Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանը Կը Դիտարկէ Իբրեւ Վստահելի Եւ Արժանահաւատ Գործընկեր» Կ՛ըսէ Եւրոպական Յանձնաժողովի Ներկայացուցիչը

May 14, 2025
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական յանձնաժողովի ընդլայնման եւ արեւելեան դրացնութեան հարցերով գլխաւոր տնօրէնութեան ղեկավար Կերթ Եան Քուփմանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ:

Կերթ Եան Քուփման բարձր գնահատած է Հայաստանի հետ գործընկերային յարաբերութիւնները` ընդգծելով, որ Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանը կը դիտարկէ իբրեւ վստահելի եւ արժանահաւատ գործընկեր: Ան դրական գնահատած է վերջերս Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին կողմէ որդեգրուած «Հայաստանի Հանրապետութեան Եւրոպական Միութեան անդամակցելու հոլովոյթի մեկնարկի մասին» օրէնքը` նշելով, որ ատիկա կարեւոր ուղերձ է, որ կը վկայէ Հայաստանի եւրոպական ընտրութեան անկեղծութեան եւ հետեւողականութեան մասին:

Քուփման ընդգծած է, որ Եւրոպական Միութիւնը կ՛ողջունէ Հայաստանի Հանրապետութեան Կառավարութեան բարեփոխումներու յաւակնոտ օրակարգը եւ պատրաստ է հետեւողականօրէն աջակցելու այդ հոլովոյթին` ընդլայնելով համագործակցութիւնը բոլոր այն ոլորտներուն մէջ, որոնք կը նպաստեն Հայաստանի կայուն զարգացման եւ քաղաքացիական հասարակութեան զարգացման:

Զրուցակիցները հանգամանօրէն անդրադարձած են  Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու ընթացիկ փուլին, ներառեալ` Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի կիրարկման հոլովոյթին, տնտեսական եւ ոլորտային համագործակցութեան, թուայնացման, կանաչ ուժանիւթի, կրթութեան, ենթակառոյցներու զարգացման եւ ժողովրդավարական բարեփոխումներու ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն:

Այս ծիրին մէջ զրուցակիցները անդրադարձած են 2024 թուականին Պրիւքսելի մէջ յայտարարուած Դիմակայունութեան եւ աճի ծրագիրի տակ 2025-2027 թուականներուն համար նախատեսուող քայլերուն` ընդգծելով ձեռք բերուած համաձայնութիւններու իրականացման ուղղութեամբ աշխուժ համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը:

Հանդիպումի ընթացքին կողմերը քննարկած են նաեւ շրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան վերաբերող խնդիրներ, մասնաւորաբար Հայաստան-Ազրպէյճան խաղաղութեան հոլովոյթին առնչուող հարցեր:

Նախորդը

Թրամփ Եւ Սալման Երկու Երկիրներուն Միջեւ Ռազմավարական Տնտեսական Գործընկերութեան Փաստաթուղթ Ստորագրեցին

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները
Հայկական

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները

October 27, 2026
Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը  Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին  Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու

October 27, 2026
Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի,  Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր,  Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի, Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր, Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.