«Հորիզոն»
Սուրիացիները Սթոնն ու ամերիկեան դեսպանատան անձնակազմի երկու անդամներ վտարեցին. առաջին անգամն էր‚ որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան դիւանագէտ մը կը վտարուէր արաբական երկրէ մը: Այզընհաուրի վարչակազմը սնամէջ կերպով մերժեց Սթոնի խոստովանութիւնը` իբրեւ «յերյիւրանքներ» եւ «զրպարտութիւն»: Հերքում մը‚ որ ամբողջ ամերիկեան մամուլը, ղեկավարութեամբ «Տը Նիւ Եորք Թայմզ»-ի, անդրադարձաւ, եւ որուն հաւատաց ամերիկացի ժողովուրդը‚ որ կը բաժնէր Մոսատտեղի իրենց կառավարութեան մասին իտէալապաշտական տեսակէտը: Սուրիան մաքրագործեց Միացեալ Նահանգներուն համակիր բոլոր քաղաքագէտները եւ դաւաճանութեան համար մահապատիժի ենթարկեց բոլոր բանակային սպաները‚ որոնք առնչակից էին յեղաշրջումին: Միացեալ Նահանգները հակազդելով` 6-րդ նաւատորմը ուղարկեցին Միջերկրական ծով եւ սպառնացին պատերազմիլ‚ ինչպէս նաեւ Թուրքիան դրդեցին` ներխուժելու Սուրիա: Թուրքերը 50.000 զինուոր դիրքաւորեցին Սուրիոյ սահմաններուն վրայ եւ ետդարձ կատարեցին միայն Արաբական լիկայի միացեալ ընդդիմութեան պատճառով‚ որուն ղեկավարները զայրացած էին Միացեալ Նահանգներու միջամտութենէն: Նոյնիսկ իր վտարումէն ետք «Սի.Այ.Էյ.»-ը շարունակեց Սուրիոյ ժողովրդավարական հոլովոյթով ընտրուած պաասական կառավարութիւնը տապալելու իր գաղտնի ջանքերը: «Սի.Այ.Էյ.»-ը, գործակցութեամբ Բրիտանիոյ «Էմ. Այ. 6»-ի հետ, դաւադրաբար կազմեց «Ազատ Սուրիա յանձնախումբ»-ը եւ Իսլամ եղբայրները զինեց ահաբեկելու համար սուրիացի երեք պետական պաշտօնատարներ‚ որոնք օժանդակած էին «Ամերիկեան դաւ»-ի բացայայտման, ինչպէս Մաթիու Ճոնզ կը նշէ իր «Տը փրիֆըրտ փլէն» Տի Անկլօ-Ամերիքըն ուորքինկ կրուփ ռիփորթ ան քովըրթ էքշըն ին Սիրիա, 1957» գիրքին մէջ: «Սի.Այ.Էյ.»-ի չարագործութիւնները Սուրիան յաւելեալ հեռացուցին Միացեալ Նահանգներէն` զայն մղելով Ռուսիոյ եւ Եգիպտոսի հետ երկարատեւ դաշինքներ կնքելու:
«Սուրիոյ մէջ յեղաշրջումի երկրորդ փորձէն ետք‚ Միջին Արեւելքի մէջ, Լիբանանէն մինչեւ Ալճերիա, հակաամերիկեան անկարգութիւններ տեղի ունեցան: Արձագանգներէն մէկը 14 յուլիս 1958-ի յեղաշրջումն էր‚ որուն ղեկավարներն էին բանակի հակաամերիկեան սպաներ‚ որոնք տապալեցին Իրաքի ամերիկամէտ վարչապետ Նուրի Սայիտը: Յեղաշրջումի ղեկավարները հրապարակեցին կառավարական գաղտնի փաստաթուղթեր‚ որոնք կը բացայայտէին‚ թէ Նուրի Սայիտը «Սի.Այ.Էյ.»-էն մեծ գումարներ ստացող խամաճիկ մըն է: Իբրեւ պատասխան ամերիկեան դաւաճանութեան` իրաքեան նոր կառավարութիւնը խորհրդային դիւանագէտներ ու տնտեսական խորհրդատուներ հրաւիրեց Իրաք եւ կռնակ դարձուց Արեւմուտքին:
