Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Քաղաքական Գործիչներ Եւ Իրաւապաշտպաններ Կ՛արձագանգեն Լափշինի Արտայանձնման

Փետրուար 9, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
1
Share on FacebookShare on Twitter

Պիելոռուսիոյ կողմէ պլոկըր Ալեքսանտր Լափշինի Ազրպէյճանին արտայանձնումին անդրադարձան հայրենի քաղաքական գործիչներ, ինչպէս նաեւ մարդու իրաւունքներու պաշտպաններ:

Արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան նշեց, որ 8 փետրուարի առաւօտեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ  բանբերին միջոցով նախարարութիւնը արձագանգած է այդ հարցին, իսկ անկէ առաջ ալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին հարցը որակած է  խայտառակութիւն` ըսելով, որ ատիկա կը վնասէ Պիելոռուսիոյ  վարկանիշին:

Նախարարին խօսքով` հասկնալի է Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունեցող վրդովումը, զոր ցուցաբերեց հասարակութիւնը Լափշինի արտայանձնումին առիթով:

Ըստ Նալբանդեանի, Ազրպէյճան այդ քայլերուն կը դիմէ, որպէսզի մարդիկ չայցելեն Արցախ: «Արդեօ՞ք ատիկա կը կանգնեցնէ օտարերկրեայ գործիչներու այցելութիւնները Արցախ, վստահաբար ոչ, այցելութիւնները  պիտի շարունակուին: Այդ ուղղութեամբ քայլեր առնուած են ու պիտի առնուին, բայց չեմ կարծեր, որ այդ գործողութիւններուն մասին մենք պէտք է յայտարարենք», ըսաւ նախարարը:

Հայաստանի արդարադատութեան նախարար Արփինէ Յովհաննիսեան յայտնեց, որ Լափշինի արտայանձնումը իրաւական ոչ մէկ հիմք ունի` հաստատելով, որ ան յատկապէս Պիելոռուսիոյ մէջ ոչ մէկ յանցանք գործած է, ուստի պլոկըրին դէմ դատ բանալու դրդապատճառ չկայ, այլ անիկա խախտում է ո՛չ միայն միջազգային մակարդակով ընդունուած սկզբունքներուն, այլ նաեւ Պիելոռուսիոյ քրէական դատավարութեան օրէնսգիրքին ու քրէական օրէնսգիրքին:

Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան Պրիւքսէլի մէջ Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Հերպըրթ Զալպերի հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին անդրադարձած է այս հարցին` զայն անթոյլատրելի նկատելով եւ շեշտելով, որ հիմա աւելի պէտք է աշխուժացնել այցելութիւնները Լեռնային Ղարաբաղ:

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպանը յայտարարութեամբ մը դատապարտած է պլոկըր Ալեքսանտր Լափշինի Ազրպէյճանին արտայանձնումը: «Լափշինը քրէական հետապնդման ենթարկելով Ազրպէյճան մտադիր է նախընթաց մը ստեղծել եւ Արցախի ազատ խօսքը լռեցնել ու սպառնալ բոլոր անոնց, որոնք կը փափաքին Արցախ այցելել:

«Բայց եւ այնպէս, Ազրպէյճան պիտի չյաջողի Լափշինի դատը իրաւական նախընթացի վերածելու մէջ, քանի որ անոր իբրեւ հիմք նկատի առնող պատճառաբանութիւնը ժողովրդական բնոյթ կրող որեւէ պետութեան կամ հաստատութեան համար մերժելի է:

«Աւելի՛ն, Լափշինի բողոքարկումը դրդապատճառ պիտի հանդիսանայ` աւելցնելով մարդու իրաւունքներու գաղափարախօսութեան ազնուութեամբ նուիրեալ իրաւապաշտպաններուն, խօսքի ազատութեան ամենայն ազնուութեամբ նուիրեալ լրագրողներուն հետաքրքրութիւնը Արցախի նկատմամբ: Սփիւռքի կառոյցներուն, հայկական իրաւապաշտպան ու լրագրական շրջանակներուն կոչ կ՛ուղղեմ` ներգրաւուելու Լափշինի գործին հակառակ ազդուութիւն տալու մէջ եւ հակադարձութեան մղիչ ուժի վերածելու զայն»:

Նախորդը

Ռուսիա Հիասթափութիւն Կը Յայտնէ Լափշինը Արտայանձնելու Որոշումին Նկատմամբ

Յաջորդը

Աղուան Վարդանեան Կոչ Կ՛ուղղէ` Լափշինի Վերաբերող Ազգային Ժողովի Յայտարարութիւն Հրապարակելու

RelatedPosts

Ակնարկ.  Պէյրութը Բոլոր Համայնքներուն Մայրաքաղաքն Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Պէյրութը Բոլոր Համայնքներուն Մայրաքաղաքն Է

Մայիս 14, 2025
ՀՅԴ-ի Այնճարի Քաղաքապետական Խորհուրդի  Առաջադրած Ցանկը Ընտրուած Է` Մրցակիցի  Չգոյութեան Բերումով
Գաղութային

ՀՅԴ-ի Այնճարի Քաղաքապետական Խորհուրդի Առաջադրած Ցանկը Ընտրուած Է` Մրցակիցի Չգոյութեան Բերումով

Մայիս 14, 2025
«Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանը Կը Դիտարկէ  Իբրեւ Վստահելի Եւ Արժանահաւատ Գործընկեր»  Կ՛ըսէ Եւրոպական Յանձնաժողովի Ներկայացուցիչը
Հայկական

«Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանը Կը Դիտարկէ Իբրեւ Վստահելի Եւ Արժանահաւատ Գործընկեր» Կ՛ըսէ Եւրոպական Յանձնաժողովի Ներկայացուցիչը

Մայիս 14, 2025

Comments 1

  1. Պետրոս Զէրտէլեան says:
    8 years ago

    Օլիկարխներու գաղտնի աշխարհ մը մէջտեղ ելած է, ուր մնացին Միացեալ Ազգերու Մարդկային Իրաւունքները? Ուր մնացին խօսքի եւ արտայայտութեան իրաւունքները? Ուր մնացին Միջազգային Դատարանի օրէնքները? Մարդ արարածը ծնած է ազատ, մտածելու, խօսելու, գործելու եւ ստեղծագործելու։
    Ամէն քաղաքացի ունի պարտականութիւններ եւ միեւնոյն ատեն իրաւունքներ։ Ցաւ ի սիրտ Անարդար Աշխարհի մը մէջ կ՚ապրինք։

    Reply

Leave a Reply to Պետրոս Զէրտէլեան Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?