Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

15 Փետրուարին Բացումը Կը Կատարուի Վաստակաւոր Արուեստագէտ Քարլոս Սայադեանի Ցուցահանդէսին

Փետրուար 14, 2017
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարցազրոյցը վարեց՝ ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ

Չորեքշաբթի, 15 փետրուարի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան»  ցուցասրահին մէջ բացումը պիտի կատարուի հայրենի վաստակաշատ գեղանկարիչ Քարլոս Սայադեանի ցուցահանդէսին:

Այս առիթով «Ազդակ»-ին հետ ունեցած ամփոփ զրոյցին ընթացքին արուեստագէտը անդրադարձաւ 2014-ին կրկին նոյն ցուցասրահին մէջ իր տուած անհատական ցուցահանդէսին, որմէ ինք գոհ մնացած է, եւ որուն ընթացքին իր ներկայացուցած  38 գործերը` իւղաներկ եւ փասթել, լաւ ընդունելութեան արժանացան: «Անկէ ետք որոշեցի, որ կարելի է ուրիշ ձեւով ցուցահանդէս մը կայացնել, այս անգամ փասթելներ ներկայացնելով: Կը կարծեմ, թէ պէյրութցիք պիտի սիրեն փասթելը, որովհետեւ անիկա ֆրանսական երեւոյթ է, իսկ Պէյրութն ալ ֆրանսական մշակոյթի ազդեցութեան տակ է: Ինծի համար շատ հետաքրքրական է, թէ Պէյրութի հայ հանդիսատեսը ինչ անդրադարձ պիտի ունենայ, յոյսով եմ, որ իր աշխատանքս կ՛արժանանայ լիբանանահայ արուեստասէրներուն գոհունակութեան եւ սիրոյն», ըսաւ Սայադեան:

Ան դիտել տուաւ, որ իր գործերուն մէջ աշխատած է հարազատ մնալ իր մտածելակերպին, քանի որ ինք ընդհանրապէս կը նկարէ կիներ` առանձին կամ ընդհանուր պատկերի մէջ, մերկ, հագուստով, որովհետեւ մերկութեան մէջ պէտք չէ մերկութիւն տեսնել, այլ գեղեցկութիւն, նրբագեղութիւն պէտք է ըլլայ հոն: «Ես փորձած եմ այդ դիտանկիւնէն նայիլ. այս անգամ կան նաեւ փասթելի քանի մը գերիրապաշտ գործեր, որոնք դիտումնաւոր բերած եմ, որովհետեւ այսօրուան մեր կեանքին առնչուած է, հոն կայ մերկ կին` աթարի տան մէջ: Ես ուզած եմ հակադրութիւնը ցոյց տալ: Կան նաեւ աւելի կենցաղայինի մօտ նկարներ: Մերկութեան հետ ամէն մէկը իր իմաստը ունի, իւրաքանչիւր նկար պէտք է ունենայ ըսելիք եւ իմաստ, այլապէս այսօր արհեստագիտութիւնը այնքան զարգացած է, որ ամէն մարդ ամէն տեղ կրնայ նկարել, զարմանալի բան չէ մնացած: Հոս կայ այն, թէ ի՜նչ մօտեցումով եղած է ստեղծագործութիւնը, արուեստագէտին մտքին մէջ ի՛նչ կայ», յայտնեց Սայադեան:

Արուեստագէտը անդրադարձաւ նկարին մէջ առկայ վերացականութեան կարեւորութեան, որովհետեւ առանց ատոր անիկա իր արժէքը կը կորսնցնէ: Լայնութեան, բարձրութեան եւ խորութեան կողքին պէտք է առկայ ըլլայ ժամանակի տուեալը: Այդ է, որ նկարչութեան մէջ կեանք, աշխուժութիւն եւ հաղորդականութիւն կու տայ:

