Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գրողի Անկիւն. Բաղնիք, Աղօթք Եւ Այլն

Փետրուար 16, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Ծաղկաձորէն եւ Աղվերանէն ետք, այս անգամ հայրենի մեր բարեկամները մեզի, ինծի եւ կնոջս իբրեւ «օդափոխութեան» նոր վայր, Ստեփանաւան երթալ թելադրեցին: Անկեղծօրէն, թէեւ գիտէի, որ հայրենիքին մէջ համայնավար հերոս` Ստեփան Շահումեանի անունը յաւերժացնող յուշարձաններ կային, սակայն իր անուան հետ կապուած օդափոխութեան վայրի մը գոյութեան անտեղեակ էի:

Ստեփանաւանը Լոռիի շրջանին մէջ գեղեցիկ քաղաք մըն էր, որուն շրջապատող բլուրներուն վրայ հանդարտօրէն հանգչած էին, այսպէս կոչուած, «հանգստեան» տուներ: Եթէ գիւղէն դէպի պանդոկներ տանող ճամբուն խեղճութիւնն ու հոտը նկատի չառնէի, իր տեսքէն դատելով, ինծի համար ան փոքր Զուիցերիա մըն էր անկասկած: Միւս կողմէ, մեր բարի բախտէն, առաջին օրն իսկ պանդոկապետը մեզի մտերմօրէն յայտնեց, որ քաղաքէն քիչ մը հեռու կը գտնուէր «Լոռի միջնաբերդ-ամրոց քաղաքը»:

-Չէք փոշմանի, գնացէ՛ք եւ տեսէ՛ք, ախր, պատմական էլ է,- ըսաւ համոզիչ եւ վայրկեանին, առանց իմ պատասխանիս սպասելու, «զանգեց» եւ յաջորդ առաւօտ կանուխ մեզի դէպի այդ ամրոցը փոխադրող «թաքսին» ապահովեց, եզակի ու հաստատ անկեղծութեամբ:

Առաւօտուն, որոշուած ժամուն, մեր մեքենավարը, Սերգէյը իր ինքնաշարժով արդէն մեզ կը սպասէր: Ամբողջ ճամբու ընթացքին, իր աշակերտներուն նոր դասը խանդավառ բացատրող ուսուցիչի մը նման` ան խօսեցաւ ու խօսեցաւ` առանց առիթ տալու, որ ես ալ իմ կարգիս գոնէ «բաներ» մը ըսէի, աւելցնէի: Նոյնիսկ լաւ ծիծաղով մը յայտնեց նաեւ, որ ինք ներկայիս թոշակաւոր մըն էր եւ` հինգ թոռներու ալ պապիկ, եւ Լոռիի շրջանին մէջ պատմութեան ուսուցիչ ալ եղած էր եւ նոյնիսկ ղարաբաղեան պատերազմին մասնակից` ազատամարտիկ:

Այսպէս, մահը մօտէն տեսած աչքերով, սիկարեթը միշտ բերնին, կէս-կատար ակռաներով, կարճահասակ մեր ուսուցիչ-մեքենավար Սերգէյը, ծանր բան մը բռնած իր ձայնով, պատմեց, թէ այդ ամրոցը ե՛րբ հիմնուած էր, թէ ո՛վ էր Բագրատունի տոհմէն Դաւիթ Անհողի թագաւորը, եւ թէ ամրոցը, որ միեւնոյն ժամանակ Տաշիր-Ձորագետ թագաւորութեան մայրաքաղաք ալ եղած էր, ինչպէ՞ս դարձած էր առեւտուրի հսկայ կամուրջ մը` Վրաստանի եւ Անիի միջեւ, եւ թէ ի՛նչ նշանակութիւն ունէր ամրոցի եզրին, երկու լեռներուն խորը գտնուող սարսափելի եւ անհուն հովիտի մը մէջէն դարերէ ի վեր մեծ աղմուկով վազող Ձորագետը: Այս բոլորը կը պատմէր վարակիչ ապրումով, որուն հետ ինծի կը բերէր նոր մտածումներ:

