«Հորիզոն»
Բ. ՄԱՍ.
«Մէկ այլ վեթերան լրագրող մը` Պապ Փարի կը հաստատէ վերոնշեալ գնահատումը.
«Տարածաշրջանին մէջ ոչ ոք մաքուր ձեռքեր ունի, սակայն չարչարանքի, զանգուածային սպանութեան, քաղաքացիական ազատութեանց ճնշման եւ ահաբեկչութեան աջակցութեան աշխարհին մէջ Ասատը շատ աւելի լաւ է, քան` սէուտցիները», կ՛ըսէ ան: Ոչ ոք հաւատաց, թէ վարչակարգը խոցելի է այն անիշխանութեան դիմաց, որ հարուածեց Եգիպտոսը, Լիպիան, Եմէնը եւ Թունուզը: 2011-ի գարնան,Դամասկոսի մէջ Ասատի վարչակարգի բռնաճնշումին դէմ փոքր ու խաղաղ ցոյցեր կային: Անոնք հիմնականին մէջ արձագանգն էին Արաբական գարունին,որ նախկին ամրան ժահրի մը պէս տարածուեցաւ Արաբական Լիկայի անդամ երկիրներուն մէջ:
Բայցեւայնպէս, «Ուիքիլիքս»-ի բացայայտումները ցոյց կու տան, որ «Սի.Այ.Էյ.»-ը արդէն Սուրիոյ մէջ գետնի վրայ էր:
«Սակայն սիւննի թագաւորութիւնները նաւթէն ապահովելիք իրենց շահերուն վտանգուելուն` Ամերիկայէն աւելի մեծ մասնակցութիւն պահանջեցին: 4 սեպտեմբեր 2013-ին արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի քոնկրեսական ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ սիւննի թագաւորութիւնները առաջարկած են Պաշշար Ասատը իշխանութենէն հեռացնելու համար Միացեալ Նահանգներու Սուրիա ներխուժման ծախսերը ստանձնել: «Իրողութեան մէջ անոնցմէ ոմանք յայտնած են, որ եթէ Միացեալ Նահանգներ պատրաստ են այդ մէկը ընելու, ինչպէս նախապէս ըրած են այլուր (Իրաք), անոնք ամբողջ ծախսը պիտի ստանձնեն», յայտնեց Քերրի ներկայացուցիչ Իլինա Ռոս-Լեհթինենի (հանրապետական-Ֆլորիտա)` աւելցնելով. «Ինչ կը վերաբերի Ասատը տապալելու պարագային (ամերիկեան ներխուժումի մը) ծախսերու ստանձնելու առաջարկին, պատասխանը խորապէս «Այո՛» է, անոնք այդ մէկը կատարած են: Առաջարկը սեղանի վրայ է»:
«Հակառակ հանրապետականներէ եկած ճնշումներու, Պարաք Օպաման մերժեց վարձել երիտասարդ ամերիկացիներ` խողովակաշարի մը իրագործման ի խնդիր մեռնելու ղրկելու: Օպամա իմաստուն կերպով անտեսեց հանրապետականներուն պահանջը` Սուրիոյ մէջ ցամաքային ուժեր տեղակայելու կամ յաւելեալ ֆինանսաւորում տրամադրելու «չափաւորական ըմբոստներուն»: Սակայն 2011-ի վերջաւորութեան, հանրապետական ճնշումը եւ մեր սիւննի դաշնակիցները ամերիկեան կառավարութիւնը նեղի մատնած էին:
«2011-ին Միացեալ Նահանգներ միացան Ֆրանսայի, Քաթարի, Սէուտական Արաբիոյ, Թուրքիոյ եւ Բրիտանիոյ` կազմելու համար Սուրիոյ բարեկամներու դաշինքը, որ պաշտօնապէս պահանջեց Ասատի իշխանութենէն հեռացումը: «Սի.Այ.Էյ.»-ը բրիտանական պատկերասփիւռի «Պարատա» կայանին տրամադրեց 6 միլիոն տոլար` Ասատի հեռացումը պահանջող գործեր պատրաստելու: Սէուտական գաղտնի սպասարկութեան փաստաթուղթեր, որոնք հրատարակուած են «Ուիքիլիքս»-ի կողմէ, ցոյց կու տան, որ 2012-ին Թուրքիան, Քաթարը եւ Սէուտական Արաբիան արդէն կը զինէին, կը մարզէին եւ կը ֆինանսաւորէին Սուրիայէն, Իրաքէն եւ այլ տեղերէ եկած արմատական ժիհատական սիւննի զինեալները` տապալելու համար Ասատի շիիներու դաշնակից վարչակարգը: Քաթար, որ ամէնէն մեծ շահը պիտի ապահովէր, ըմբոստութիւնը յառաջացնելու համար 3 միլիառ տոլարի ներդրում ըրաւ եւ Փենթակոնը հրաւիրեց ահաբեկիչներ մարզելու Քաթարի ամերիկեան ռազմակայաններուն մէջ»: Ըստ Սէյմուր Հըրշի կողմէ գրուած ապրիլ 2014 թուակիր յօդուածի մը, «Սի.Այ.Էյ.»-ի զէնքերու մատակարարումը ֆինանսաւորուած էր Թուրքիոյ, Սէուտական Արաբիոյ եւ Քաթարի կողմէ:
«Սիւննի-շիի քաղաքացիական պատերազմ հրահրելու նպատակը սուրիական եւ իրանեան վարչակարգերը տկարացնելն էր, որպէսզի շրջանի նաւթաքիմիական հարստութիւններուն վրայ վերահսկողութիւն պահպանուի, ինչ որ Փենթակոնի համար նոր գաղափար մը չէր: 2008-ին Փենթակոնի ֆինանսաւորումով դատապարտելի «Ռանտ» զեկուցում մը կը պատրաստուէր` տեղի ունենալիքին ճշգրիտ պատկերը պարզաբանելու: Այդ զեկուցումը կը նշէ, որ Պարսից ծոցի նաւթի եւ կազի հարստութեանց վերահսկողութիւնը Միացեալ Նահանգներու համար պիտի մնայ «ռազմավարական առաջնահերթութիւն մը», որ` «ուժեղ կերպով պիտի հակասէ երկար պատերազմի հետապնդման»: «Ռանտ» յանձնարարեց օգտագործել «ընդյատակեայ գործունէութիւն, տեղեկահաւաքի գործողութիւններ` ոչ աւանդական պատերազմ» կիրարկելու համար, «բաժնէ որ տիրես»-ի ռազմավարութեամբ: «Միացեալ Նահանգներն ու անոր տեղական դաշնակիցները կրնան ազգայնական ժիհատականները օգտագործել` իրենց շահերը հետապնդող գործողութիւն մը շղթայազերծելու համար», եւ` «Միացեալ Նահանգներու ղեկավարները կրնան նաեւ շիի-սիւննի շարունակական հակամարտութիւնը օգտագործել` կանգնելով սիւննի պահպանողական վարչակարգերուն կողքին, ընդդէմ` շիիներու զօրացման շարժումներուն… հաւանաբար նաեւ զօրակցելով մենատիրական սիւննի կառավարութիւններուն, ընդդէմ` մնայուն թշնամի Իրանի»:
«Նախատեսուածին նման` օտարներու ստեղծած ճգնաժամին դէմ Ասատին չափազանցուած հակազդեցութիւնը` սիւննի կեդրոններու վրայ տակառէ ռումբեր նետելն ու քաղաքայիններ սպաննելը, Սուրիոյ շիի-սիւննի յարաբերութիւնները բեւեռացուց եւ ամերիկացի քաղաքագէտներուն արտօնեց ամերիկացիներուն մօտ յառաջացնել այն համոզումը, որ խողովակաշարի շուրջ պայքարը մարդասիրական պատերազմ մըն է: Երբ սուրիական բանակին սիւննի զինուորները 2013-ին սկսան դասալիք դառնալ, արեւմտեան դաշինքը Սուրիական ազատ բանակը զինեց` Սուրիան առաւել եւս ապակայունացնելու համար: Սուրիական ազատ բանակը իբրեւ սուրիացի չափաւորականներու միացեալ ջոկատներ նկարագրումը մամուլին կողմէ` խաբեպատիր է: Լուծարուած ուժերը վերախմբուեցան հարիւրաւոր անկախ գունդերու մէջ, որոնց մեծամասնութիւնը կը գտնուէր ժիհատական զինեալներու հրամանատարութեան տակ կամ դաշնակցած էր անոնց հետ, որոնք ամէնէն յանձնառու եւ ազդու զինեալներն էին: Մինչ այդ Իրաքի մէջ գտնուող Քայիտայի բանակները Իրաքէն կ՛անցնէին Սուրիա եւ կը միանային Սուրիական ազատ բանակի դասալիքներուն, որոնցմէ շատերը մարզուած ու զինուած էին Միացեալ Նահանգներու կողմէ:
«Հակառակ լրատուամիջոցներու կողմէ ներկայացուած բռնատէր Ասատի դէմ չափաւորական արաբներու ըմբոստութեան պատկերին` ամերիկեան գաղտնի սպասարկութեան պատասխանատուները սկիզբէն գիտէին, որ խողովակաշարի իրենց գործակալները արմատական ժիհատականներ են, որոնք հաւանաբար իրենց համար իսլամական նոր խալիֆայութիւն մը հաստատեն Սուրիոյ եւ Իրաքի սիւննի շրջաններուն մէջ: ՏԱՀԵՇ-ի մարդ մորթողները երկու տարի առաջ աշխարհի վրայ յայտնուեցան: Աջակողմեան «Judicial Watch» խմբակին կողմէ ձեռք բերուած 12 օգոստոս 2012 թուակիր Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկահաւաքի գործակալութեան կողմէ եօթը էջերէ բաղկացած ուսումնասիրութիւն մը, զգուշացուց, որ շնորհիւ Միացեալ Նահանգներ-սիւննի դաշինքի արմատական սիւննի ժիհատականներուն աջակցութեան` սալաֆականները, Իսլամ եղբայրները եւ ՏԱՀԵՇ-ը Սուրիոյ մէջ ըմբոստութեան մղում տուող գլխաւոր ուժերն են»:
Ամերիկեան եւ Ծոցի պետական ֆինանսաւորումը օգտագործելով` այդ խմբակները Պաշշար Ասատի դէմ խաղաղ ցոյցերը դէպի «յստակ յարանուանական (շիի ընդդէմ սիւննի) ուղղութիւն տարին»: Փաստաթուղթը կը նշէ, որ հակամարտութիւնը վերածուած է յարանուանական քաղաքացիական պատերազմի մը, որուն կ՛աջակցին սիւննի «կրօնական եւ քաղաքական ուժերը»: Զեկուցումը սուրիական հակամարտութիւնը կը ներկայացնէ իբրեւ շրջանի հարստութիւններուն տիրելու համար համաշխարհային պատերազմ` մէկ կողմէ «Արեւմուտքը, Ծոցի երկիրներն ու Թուրքիան կ՛աջակցին (Ասատի) ընդդիմութեան, իսկ միւս կողմէ Ռուսիան, Չինաստանն ու Իրանը կ՛աջակցին վարչակարգին»:
Եօթը էջերէ բաղկացած զեկուցումին փենթակոնեան հեղինակները կը թուին զօրակցիլ ՏԱՀԵՇ-ի խալիֆայութեան տեսակէտին: «Եթէ կացութիւնը փուլ գայ, գոյութիւն ունի արեւելեան Սուրիոյ մէջ (Հասաքէ եւ Տէր Զօր) յայտարարուած կամ չյայտարարուած սալաֆական էմիրութեան մը հաստատման կարելիութիւնը, եւ ընդդիմութեան աջակցող ուժերը ճիշդ այդ կ՛ուզեն` մեկուսացնելու համար սուրիական վարչակարգը»: Փենթակոնի զեկուցումը կը զգուշացնէ, որ այս նոր էմիրութիւնը կրնայ իրաքեան սահմանը անցնելով` հասնիլ Մուսուլ եւ Ռամատի եւ «յայտարարէ իսլամական պետութիւն մը` միանալով Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ այլ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու»:
«Անշուշտ ասիկա ճիշդ պատահածն է: Զուգադիպութիւն չէ, որ ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ բռնագրաւուած Սուրիոյ շրջանները կը ներառեն քաթարեան խողովակաշարի առաջարկուած ճամբան:
«Սակայն օրին` 2014-ին, մեր սիւննի գործակալները ամերիկացի ժողովուրդը սարսափեցուցին գլխատումներ կատարելով եւ միլիոնաւոր տեղահանուածներ դէպի Եւրոպա մղելով: 2004-էն 2008 «Էֆ.Պի.Այ.»-ի Joint Terrorism Task Force-ի նախագահ եւ Իրաքի մէջ «Էֆ.Պի .Այ.»-ի, իրաքեան ոստիկանութեան եւ ամերիկեան բանակին միջեւ իբրեւ կապ ծառայած Թիմ Քլեմենթէ հարցազրոյցի մը ընթացքին ինծի ըսաւ. «Թշնամիիս թշնամին բարեկամս է» գաղափարին վրայ հիմնուած ռազմավարութիւնները կրնան կուրցնել: Նոյն սխալը գործեցինք, երբ Աֆղանիստանի մէջ մուժահիտները մարզեցինք: Ռուսերը հեռացան, մեր ենթադրեալ բարեկամները սկսան հնագիտական իրեր փշրել, կիներ գերեվարել, անդամահատումներ կատարել եւ մեր վրայ կրակել»:
«Երբ ՏԱՀԵՇ-ի «Ժիհատական Ճոն»-ը սկսաւ պատկերասփիւռի տեսախցիկի դիմաց բանտարկեալներ սպաննել, Սպիտակ տունը շրջադարձ կատարեց, սկսաւ նուազ խօսիլ Ասատի տապալման մասին եւ աւելի խօսիլ շրջանային կայունութեան մասին: Օպամայի վարչակազմը սկսաւ հեռաւորութիւն պահել իր ֆինանսաւորած ըմբոստութենէն: Սպիտակ տունը մեղադրելով` մատնացոյց ըրաւ մեր դաշնակիցները: 3 հոկտեմբեր 2014-ին փոխնախագահ Ճօ Պայտըն Հարվըրտի Քաղաքականութեան հիմնարկի «Ճոն Ֆ. Քենետի» համախմբումին մէջ ուսանողներու ըսաւ. «Շրջանին մէջ մեր դաշնակիցները Սուրիոյ մէջ մեծագոյն հարցն են»: Ան բացատրեց, որ Թուրքիան, Սէուտական Արաբիան եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները «Ասատը տապալելու այնքան հետամուտ են», որ «շիի-սիւննի անուղղակի պատերազմ» մը շղթայազերծեցին` «հարիւրաւոր միլիոն տոլարներ եւ տասնեակ հազար թոն զէնքեր մատակարարելով ոեւէ մէկուն, որ կը կռուի Ասատի դէմ: Մատակարարուող անձերուն կողքին էին Ժապհաթ Նուսրան եւ Քայիտան», երկու խմբաւորումները 2014-ին իրարու միանալով` ստեղծեցին ՏԱՀԵՇ-ը: Պայտըն կը թուի ջղայնացած ըլլալ, որ մեր վստահելի «բարեկամները» ամերիկեան օրակարգին հետեւելու հարցով այնքան ալ վստահելի չեն»:
«Միջին Արեւելքի տարածքին արաբ ղեկավարներ կանոնաւոր կերպով Միացեալ Նահանգները կ՛ամբաստանեն ՏԱՀԵՇ-ը ստեղծած ըլլալու համար: Ամերիկացիներու մեծամասնութեան համար այդ ամբաստանութիւնները ցնորամտութիւն կը թուին: Սակայն բազմաթիւ արաբներու համար ամերիկեան մեղսակցութեան փաստերը այնքան առատ են, որ անոնք կ’եզրակացնեն, թէ ՏԱՀԵՇ-ի յայտնութեան մէջ մեր դերակատարութիւնը դիտաւորեալ եղած է:
«Իրողութեան մէջ ՏԱՀԵՇ-ի բազմաթիւ զինեալներ եւ անոնց հրամանատարները գաղափարական եւ կազմակերպական ժառանգորդներն են այն ժիհատականներուն, որոնց անցնող աւելի քան 30 տարուան ընթացքին Սուրիայէն մինչեւ Եգիպտոս, Աֆղանիստան եւ Իրաք կը սնուցանէր «Սի.Այ. Էյ.»-ը:
«Նախքան ամերիկեան ներխուժումը` Սատտամ Հիւսէյնի իշխած Իրաքին մէջ Քայիտա գոյութիւն չունէր: Նախագահ Ճորճ Ու. Պուշ քանդեց Սատտամի աշխարհիկ կառավարութիւնը, իսկ իր պատուիրակը` Փոլ Պրեմըրը, բացառիկ ապիկարութեամբ մը ստեղծեց սիւննի բանակը, որ ներկայիս կը կոչուի ՏԱՀԵՇ: Պրեմըր շիիները հասցուց իշխանութեան եւ Սատտամի իշխող Պաաս կուսակցութիւնը պաշտօնէ արձակելով` շուրջ 700,000 մեծամասնութեամբ սիւննի պետական եւ կուսակցական պաշտօնեաներ` նախարարներէ մինչեւ դպրոցի ուսուցիչներ պաշտօնանկ ըրաւ: Ան ապա լուծարեց 380,000 զինուորներէ բաղկացած բանակը, որուն 80 առ հարիւրը սիւննի էր: Պրեմըրի քայլերը միլիոնաւոր իրաքցի սիւննիներ զրկեց իրենց կալուածներէն, հարստութենէն եւ իշխանութենէն` իր ետին ձգելով զայրացած, ուսեալ, կարող, մարզուած եւ լաւապէս զինուած սիւններու յուսահատ ու նուաստացուած դասակարգ մը, որ ոչինչ ունի կորսնցնելիք: Սիւննի ըմբոստութիւնը ինքզինք կոչեց Իրաքի մէջ Քայիտա: 2011-էն սկսեալ մեր դաշնակիցները հովանաւորեցին Իրաքի մէջ Քայիտայի զինեալներուն ներխուժումը Սուրիա: Ապրիլ 2013-ին, Սուրիա մուտք գործելէ ետք, Իրաքի մէջ Քայիտան իր անունը փոխեց ՏԱՀԵՇ-ի: Ըստ «Նիւ Եորքըր»-էն Տեքսթըր Ֆիլքինզի, «ՏԱՀԵՇ կը ղեկավարուի նախկին իրաքցի զօրավարներու խորհուրդի մը կողմէ… Անոր անդամներէն շատեր Սատտամ Հիւսէյնի աշխարհիկ Պաաս կուսակցութեան անդամներ էին, որոնք ամերիկեան բանտերու մէջ որդեգրեցին արմատական իսլամութիւնը»: Օպամայի Սուրիա ուղարկած 500 միլիոն տոլար արժողութեամբ օժանդակութիւնը գրեթէ հաստատ կերպով անցաւ այդ զինեալ ժիհատականներուն ձեռքը: «Էֆ.Պի.Այ.»-ի միացեալ ուժի նախկին ատենապետ Թիմ Քլեմենթէ ըսաւ, որ Իրաքի եւ Սուրիոյ հակամարտութիւններուն տարբերութիւնը սուրիացի միլիոնաւոր զինուորագրման տարիքի անհատներն են, որոնք պատերազմի դաշտէն փախուստ կու տան դէպի Եւրոպա` փոխանակ մնալով` իրենց համայնքները պաշտպանելու: Անմիջական բացատրութիւնը այն է, որ երկրին չափաւորականները փախուստ կու տան պատերազմէ մը, որ իրենցը չէ: Անոնք պարզապէս կ՛ուզեն խուսափիլ Ասատի ռուսական աջակցութիւն վայելով բռնատիրութեան սալին եւ չարակամ ժիհատական սիւննիներու նալին միջեւ ճզմուելէ, որուն մէջ մենք մատ ունինք` մրցակից խողովակաշարերու շուրջ համաշխարհային պատերազմ մը ստեղծելով: Չէք կրնար սուրիացի ժողովուրդը այպանել Ուաշինկթընի կամ Մոսկուայի կողմէ իրենց ժողովուրդին հրամցուածը մերժելնուն համար: Գերտէրութիւնները չեն կրցած իտէալական պատերազմի մը տպաւորութիւնը ձգել, որուն համար չափաւորական սուրիացիները պատրաստ պիտի ըլլային կռուելու: Ուստի, ոչ ոք կ՛ուզէ խողովակաշարի մը համար մեռնիլ:
(Շար. 3)