12-17 մարտին տեղի պիտի ունենայ Արեւմտեան Ասիոյ` ՈՒԱՊԱ-ի պասքեթպոլի ակումբներու ախոյեանութիւնը:
Լիբանանէն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն նախորդ տարեշրջանի աւարտականի ճակատումին իրարու դէմ մրցած Ռիատի եւ Սաժես:
Յորդանանի մէջ տեղի ունենալիք այս մրցաշարքին խումբերը դաշտ կրնան ներկայացնել միայն 2 օտարականներ: