Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գասպարեան. «Նախագահին Պահանջն Է` Ընտրական Հոլովոյթին Մէջ Պահպանել Օրէնքի Տառն Ու Ոգին»

February 9, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

7 փետրուարին Հայաստանի ոստիկանութեան պետ, ոստիկանութեան գնդապետ-զօրավար Վլատիմիր Գասպարեան տարեսկիզբի աշխատանքային հանդիպումներու շրջագիծին մէջ խորհրդակցութիւն ունեցած է ոստիկանութեան Տաւուշի մարզային վարչութեան ու ենթակայ ստորաբաժանումներու ղեկավարներուն մասնակցութեամբ:

Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանութենէն կը տեղեկացնեն, որ խորհրդակցութեան կը մասնակցէր Տաւուշի մարզպետ Յովիկ Աբովեան:

Վլատիմիր Գասպարեան նշեց, որ դրական տեղաշարժեր կան մարզի ոստիկանութեան աշխատանքին մէջ, սակայն արդիւնքները տակաւին հեռու են բաւարար ըլլալէ, ուստի այս տարուան ընթացքին կը նախատեսուի ոստիկանութեան կեդրոնական ղեկավարութեան եւ մարզային ստորաբաժանումներու աւելի սերտ աշխատանք:

Անդրադառնալով ոստիկանութեան խնդիրներուն` ոստիկանութեան պետը կարեւոր նկատեց համայնքային ոստիկանութեան կայացման անհրաժեշտութիւնը:

Վլատիմիր Գասպարեան անդրադարձաւ նաեւ ընտանեկան բռնութիւններու դէմ  պայքարին եւ յատկապէս անչափահասներուն հետ տարուող աշխատանքի խնդիրներուն:

Վլատիմիր Գասպարեան խորհրդակցութեան մասնակիցներուն  ուշադրութիւնը հրաւիրեց յառաջիկայ համապետական ընտրութիւններուն ընթացքին ոստիկանութեան դերակատարութեան եւ գործառոյթներուն` նշելով, որ հանրապետութեան նախագահին պահանջն է` ընտրական ամբողջ հոլովոյթին առաւելագոյնս պահպանել օրէնքի տառն ու ոգին, ըլլալ բացարձակ արդար եւ անխոցելի:

Ոստիկանութեան պետը խորհրդակցութեան մասնակիցներուն անգամ մը եւս յիշեցուց գիւղական շրջաններուն մէջ ոստիկանութեան գործունէութեան եւ գիւղացիին հետ աշխատանքի առանձնայատկութիւններուն մասին:

Աշխատանքային խորհրդակցութեան աւարտին Վլատիմիր Գասպարեան մասնակիցներուն տուաւ ցուցմունքներ եւ յանձնարարականներ:

 

 

 

Նախորդը

Ազրպէյճան Եւ Ուքրանիա Կ՛արգիլեն Արցախի Եւ Տոնպասի Արտադրութիւններու Ներածումը

Յաջորդը

Ռուսիա Հիասթափութիւն Կը Յայտնէ Լափշինը Արտայանձնելու Որոշումին Նկատմամբ

RelatedPosts

Հայաստանի 21 Համայնքներու Մէջ  Տեղի Ունեցան Տեղական Ինքնակառավարման  Մարմիններու Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի 21 Համայնքներու Մէջ Տեղի Ունեցան Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութիւններ

October 26, 2026
Վիեննայի Միջազգային Փառատօնին  Արցախի Մասնակցութիւնը Ջնջուած Է  Դեսպանատուներու Միջամտութեան Պատճառով
Գլխաւոր լուրեր

Վիեննայի Միջազգային Փառատօնին Արցախի Մասնակցութիւնը Ջնջուած Է Դեսպանատուներու Միջամտութեան Պատճառով

October 26, 2026
Հայաստան Յաղթեց «Մանկական Եւրատեսիլ»-ին
Հայկական

Հայաստան Յաղթեց «Մանկական Եւրատեսիլ»-ին

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.