Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Հայկական Ս. Գէորգ Վանական Համալիրը Անմխիթար Վիճակի Մէջ Է

February 13, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻԱ ԱՐԱՊԱԹԼԵԱՆ

Խարբերդի մէջ գտնուող հայկական Ս. Գէորգ վանական համալիրը բաւական վատ վիճակի մէջ է:

Համալիրին բոլոր կառոյցները աւերակներ դարձած են: Ներկայիս կանգուն մնացած է միայն կիսաքանդ եկեղեցի մը, որուն սիւները ճաթած են, իսկ կառոյցէն ներս ամբողջութեամբ աւերակ է ամէն ինչ: Այս տեղեկութիւնը կը փոխանցէ Evrensel.net-ը:

6-րդ դարու այս վանական համալիրը նախապէս ունեցած է իր եկեղեցին, բաղնիքը, որբանոցն ու գերեզմանատունը: Անիկա գիւղին վերի հատուածը բաւական ընդարձակ տարածք մը գրաւած է: Ս. Գէորգ համալիրը իր կառուցման օրէն իսկ հարիւրաւոր սաներ ունեցած է: Իսկ Հայոց ցեղասպանութենէն ետք երկար ժամանակ ապաստան տուած է հոն հասնող գաղթականներու անվերջ հոսքին:

Միութիւն եւ բարգաւաճում  կուսակցութեան ժամանակաշրջանին վանական համալիրը յանձնուած է Պիթլիսէն եկող զինուոր Սատըք Էքրեմին, որ իր զինուորներուն հետ գանձեր գտնելու յոյսով անխնայ փորփրած են համալիրին տարածքը: Տեղացիներուն համաձայն, վանական համալիրը պարբերաբար գանձախոյզերու յարձակումներու ենթարկուելու իբրեւ հետեւանք աւերուած է:

Գիւղի բնակիչներու վկայութեամբ, մինչեւ 1990-ական թուականներ եկեղեցւոյ պատերուն վրայ գոյութիւն ունեցած են ձիաւորի մը եւ հսկայ խաչերու պատկերներ, որոնք այնուհետեւ անյայտ անձերու կողմէ առանց պատճառի քանդուած ու ոչնչացուած են:

Թուրքիոյ շրջակայ միջավայրին եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան հիմնադրամը (Շէքիւլ) շուրջ 35 տարի առաջ վանական համալիրի պահպանման դիմում ներկայացուցած է: Անկէ ետք համալիրի տարածքը Էլազըղի քաղաքապետարանի Հնագիտութեան եւ Ազգագրական թանգարանի պատասխանատուութեան տակ եղած է:

Սակայն, այնուհետեւ, հայկական Ս. Գէորգ վանական համալիրի պահպանման կամ վերականգնման ուղղութեամբ ոչ մէկ աշխատանք կատարուած է: Թերեւս, կարելի է նշել միայն այն, որ համալիրի տարածքին կանգուն մնացած միակ կառոյցը` կիսաքանդ եկեղեցին եւ զայն շրջապատող փոքրիկ հողակտորն է, որ փշալարերով ցանկապատուած է ու այդպէս ալ մոռացութեան մատնուած է:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (13 Փետրուար 1967)

Յաջորդը

Իրանցի Գործարարները Արթիկի Մէջ Գորգագործութեան Զարգացման Ծրագիր Կը Մշակեն

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.