Ստեղծագործելու գործընթացին վերաբերող հարցումի մը պատասխանելով` հայրենի արուեստագէտը ըսաւ, որ երբ արհեստավարժ ես, պիտի չսպասես, որ մուսան գայ, այլ միշտ կ՛աշխատիս, միշտ մտքիդ մէջ նիւթեր կ՛ունենաս: «Ես սովորաբար կ՛աշխատիմ շարքերով, երբ նկարս դիտողը տարբեր պաստառներու մէջ նկատէ քիչ  մը նմանութիւններ, ուրեմն ատիկա ճիշդ է, որովհետեւ երբ շարք կը նկարես, ինքնաբերաբար կրնան նմանութիւններ ըլլալ, բայց խորքին մէջ անոնք տարբեր են, պէտք է լաւ նայիլ, խորանալ», դիտել տուաւ Սայադեան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արուեստի գործի մը ծնունդ տալը աշխատանքի արդիւնք կրնա՞յ ըլլալ, թէ՞ մարդ պէտք է տաղանդն ու բնածին տուեալները ունենայ` Քարլոս Սայադեան ըսաւ. «Այս մասին շատ խօսուած է, ես կը կարծեմ, թէ մարդ պէտք է անպայման Աստուծոյ տուած շնորհը ունենայ, սակայն աշխատանքը շատ կարեւոր է, առանց ատոր այդ շնորհը իր նպատակին չի ծառայեր: Ճիշդ է նաեւ հակառակը, մարդ կրնայ շատ աշխատող ըլլալ, սակայն երբ չունի տաղանդը, տեղ չի հասնիր: Ուրեմն այս երկուքը միասին պէտք է ըլլան անպայման: Արհեստավարժ նկարիչը պէտք է ամէն օր աշխատի: Երբեմն ինծի կը հարցնեն, եթէ կը սիրե՞մ գործս, սիրելը նախասիրութիւն կը նշանակէ ինծի համար, իսկ իմ պարագայիս աշխատանք է, ատով կ՛ուրախանամ, կը տխրիմ, անկէ կը յոգնիմ: Սակայն նկարին մէջ եղած չարչարանքը պէտք չէ տեսանելի ըլլայ դիտողին համար, պէտք չէ զգայ, լաւ չէ եթէ զգայ: Դիտողը պէտք է նկատէ նկարի ծնունդի վերջին 15 վայրկեանը, մնացեալը արուեստագէտը կը գիտնայ միայն»:

Ք. Սայադեան անդրադարձաւ նաեւ միջազգային հարթակի վրայ հայ նկարչութեան դիրքին` հաստատելով, որ շատ լաւ հայ նկարիչներ կան, սակայն պէտք է զանոնք ներկայացնել միջազգային մակարդակի վրայ: Ան շեշտեց, որ մերը օտարին ներկայացնելը շատ անհրաժեշտ է, որովհետեւ նկարչութիւնը այնպէս մըն է, որ բոլորին մատչելի է, թարգմանութեան կամ բացատրութեան կարիք չունի, այլ պարզապէս դիտելով կարելի է խորասուզուիլ անոր մէջ` անկախ դիտողին ինքնութենէն: Այս առումով ան կարեւոր նկատեց ազգային դպրոցի հիմնումը, որ աշխատանք պիտի տանի այս ուղղութեամբ, որպէսզի հայկականը մատչելի ըլլայ միջազգային մակարդակի վրայ ալ:

Նշենք, որ Սայադեան ծնած է Երեւան եւ հոն կատարելագործած իր արուեստը: Ան անհատական ցուցահանդէսներով հանդէս եկած է Երեւանի, Մոսկուայի, ամերիկեան ցամաքամասի, Ծոցի շրջանի եւ Եւրոպայի տարբեր քաղաքներուն մէջ: Արուեստագէտին գործերը կը ցուցադրուին Հայաստանի, Մոսկուայի, Ռումանիոյ, Իտալիոյ, Յունաստանի, Լիւքսամպուրկի եւ Փարիզի թանգարաններուն մէջ:

Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ 4 մարտ, առաւօտեան ժամը 9:30-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:30:

 

 

Նախորդը

Ինչո՞ւ Արաբները Սուրիոյ Մէջ Միացեալ Նահանգներու Ներկայութիւնը Չեն Ուզեր

Յաջորդը

«Հայաստանի Շրջակայ Միջավայրը Յայտնուել Է Ծանր Վիճակում». Արծուիկ Մինասեան

RelatedPosts

Հոգեկան Սլացք Եւ Աննկարագրելի Ապրում Է Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի Սրբադասումը». Մաշտոց Թ. Ծ. Վրդ. Զահթէրեան
Հարցազրոյց

Հոգեկան Սլացք Եւ Աննկարագրելի Ապրում Է Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի Սրբադասումը». Մաշտոց Թ. Ծ. Վրդ. Զահթէրեան

Հոկտեմբեր 16, 2025
Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբ.  «Մարդը Աթլանթիսէն» Թատերախաղին Մասին Հեղինակ Վաչէ Ատրունիի Եւ Բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի Հետ Յատուկ Հարցազրոյց
Հարցազրոյց

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբ. «Մարդը Աթլանթիսէն» Թատերախաղին Մասին Հեղինակ Վաչէ Ատրունիի Եւ Բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի Հետ Յատուկ Հարցազրոյց

Հոկտեմբեր 6, 2025
Զրոյց` Իրաքահայ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Կարապետ Գալուստեանի Հետ
Հարցազրոյց

Զրոյց` Իրաքահայ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Կարապետ Գալուստեանի Հետ

Սեպտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?