«Իրաքն ու Սուրիան օտարացնելէ ետք Քիմ Ռուզվելթ փախուստ տուաւ Միջին Արեւելքէն եւ, իբրեւ պաշտօնատար, աշխատեցաւ քարիւղի ճարտարարուեստին մէջ‚ որուն այնքան լաւ ծառայած էր «Սի.Այ.Էյ.»-ի մէջ իր պաշտօնավարութեան ընթացքին: Ըստ Վայնըրի‚ իբրեւ «Սի.Այ.Էյ.»-ի գրասենեակի ղեկավար Ռուզվելթը փոխարինած Ճէյմզ Քրիչֆիլտ թունաւորուած թաշկինակով Իրաքի նոր նախագահը սպաննելու ձախող փորձ մը կատարեց: Հինգ տարի ետք «Սի.Այ.Էյ.»-ը ի վերջոյ յաջողեցաւ տապալել Իրաքի նախագահը եւ Իրաքի մէջ իշխանութեան հասցնել Պաաս կուսակցութիւնը: Քարիզմաթիք երիտասարդ ոճրագործ մը` Սատտամ Հուսէյնը «Սի.Այ.Էյ.»-ի պաասական վարչակարգի ականաւոր ղեկավարներէն մէկն էր: Ըստ լրագրող եւ գրող Սայիտ Ապուրիշի «Ը պրիւթըլ ֆրենտշիփ: Տը Ուեսթ էնտ տի արապ Էլիթ» գիրքին, Պաաս կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Ալի Սալեհ Սաատի‚ որ Սաատամ Հուսէյնի հետ կը բաժնեկցէր իշխանութիւնը, հետագային ըսած է. «Իշխանութեան հասանք «Սի.Այ.Էյ.»-ի գնացքին վրայ»: Ապուրիշ կը յայտնէ‚ թէ «Սի.Այ.Էյ.»-ը Սատտամին եւ անոր մանկլաւիկներուն կը տրամադրէր մարդոց ցանկ մը‚ որոնք պէտք է «անմիջապէս մաքրագործուին ապահովութեան համար»: Թիմ Վայնըր կը գրէ‚ որ Քրիչֆիլտ հետագային ընդունած է‚ որ «Սի.Այ.Էյ.»-ը խորքին մէջ «ստեղեց Սատտամ Հուսէյնը»: Ռիկընի նախագահութեան տարիներուն «Սի.Այ.Էյ.»-ը Հուսէյնին տրամադրեց միլիառաւոր տոլարներ` մարզումի‚ մասնայատուկ ուժերու աջակցութեան‚ զէնքերու եւ պատերազմի դաշտի տեղեկահաւաքի համար, քաջ գիտնալով, որ թունաւոր մանանեխի եւ ջիղերու ազդող կազ եւ կենսաբանական զէնքեր‚ ներառեալ` Միացեալ Նահանգներու կառավարութենէն ստացուած անթրաքս, պիտի օգտագործէ Իրանի դէմ իր պատերազմին մէջ: Ռիկըն եւ «Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէն Պիլ Քէյսի Սատտամը կը նկատէին Միացեալ Նահանգներու քարիւղի ճարտարարուեստի հաւանական բարեկամ մը եւ ուժեղ պատուար մը` Իրանի Իսլամական յեղափոխութեան տարածման դէմ: Անոնց պատուիրակը` Տանըլտ Ռամսֆելտ 1983-ին Պաղտատ իր այցելութեան ընթացքին Սատտամին նուիրեց կովարածներու ոսկի գօտիներ‚ քիմիական-կենսաբանական ու աւանդական զէնքերու ցուցակ մը: Նոյն ատեն «Սի.Այ.Էյ.»-ը ապօրինի կերպով Սատտամի թշնամի Իրանին կը տրամադրէր հազարաւոր հակահրասայլային եւ հակաօդային հրթիռներ` կռուելու համար Իրաքի դէմ. ոճիր մը‚ որ բացայայտ դարձաւ Իրան-Քոնթրա գայթակղութեան ընթացքին: Երկու կողմերէն ժիհատականներ հետագային «Սի.Այ.Էյ.»-ի կողմէ տրամադրուած այդ զէնքերէն շատերը օգտագործեցին ամերիկացի ժողովուրդին դէմ:
«Մինչ Ամերիկան կը սերտէ Միջին Արեւելքի մէջ ա՛լ աւելի բիրտ միջամտութիւն մը, ամերիկացիներուն մեծամասնութիւնը անտեղեակ է «Սի.Այ.Էյ.»-ի նախկին ձախողութիւններու հետեւանքներէն‚ որոնք նպաստեցին ներկայ ճգնաժամի ստեղծման: «Սի.Այ.Էյ.»-ի տասնամեակներու արարքներու արձագանգները կը շարունակուին այսօր լսուիլ միջինարեւելեան երկիրներու մայրաքաղաքներուն մէջ եւ մզկիթներէն` «Սի.Այ.Էյ.»-ի օժանդակութեամբ քանդուած ժողովրդավարութեան եւ չափաւորական իսլամութեան ենթահողին վրայ:
Իրանցի եւ սուրիացի բռնատէրերու շարք մը‚ ներառեալ` Պաշշար Ասատն ու անոր հայրը, «Սի.Այ.Էյ.»-ի արիւնալի յեղաշրջումներուն պատմութիւնը օգտագործած են իբրեւ իրենց բռնատիրական իշխանութեան‚ բռնաճնշումներուն եւ Ռուսիոյ հետ ուժեղ դաշնակցութեան կարիքի պատրուակ: Ուստի այդ պատմութիւնները հանրածանօթ են Սուրիոյ եւ Իրանի ժողովուրդներուն‚ որոնք ամերիկեան միջամտութեան մասին խօսակցութիւնները կը մեկնաբանեն այդ պատմութեան ծիրին մէջ:
«Մինչ ամերիկացի համակերպող մամուլը թութակի պէս կը կրկնէ այն վարկածը‚ թէ սուրիական ըմբոստութեան զինուորական աջակցութիւնը բացառապէս մարդասիրական նպատակներով է‚ բազմաթիւ արաբներ ներկայ տագնապը կը դիտեն իբրեւ խողովակաշարերու եւ աշխարհաքաղաքականութեան վրայ հիմնուած մէկ այլ անուղղակի պատերազմ: Նախքան հակամարտութեան մէջ աւելի մխրճուիլը` հարկ է նկատի ունենալ այդ տեսանկիւնը հաստատող առատ փաստերը:
«Անոնց կարծիքով, Պաշշար Ասատի դէմ մեր պատերազմը, 2011-ի «Արաբական գարուն»-ի խաղաղ քաղաքացիական ցոյցերով‚ հետեւանք է 2000-ին Քաթարի առաջարկին` Սէուտական Արաբիայէն‚ Յորդանանէն‚ Սուրիայէն եւ Թուրքիայէն անցնող 10 միլիառ տոլար արժողութեամբ եւ 1500 քիլոմեթր երկարութեամբ խողովակաշարի մը ընդդիմանալուն: Քաթար Իրանի հետ կը բաժնեկցի Հարաւային Փարս-Հիւսիսային Գմբեթ կազի դաշտը` աշխարհի բնական կազի ամէնէն հարուստ պաշարը: Իրանի դէմ մինչեւ վերջերս գոյութիւն ունեցող միջազգային արգելքին պատճառով Իրանին արգիլուած է կազը արտասահմանի մէջ ծախել: Մինչ այդ Քաթարի կազը կրնայ եւրոպական շուկայ հասնիլ, միայն եթէ հեղուկի վերածուի եւ ծովու ճամբով ուղարկուի. ճամբայ մը‚ որ կը սահմանափակէ ծաւալն ու նկատառելի կերպով կ՛աճեցնէ ծախսերը: Առաջարկուած խողովակաշարը Քաթարը Թուրքիոյ ճամբով ուղղակի պիտի կապէր եւրոպական ուժանիւթի շուկային: Պարսկական ծոցի սիւննի թագաւորութիւնները Քաթար-Թուրքիա խողովակաշարի շնորհիւ վճռական տիրակալութիւն պիտի հաստատէին աշխարհի բնական կազի շուկաներուն վրայ, եւ պիտի հզօրանար Քաթարը` արաբական աշխարհի մէջ Ամերիկայի ամէնէն սերտ դաշնակիցը: Քաթար կը հիւրընկալէ ամերիկեան երկու հսկայական ռազմակայաններ եւ ամերիկեան բանակի Միջին Արեւելքի կեդրոնատեղին է:
«Եւրոպական Միութիւնը‚ որ իր կազին 30 առ հարիւրը կը ստանայ Ռուսիայէն‚ նոյնպէս կարիքը ունի խողովակաշարին‚ որպէսզի միութեան անդամներուն տրամադրէ աժան ուժանիւթ եւ Վլատիմիր Փութինի տնտեսական ու քաղաքական ծանր ազդեցութենէն փրկուի: Ռուսիոյ կազի երկրորդ մեծագոյն յաճախորդ Թուրքիան մասնաւորաբար նախանձախնդիր էր` վերջ տալու իր հին մրցակիցէն իր կախուածութեան եւ ինքզինք հաստատելու իբրեւ շահաւէտ խաչմերուկ` ասիական վառելանիւթերու դէպի Եւրոպական Միութեան շուկաներ առաքման պարագային: Քաթարեան խողովակաշարը Սէուտական Արաբիոյ պահպանողական սիւննի թագաւորութեան պիտի նպաստէր` արտօնելով մուտք գործել շիի տիրապետութեան տակ գտնուող Սուրիա: Սէուտցիներու աշխարհաքաղաքական նպատակը Պաշշար Ասատի սերտ դաշնակից Իրանի շիի պետութեան տնտեսական ու քաղաքական ազդեցութիւնը սանձելն է: Սէուտական թագաւորութիւնը ամերիկեան հովանաւորութեամբ շիիներու Իրաքի տիրանալը (եւ վերջերս Իրանի դէմ հաստատուած առեւտուրի արգելքի ջնջումը) կը նկատէ իբրեւ շրջանային ուժ եւ իր կարգավիճակին նուազում մը, որ արդէն ներգրաւուած էր Եմէնի մէջ Թեհրանի դէմ անուղղակի պատերազմին մէջ‚ որ յատկանշուեցաւ իրանեան աջակցութիւն վայելող Հութի ցեղախումբին դէմ սէուտական ցեղասպանութեամբ:
Անշուշտ ռուսերը‚ որոնք իրենց կազի արտածումներուն 70 առ հարիւրը կը ծախեն Եւրոպայի‚ Քաթար-Թուրքիա խողովակաշարը կը նկատեն գոյութենական վտանգ մը: Փութինի կարծիքով, Քաթարի խողովակաշարը կարգավիճակը փոխելու‚ Ռուսիան Միջին Արեւելքի մէջ դիրքէ զրկելու‚ ռուսական տնտեսութիւնը խեղդելու եւ եւրոպական ուժանիւթի շուկային մէջ ռուսական գերակայութեան վերջ տալու ՕԹԱՆ-ի դաւ մըն է: 2009-ին Ասատ յայտարարեց‚ որ «ռուս դաշնակիցին շահերը պաշտպանելու համար» պիտի մերժէ ստորագրել համաձայնութիւնը‚ որ խողովակաշարին կ՛արտօնէ Սուրիայէն անցնիլ:
Ասատ առաւել եւս զայրացուց Ծոցի սիւննի թագաւորները` որդեգրելով ռուսական հաւանութեան արժանացած «Իսլամական խողովակաշար»-ը‚ որ իրանեան հատուածէն կ՛երկարի դէպի Լիբանանի նաւահանգիստները` անցնելով Սուրիայէն: Իսլամական խողովակաշարը շիի Իրանը պիտի վերածէր եւրոպական ուժանիւթի շուկային գլխաւոր մատակարարը եւ ոչ թէ` սիւննի Քաթարը‚ ինչպէս նաեւ նկատառելի կերպով աճեցնէր Միջին Արեւելքի եւ աշխարհի վրայ Թեհրանի ազդեցութիւնը: Իսրայէլ եւս հասկնալի կերպով վճռած է խափանել Իսլամական խողովակաշարի ծրագիրը‚ որ պիտի հարստացնէ Իրանն ու Սուրիան‚ ինչպէս նաեւ անոնց հովանաւորութեան տակ գտնուողները` Հըզպալլան ու Համասը»:
Ամերիկեան‚ սէուտական եւ իսրայէլեան գաղտնի սպասարկական գաղտնի նամակագրութիւններ ցոյց կու տան‚ որ այն պահուն‚ որ Ասատ մերժեց քաթարեան խողովակաշարը‚ զինուորական եւ գաղտնի սպասարկութիւններու ղեկավարները արագ կերպով եւ միաձայնութեամբ որոշեցին‚ որ չգործակցող Պաշշար Ասատը տապալելու համար Սուրիոյ մէջ սիւննի ըմբոստութիւն հրահրելը կարելի միջոց մըն է` հասնելու Քաթար-Թուրքիա խողովակաշարի իրագործման հասարակաց նպատակին: Ըստ «Ուիքիլիքս»-ի‚ 2009-ին Պաշշար Ասատի քաթարեան խողովակաշարը մերժելէն անմիջապէս ետք‚ «Սի.Այ.Էյ.»-ը սկսաւ ֆինանսաւորել Սուրիոյ մէջ ընդդիմադիր խմբաւորումները: Հարկ է նշել‚ որ ասիկա Ասատի դէմ «Արաբական գարուն»-էն ծնունդ առած ըմբոստութենէն շատ առաջ էր:
«Պաշշար Ասատի ընտանիքը ալեւի է, իսլամ յարանուանութիւն մը‚ որ ընդհանուր առմամբ կը նկատուի շիի հոսանքին հակող: Սէյմուր Հըրշ հարցազրոյցի մը ընթացքին ինծի ըսաւ. «Պաշշար Ասատ երբեք ալ նախատեսուած չէր‚ որ նախագահ ըլլար: Անոր հայրը զինք Լոնտոնի մէջ բժշկութեան դպրոցէն վերադարձուց‚ երբ իր երէց եղբայրը` գահաժառանգը, մահացաւ ինքնաշարժի արկածի մը պատճառով»: Ըստ Հըրշի‚ պատերազմի սկիզբէն առաջ Ասատ կ՛ուղղուէր դէպի երկրի ազատականացում: «Անոնք համացանց ունէին‚ մամուլ, ATM մեքենաներ… Ասատ նոյնիսկ կ՛ուզէր դէպի Արեւմուտք ուղղուիլ: 9 սեպտեմբեր 2011-էն ետք ան հազարաւոր արժէքաւոր թղթածրարներ յանձնեց «Սի. Այ. Էյ.»-ին` ժիհատական արմատականներու վերաբերեալ‚ որոնք ան կը նկատէ հասարակաց թշնամի մը»‚ ըսաւ ան: Ասատի վարչակարգը աշխարհիկ է, եւ Սուրիան տպաւորիչ կերպով բազմազան խաւերէ կազմուած էր: Օրինակի համար, սուրիական կառավարութեան ու բանակին 80 առ հարիւրը սիւննի էին: Ասատ իր բազմազան ժողովուրդին մէջ խաղաղութիւն կը պահէր ուժեղ եւ կարգապահ բանակի մը միջոցով‚ որ հաւատարիմ է Ասատ ընտանիքին. հաւատարմութիւն մը‚ որ ապահովուած է ազգային վարկ վայելող եւ բարձր վճարումներ ստացող սպայակոյտի‚ ազդու գաղտնի սպասարկութեան եւ բրտութեամբ կիրարկուող միջոցներով‚ որ նախքան պատերազմը չափաւոր էր` բաղդատմամբ միջինարեւելեան այլ ղեկավարներու‚ ներառեալ` մեր ներկայ դաշնակիցներուն: Ըստ Հըրշի‚ «Ան հաստատ իր ժողովուրդը ամէն չորեքշաբթի չէր գլխատեր, ինչպէս սէուտցիները կ՛ընեն Մեքքայի մէջ»:
(Շար. 2)