
Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 17-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի խումբը, որ Նեպիհ Պըրրիի անուան մարզահամալիրին մէջ (Սայտա) մրցեցաւ Ահլի Սայտայի դէմ, 4-2 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Պէյրութ (կիսախաղ` 1-1):
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կոլերը նշանակեցին Աւօ Տոնպուրեան (3 կոլ) եւ Անդրանիկ Կարապետեան:
Իր կարգին, յաղթանակ արձանագրեց ՀՄԸՄ Պէյրութի կազմը, որ Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ սիքս»-ին գծով իր կատարած առաջին մրցումին 5-3 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Մաշաալ Պատնայելը` Սատի դաշտին վրայ: