Կուրղինեան, հինգերորդը` Լեւոն Մկրտչեան, այնուհետեւ յաջորդաբար` Արծուիկ Մինասեան, Արմէն Բաբայեան, Ռուզաննա Առաքելեան, Սպարտակ Սէյրանեան, Միքայէլ Մանուկեան:
Վարդանեան նշեց, որ իրենց խմբակին մէջ «ատելի» դէմքեր չկան, ցուցակին մէջ նաեւ 45 անկուսակցական կայ:
Դաշնակցութեան կարգախօսն է. «Նոր սկիզբ, արդար Հայաստան»: ՀՅԴ նախընտրական գրասենեակի պետ Աղուան Վարդանեան նշեց` արդար, որովհետեւ իրենց համար արդարութիւնը ամէն ինչի հիմքն է եւ բարձրագոյն արժէք: «Արդար Հայաստանը ազատ Հայաստանն է: Արդար Հայաստանը զարգացող, ուժեղ, ինքնիշխան, բարեկեցիկ, երիտասարդ, իրաւունքի, հոգեւոր մշակոյթի Հայաստանն է», ըսաւ ան:
«ՀՅԴ-ն կ՛ակնկալէ մեծ քուէ, լուրջ, ծանրակշիռ ներկայացուածութիւն Ազգային ժողովին մէջ», յայտարարեց ՀՅԴ նախընտրական գրասենեակի պետ Աղուան Վարդանեան:
Ան անդրադարձաւ ընտրութիւններէն ետք համաձայնական կառավարութիւն կազմելու կարելիութեան: Ըստ Վարդանեանի, իրենք երկրին մէջ թշնամի չունին եւ բոլոր քաղաքական ուժերուն հետ ալ բնական յարաբերութիւններու մէջ են: «Բոլորին հետ ալ կը համագործակցինք, բոլորին հետ ալ յարաբերութեան մէջ ենք: Ճիշդ է, երբեմն կը զայրանանք, որ ամբոխավարական յայտարարութիւններ կը կատարեն նախընտրական փուլին, բայց ատիկա բնական է», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ ընտրութիւններու արդիւնքները ցոյց կու տան ամէն ինչ:
Վարդանեանի համաձայն, ՀՅԴ-ի համագործակցութիւնը Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) հետ երկարաժամկէտ է, բայց համագործակցութեան շարունակութիւնը թէ՛ ՀՀԿ-ի եւ թէ՛ մնացածին հետ կապուած պիտի ըլլայ ընտրութիւններու արդիւնքներէն: «Շատ քիչ կան ուժեր կամ անհատներ, որոնք կը փորձեն ՀՅԴ-ին հարուածել, որովհետեւ անոնք գիտեն ՀՅԴ կշիռը թէ՛ երկրին մէջ, թէ՛ դուրսը, ուստի մեզի հետ կը փորձեն պահել հաւասարակշռուած յարաբերութիւններ», ըսաւ ան:
Աղուան Վարդանեանը յայտնեց, որ կուսակցութեան տարածքային ցուցակներուն մէջ ընդգրկուած է 150 անձ:
«Որպէսզի ձեր հետագայ աշխատանքը աւելի դիւրին ըլլայ, ես ներկայացնեմ մեր տարածքային ցուցակներէն անուններ` ըստ ընտրական տարածքներու», նշեց Վարդանեան` ներկայացնելով թեկնածուներուն անունները:
Թիւ 1 ընտրատարածք` (Աւան, Նոր Նորք, Քանաքեռ Զէյթուն) Առաքելեան Ռուզաննա, Գեղամեան Վահան, Լոքեան Սերկէյ:
Թիւ 2 ընտրատարածք` (Արաբկիր, Աջափնեակ, Դաւիթաշէն) Մանուկեան Միքայէլ, Վարդանեան Յովհաննէս, Յարութիւնեան Անահիտ:
Թիւ 3 ընտրատարածք` (Մալաթիա-Սեբաստիա, Շենգաւիթ) Եղիազարեան Արթուր, Սահակեան Մհեր, Սարգսեան Սամուէլ:
Թիւ 4 ընտրատարածք` (Կեդրոն, Էրեբունի Նուբարաշէն) Գրիգորեան Լեւոն, Եսայեան Բագրատ, Յարութիւնեան Անահիտ:
Թիւ 5 ընտրատարածք` (Արարատի մարզ) Բաբայեան Հայրապետ, Չոբանեան Արտակ, Վարդանեան Արա:
Թիւ 6 ընտրատարածք` (Արմաւիրի մարզ) Մինասեան Արծուիկ, Գաբրիէլեան Գագիկ, Կարապետեան Անդրանիկ, Թամայեան Հասան:
Թիւ 7 ընտրատարածք` (Արագածոտնի մարզ) Տօնոյեան Տարօն, Շահինեան Գուրգէն, Շահազիզեան Կարէն:
Թիւ 8 ընտրատարածք` (Գեղարքունիքի մարզ) Սաղաթելեան Իշխան, Նիկոյեան Արտաշէս, Բարսեղեան Սարիկ:
Թիւ 8 ընտրատարածք` (Լոռիի մարզ) Մարտուն Մաթեւոսեան, Զոհրապ Թորոսեան, Կուրեղեան Արմենուհի:
Թիւ 9 ընտրատարածք` (Կոտայքի մարզ) Մանասեան Մուշեղ, Յունանեան Արտաշ, Սարգսեան Հայկ:
Թիւ 10 ընտրատարածք` (Շիրակի մարզ) Մանուկեան Ռոմիկ, Կուրղինեան Աշոտ, Մաթիլեան Յակոբ:
Թիւ 11 ընտրատարածք` (Սիւնիքի եւ Վայոց Ձորի մարզեր) Գէորգեան Գագիկ, Պետրոսեան Նունէ, Սարգսեան Արտակ:
Թիւ 12 ընտրատարածք` (Տաւուշի մարզ) Սահակեան Արտաւազդ, Մանուկեան Սուրէն, Ալեքսանեան Վարդան:
ՀՅԴ ներկայացուցիչները ներկայացուցին իրենց համամասնական եւ վարկանշային ցուցակները եւ խօսեցան, թէ ի՛նչ ծրագիրով պիտի մասնակցին խորհրդարանական ընտրութիւններուն:
ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան ներկայացուց, թէ ի՛նչ ըսելիքներով պիտի մասնակցին խորհրդարանական ընտրութիւններուն, ո՛րն է իրենց հիմնական նպատակն ու թիրախը:
Ըստ անոր, իրենք բացառիկ նշանակութիւն կու տան այս ընտրութիւններուն, եւ խորհրդարանական ընտրութիւնները իսկապէս բացառիկ են թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Դաշնակցութեան հետապնդած ծրագիրները իրականացնելու համար: Ռուստամեանի համաձայն, այս ընտրութիւնները ՀՅԴ-ի սկսած հոլովոյթին չափազանց կարեւոր փուլն են:
«Մենք արդէն քանի տարի է` երկրին մէջ արմատական փոփոխութիւններ իրականացնելու ամբողջական ծրագիր մը կ՛իրականացնենք, ամբողջական հոլովոյթի մը սկիզբը դրած ենք, եւ ասիկա իր արդիւնքները պէտք է տայ կարեւորագոյն այս հանգրուանը յաղթահարելու պայմաններուն մէջ: Ընտրութիւնները պիտի ըլլան այն գլխաւոր խթանը, որ կարենանք մեր սկսածը իր աւարտին հասցնել», ընդգծեց ան:
Ռուստամեան շեշտեց, որ երկրին մէջ կուտակուած դժգոհութիւնը յաւերժ պիտի մնայ, եթէ չվերցուին պատճառները: «Մենք այդ պատճառները վերցնելու ուղղութեամբ է, որ քայլերու նախաձեռնած ենք եւ վստահ եղած ենք, որ անոր հիմքն են համակարգային արատները, որոնք մինչեւ հիմա մեր երկրին մէջ պահպանուած են. անձերը փոխուած են, մարդիկ փոխուած են, իշխանութիւնները փոխուած` իրենց անուններով, բայց իշխանութեան որակը չէ փոխուած, եւ մենք, նոր սկիզբ ըսելով, նախ եւ առաջ կը հասկնանք, կ՛ակնկալենք, որ ատիկա պէտք է բերէ նոր որակի իշխանութիւն, նոր որակի իշխանութիւնն է, որ կրնայ լուծում տալ այս բոլոր կուտակուած խնդիրներուն», նշեց ան:
Ռուստամեան նշեց, որ Դաշնակցութիւնը հոլովոյթ սկսած է, որ պէտք է աւարտին հասցնել: «Անոր համար մենք պէտք է ունենանք այնպիսի ներկայութիւն Ազգային ժողովին մէջ, որ այս հոլովոյթները ըլլան անխափան եւ նպատակային: Այս է ընդհանուր ծրագիրը, որ Դաշնակցութիւնը պէտք է իրականացնէ, եւ մեր խմբակը, որ ձեւաւորած ենք, պատկառելի խմբակ է: Ամէն մէկուն հետ առանձնաբար այս խնդիրները քննարկած, խօսած ենք: Բոլորը տոգորուած են այս գաղափարներով եւ պէտք է գան մեր երկիրը այս ծրագիրով յառաջ տանելու», եզրափակեց ան:
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան նշեց, որ իրենց խմբակը կազմակերպուած, երիտասարդ եւ ներկայանալի է:
«Դաշնակցութեան ցուցակին մէջ չկան մարդիկ, որոնք սեփական փառասիրութեամբ կ՛առաջնորդուին, մեր բոլոր թեկնածուներուն միակ նպատակը առաւելագոյնը Դաշնակցութեան համար ձայն ապահովելն է», ընդգծեց ան:
Վարդանեան յայտարարեց, որ ՀՅԴ-ն եղած է ընդդիմութիւն, եղած է իշխանութեան մաս, նորէն եղած է ընդդիմութիւն, բայց ՀՅԴ-ն չէ փոխուած: «Մենք չենք փոխուած, մեր խնդիրները, մեր նպատակները, մեր առաջնահերթութիւնները չեն փոխուած: Չկայ բան մը, որ մենք ըսենք ու յետոյ անկէ հրաժարինք, մեր ըսածներուն մէջ չկայ հռետորական, ձայներ հաւաքելու, փախցնելու համար ըսուած միտք մը, որ իրատեսական չէ», ըսաւ ան:
«Անհեթեթութեան կը հասնինք, նայեցէք 10 տարի առաջ ընդդիմութեան ըսածները իշխանութեան հասցէին, նայեցէք այսօրուան իրենց ընդդիմութիւն հռչակած այդ ժամանակուան իշխանութեան ներկայացուցիչներուն եւ նայեցէք իրենց ըսածները այսօրուան իշխանութեան հասցէին, ոչ մէկ բառի տարբերութիւն կը գտնէք, չէք կրնար մեզ մեղադրել, այս երկրին մէջ նաեւ մեր շնորհիւ համակարգային փոփոխութիւններ եղած են, մեր շնորհիւ նաեւ ընտրական նոր համակարգ ձեւաւորուած է, որ աւելի վստահութիւն կը ներշնչէ, որպէսզի ընդդիմութիւնը աւելի լայն ձեւով մասնակցի: Մենք, իշխանութեան մաս ըլլալով, ամէն ինչ ըրած ենք, որպէսզի ընդդիմութիւնը Ազգային Ժողովին մէջ առնուազն 1/3-րդ տեղ ունենայ, որպէսզի կարենայ իր զսպող- վերահսկող լիազօրութիւնները իրականացնել», յայտարարեց Վարդանեան:
Ըստ Վարդանեանի, պիտի ըլլան մարդիկ, որոնք պիտի ըսեն, թէ Դաշնակցութիւնը իշխանութիւն է, բայց պիտի ըլլան նաեւ շատ աւելի գիտակից լայն շրջանակներ, որոնք պիտի տեսնեն Դաշնակցութեան ըրածը:
«Մենք 2007-ին իշխանութեան մաս կը կազմէինք, հաւաքած ենք 180 հազար ձայն` ունենալով ընդամէնը 6000 դաշնակցական Հայաստանի մէջ, այսօր ալ մենք ունինք 6000-6500 դաշնակցական, 2007 թուականին կային քաղաքական ուժեր, որոնք կ՛ըսէին` 400 հազար անդամ ունին, հաւաքած էին 200 հազար ձայն, կ՛ըսէին` 200 հազար անդամ ունին, հաւաքած էին 80 հազար ձայն. այս է Դաշնակցութեան տարբերութիւնը», ըսաւ Վարդանեան, ապա աւելցուց. «Մենք չենք ակնկալեր ընտրակաշառքով քուէարկող, յաւերժական դժգոհողներու ձայները, մենք կ՛ակնկալենք մտածող, ընկալող, այս երկրին մէջ ապրելու ցանկութիւն ունեցող, այս երկրին մէջ բան փոխելու ցանկութիւն ունեցող մարդոց ձայները, իսկ այդ մարդիկը շատ շատ են»: