«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Դեմոկրատական եւ Հանրապետական կուսակցութիւններէն խումբ մը ծերակուտականներ մտադիր են ներկայացնել օրինագիծ մը, որ պիտի արգելակէ Ռուսիոյ դէմ սահմանուած պատժամիջոցները ջնջելու նախագահ Տանըլտ Թրամփի կարելիութիւնը:
Ծերակոյտին մէջ դեմոկրատականներու ղեկավար Չաք Շումըր ամերիկեան «Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ օրէնսդիրները կը զգուշանան, որ Թրամփի վարչակազմը կրնայ ջնջել պատժամիջոցները` Ռուսիոյ կողմէ հիւլէական սպառազինութիւններու կրճատման փոխարէն:
«Եթէ մենք վերցնենք պատժամիջոցները, ապա Ռուսիոյ պիտի ըսենք. «Այդպէ՛ս, շարունակեցէ՛ք միջամտել մեր ընտրութիւններուն եւ այլ վատ բաներ ըրէք: Ատիկա նոյնպիսի ազդանշան պիտի յղէ Չինաստանին եւ Իրանին: Ատիկա սարսափելի պիտի ըլլայ», ըսած է Շումըր:
Ըստ անոր, փաստաթուղթը պաշտպանած են հանրապետական ծերակուտականներ Ճոն ՄըքՔէյնը եւ Լինտսի Կրեմը: