
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները պատրաստ են ղարաբաղեան տագնապի լուծման հարցով Միւնիխի մէջ փետրուարի կէսերուն տեղի ունենալիք անվտանգութեան հարցերով խորհրդաժողովի ծիրին մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ հանդիպում կազմակերպելու: Այս մասին ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան յայտնած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ռուս համանախագահ Իկոր Փոփով:
«ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները համաձայնած են փետրուարի կիսուն առանձին խորհրդակցութիւններ կատարել Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ, անվտանգութեան հարցերով միւնիխեան խորհրդաժողովի ծիրին մէջ», նշած է ան: «Եթէ նախարարները շահագրգռուածութիւն ցուցաբերեն, մենք պիտի կազմակերպենք անոնց միջեւ հանդիպումը», աւելցուցած է ան:
Բացի ատկէ, դեսպանը նշած է, որ անցեալ ամրան Ս. Փեթերսպուրկի մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն համաձայն, կը շարունակուի Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման ուղղութեամբ աշխատանքը Հայաստան-Ռուսիա-Ազրպէյճան ձեւաչափով:
«Վերջերս ղարաբաղեան նիւթը քննարկուած է Սերկէյ Լաւրովի եւ Էդուարդ Նալբանդեանի, ապա Էլմար Մամետեարովի միջեւ: Անհրաժեշտ պայմաններու ստեղծման պարագային կարելիութիւն պիտի ստեղծուի նաեւ եռակողմանի հանդիպում ունենալու», ըսած է ան:


