Քանի մը ամսուան դադարէն ետք, «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի մրցումները կը վերսկսին այսօր, երբ տեղի կ՛ունենան 1-16-րդ հանգրուանի երթի մրցումները:
Ինչպէս ծանօթ է, այս հանգրուանի եւ անկէ ետք տեղի ունենալիք մրցումները պիտի կատարուին նաք-աութի դրութեամբ, եւ այդտեղ չկայ խմբակներու դրութիւնը:
Այսօր, բաւական կարեւոր ճակատումի մը ընթացքին «Փարք տը Փրենս»-ի իր դաշտին վրայ Փարիզ Սեն Ժերմեն պիտի հիւրընկալէ Պարսելոնան:
Իսկ վաղը, այլ զօրաւոր ճակատումի մը ընթացքին, Արսենալ պիտի այցելէ «Ալիանց Արենա», ուր հիւրը պիտի ըլլայ Պայէրն Միւնիխի:
Ստորեւ` կու տանք մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով).
ԱՅՍՕՐ | ԺԱՄ |
Պենֆիքա – Պորուսիա Տորթմունտ | 21:45 |
Փարիզ Սեն Ժերմեն – Պարսելոնա | 21:45 |
ՎԱՂԸ | |
Պայէրն Միւնիխ – Արսենալ | 21:45 |
Ռէալ Մատրիտ – Նափոլի | 21:45 |