Վերջապէս հասանք փլատակ բերդ-ամրոցը: Մեզմէ զատ կային նաեւ հայ եւ օտար մեծ թիւով զբօսաշրջիկներ: Թէեւ երկինքը ջերմութեամբ կը ժպտէր, սակայն աշունը հասած էր` իր խօսքը ըսելու: Սկսանք մեր «պտոյտին»` զգուշաւոր հետեւելով Սերգէյի քայլերուն եւ ձայնին: Հինցած ու դարերուն մաշեցուցած ժայռերուն վրայ պատմութեան շունչը կար: Սերգէյ զանոնք մէկ առ մէկ մեր առջեւ սկսած էր պարզել համբերութեամբ:

Ուրախ էի եւ հպարտ: Ի տես այս բոլորին` կը զգայի, որ հայ աշխարհը եթէ փորես, տակէն անպայման կեանք պիտի ծնէր: Անկասկած, որ գիտակցութեանս առջեւ կը բացուէր մեր իսկական էութիւնը: Բայց յանկարծ կնոջս ձայնը ընդմիջեց ամէն մտածում:

Կինս Լիբանան բնակող իր նախկին ընկերուհիներէն մէկուն հանդիպած էր: Ի՜նչ ուրախութիւն եւ անակնկալ: Համաձայն անգիր սովորութեան, պատմական ամրոցի բացատրութիւնները զիջեցան դպրոցական եւ դրացիական կեանքի յուշերուն: Այդ վայրկեանին տարիներու կարօտը կարելի չէր ուրիշ «բանով» մը փոխարինել:

– Դուք գացէ՛ք,- ըսաւ կինս համոզիչ եւ քիչ մը մէն ալ` պաղատագին, ես ձեր ետեւէն կը հասնիմ: Հնազանդեցանք: Իրաւունք ունէր: Ես ու Սերգէյը շարունակեցինք փոշոտ ու նեղ ուղին, որ մեզ հասցուց փոքրիկ «շինութեան» մը դիմաց:

– Ահա պալատին մատուռը,- ըսաւ իմ հաւատարիմ «կայտ»-ս, դու նայէ՛, ես մի պապիրոս ծխեմ…:

Մօտեցայ: Ի՛նչ մեղքս պահեմ, փլատակ եկեղեցւոյ մը անճանաչելի խորանի մը մնացորդացը: Անկեղծօրէն, մտովի փորձեցի հայկական մատուռ մը պատկերացնել: Բայց… Ապա, չեմ գիտեր` ինչպէս, յանկարծ որոշեցի աղօթել: Մէջէս ինքնածին, տաքուկ, հաւատք բուրող բառերովս նախ «Հայր Մեր» մը ըսի արագ, միաժանակ նայուածքիս խառնելով հիացմունք ու զարմանք: Վերջապէս, Բագրատունիներէն ժառանգ հասած «խորան»-ի մը առջեւն էի կանգնած: Հաւատքս իսկապէս զօրացած ըլլալու էր, ինչպէս նաեւ ներքին յուզումս ալ` բազմացած:

Աղօթեցի: Վերջ: Յետոյ քանի մը քայլ ետեւ եկայ: Սերգէյը զիս կը դիտէր մեծ «բարիք մը» ընողի նայուածքով: Ինքն ալ իրաւունք ունէր: Եկած էի Ամերիկայէն: Արդեօք տեղին չէ՞ր, որ այս փլատակ խորանին առջեւ ծունկ մը աղօթք ընէի: Ուխտ: Հայու հաւատք եւ ուխտ:

Յանկարծ կնոջս ձայնը լսեցի: Անպայման ընկերուհիէն զատուած ըլլալու էր:

– Ան շուտով Երեւան պիտի վերադառնար,- ըսաւ արդարացուցիչ ձայնով եւ արագ ու դէմքիս զարմանքը փարատելով` շարունակեց.- բայց, դուն հո՛ս, ինչո՞ւ կեցած ես , եկո՛ւր, քալէ՛, երթանք ամրոցին մատուռը…, տեսնես ի~նչ գեղեցիկ է..

Ու թեւս մտնելով, զիս քաշքշելով տարաւ իմ «մատուռ»-էս շուրջ հարիւր մեթր անդին գտնուղ փլատակի մը առջեւ: Է~հ, իսկապէս, որ մատուռ էր: Խորանը թէեւ կիսաքանդ, սակայն «ամէն» բան իր տեղն էր: Այս մէկը ո~ւր, «իմս» ո~ւր…

– Քա՛, մա՛րդ, խելքդ աշխատցո՛ւր, ինչո՞ւ այդպէս կեցա՛ծ ես փլատակ բաղնիքին առջեւ, քալէ՛:

Ալ  չուզեցի շարունակութիւնը լսել: Մեծապէս սխալած էի ու մանաւանդ` խաբուած: Անմիջապէս վարորդիս նայեցայ: Այդ պահուն գլխուս մէջ կարծես հրաբուխ կար, իսկ աչքերուս` կայծակ: Ես յիմարաբար Սերգէյին հաւատալով` կեցած ու աղօթած էի Բագրատունիներու բաղնիքներէն մէկուն մէջ: Կարծես մէկը «վերէն վար» վրաս պաղ ջուր թափած ըլլար: Մատուռ եւ բաղնիք… Ես զիս ոչ միայն մեծապէս խաբուած կը նկատէի, այլ նաեւ ծիծաղելի: Եթէ չամչնայի… պիտի լայի… Մէկ խօսքով, ապուշ մը դարձած էի: Հապա՞ այդ վայրկեանին եթէ մէկը զիս տեսած ըլլար… հապա եթէ «այդ մէկը» կինս ըլլար… այս ի~նչ խայտառակութիւն… Եկուր եւ համոզէ, որ յիմար Սերգէյն էր… Բերնիս մէջ անորոշ տողեր սկսած էին երգել: Այդ մէկը զգալի էր արդէն: Բարկութենէս կրկին անգամ նայեցայ Սերգէյին: Անոր դէմքն ու մարմինն ալ պաղ քրտինք մը բռնած ըլլալու էր: Ինքն ալ կը զգար իր սխալը: Մեծ «կաֆը»: Անկասկած հիմա իր լիճին մէջ ալ ալիք մը կար, իսկ աչքերուն` ինծի նման ցաւոտ նայուածք:

Ծօ՛, կը կրկնէի մտովի ու տանջուած, լա՛ւ որ տակաւին ըստ աւանդութեան բարձրաձայն «Տէր ողորմեա» մըն ալ չէի երգած… Մա՛րդ Աստուծոյ, ո՞ւր տեսնուած է բաղնիքին մէջ աղօթել, հոն միայն կ՛երգեն, ապո՛ւշ… կ՛եր…գեն… ո՛չ թէ կ՛ա…ղօ…թեն… յի…մար… անխելք կկու…

Ու անկէ ետք, երբ ամէն անգամ այս դէպքը յիշէի, ինքնածին ծիծաղ մը կը գծուէր դէմքիս վրայ:

 

 

 

Նախորդը

Փորձ-Հարցարան. Կեանքի Առաջնահերթութիւնը

Յաջորդը

Ինչո՞ւ Արաբները Սուրիոյ Մէջ Միացեալ Նահանգներու Ներկայութիւնը Չեն Ուզեր

RelatedPosts

Կեանքէն Հեռացաւ Վաստակաւոր Բժիշկ, Մամուլի Ժրաջան Աշխատակից Եւ Ազգային Գործիչ Տոքթ. Կարպիս Հարպոյեանը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Առաջին Հայ Բժշկուհին` Էլիզա Մելքոն

Մայիս 12, 2025
Քանատայէն Երկու Ապտակ Թրամփի
Անդրադարձ

Քանատայէն Երկու Ապտակ Թրամփի

Մայիս 12, 2025
«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար
Անդրադարձ

«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար

Մայիս 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?