ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով Պաքուի մէջ Քաթարի արտաքին գործոց նախարար շէյխ Մոհամետ պըն Ապտուլ Ռահման Ալ Թանիի հետ հանդիպումի աւարտին յայտարարած է, որ Մոսկուա կը փորձէ Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով հանդիպում կազմակերպել, եւ Պաքուն իր համաձայնութիւնը տուած է այդ հանդիպումին:
«Չեմ կրնար լաւատեսութեամբ ընդունիլ Մոսկուայի բանակցութիւններուն արդիւնքները», ըսած է Մամետեարով` մեկնաբանելով Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ 24 յունուարին տեղի ունեցած վերջին հանդիպումը:
Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին արտաքին գործոց նախարարները քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հոլովոյթը:
«17-էն 19 փետրուարին Միւնիխի մէջ տեղի պիտի ունենայ անվտանգութեան հարցերով միւնիխեան ընդհանուր ժողովը, եւ այդ ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ կը նախատեսուի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հետ հանդիպում», ըսած է Մամետեարով: