Ինչպէս ծանօթ է, յառաջիկայ 17 փետրուարին պիտի սկսի Տուպայի պասքեթպոլի միջազգային մրցաշարքը` մասնակցութեամբ 9 խումբերու, որոնցմէ երեքը պիտի ըլլան լիբանանեան ակումբներ:
ՀՄԸՄ-էն, Ռիատիէն եւ Սաժեսէն բացի, մրցաշարքին կը մասնակցին նաեւ Սալա (Մարոք), Եգիպտոսի ազգային խումբը, Ֆիլիփեան կղզիներու ազգային խումբը, Ահլի, Շապապ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) եւ Պոլ Ըպաւ Օլ (Միացեալ Նահանգներ):
Ինչ կը վերաբերի մրցումներուն պատկերասփռումին, անոնք ուղղակիօրէն պիտի պատկերասփռուին «Մուսթաքպալ» պատկերասփիւռի կայանէն:
Ստորեւ` երէկ տեղի ունեցած վիճակաձգութեան արդիւնքը.
Ա. ԽՄԲԱԿ
Սաժես, Ռիատի, Եգիպտոսի ազգային խումբ եւ Պոլ Ըպաւ Օլ:
Բ. ԽՄԲԱԿ
ՀՄԸՄ, Ահլի, Սալա, Նասըր եւ Ֆիլիփեան կղզիներու ազգային խումբ: