Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Մտահոգուած Է Թրամփի Ներգաղթի Քաղաքականութեան Վերաբերող Հրամանագիրէն

Փետրուար 1, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը յայտարարութիւն մը տարածած է Սպիտակ տան` Միացեալ Նահանգներ օտարերկրեայ ահաբեկիչներու մուտքը չարտօնելու ուղղուած հրամանագիրին առնչութեամբ:

Հայ դատի յանձնախումբը յայտարարած է, որ կը շարունակէ մտահոգ մնալ հրամանագիրին շուրջ զարգացող իրավիճակին առնչութեամբ` թէ՛ Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութեան, թէ՛ ալ հայ անհատներու եւ ընտանիքներու վրայ այդ հրամանագիրին ձգած հետեւանքներուն առումով:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը նշէ, որ  Միացեալ Նահանգներու քաղաքացի չեղողներուն վրայ այդ իրաւական գործողութեան ամբողջ ազդեցութիւնը տակաւին յստակ չէ: Յանձնախումբը կը յայտնէ, որ կը շարունակէ աշխատանքը համապատասխան կողմերուն հետ, ներառեալ Քոնկրեսը եւ Սպիտակ տունը, եւ շարք մը խորհուրդներ կու տայ:

Յանձնախումբը խորհուրդ կու տայ այն հայերուն, որոնց բարեկամները կամ ընկերները ձերբակալուած են Միացեալ Նահանգներ մուտք գործելու ընթացքին, կամ որոնց չեն արտօնած վերադառնալ Միացեալ Նահանգներ` կապուիլ յանձնախումբին հետ եւ պատրաստ ըլլալ փոխանցելու որոշակի տեղեկութիւններ:

Մինչեւ որ աւելի յստակ դառնայ այդ սահմանափակումներուն իրաւական ամբողջ տարողութիւնն ու բնոյթը, Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը խորհուրդ կու տայ Իրանէն, Իրաքէն, Լիպիայէն, Սոմալէն, Սուտանէն, Սուրիայէն եւ Եմէնէն հայերուն, որոնք Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիներ չեն, խուսափելու Միացեալ Նահանգներէն դուրս գալէն, որովհետեւ անոնց կրնայ չարտօնուիլ վերադառնալ երկիր` անկախ գաղթականական կարգավիճակէն:

«Իբրեւ հայկական ծագումով ամերիկացիներ` հպարտ ներգաղթեալներու համայնք, որոնցմէ շատերը Սուրիոյ, Իրաքի, Իրանի եւ այս հրամանագիրին մէջ նշուած այլ երկիրներու մէջ արմատներ ունեցող Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրածներու ընտանիքներէն են, մենք կը շարունակենք խորապէս մտահոգուած մնալ այս նոր սահմանափակումներուն բարոյական, իրաւական եւ մարդասիրական հետեւանքներուն առնչութեամբ: Իբրեւ պետական քաղաքականութեան հարց` մենք մեր մտահոգութիւնները կը յայտնենք թէ՛ Քոնկրեսին, թէ՛ ալ Սպիտակ տան», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Նախորդը

«Մոսկուա Կը Փորձէ Հայաստանի, Ազրպէյճանի Եւ Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարներու Մակարդակով Հանդիպում Կազմակերպել» Կ՛ըսէ Մամետեարով

Յաջորդը

Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Նալբանդեանին Եւ Մամետեարովին Հանդիպումի Առաջարկ Ներկայացուցած Են

RelatedPosts

«Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանը Կը Դիտարկէ  Իբրեւ Վստահելի Եւ Արժանահաւատ Գործընկեր»  Կ՛ըսէ Եւրոպական Յանձնաժողովի Ներկայացուցիչը
Հայկական

«Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանը Կը Դիտարկէ Իբրեւ Վստահելի Եւ Արժանահաւատ Գործընկեր» Կ՛ըսէ Եւրոպական Յանձնաժողովի Ներկայացուցիչը

Մայիս 14, 2025
Լանտաու. «Ամերիկեան Վարչակազմի Նպատակն Է Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Հետամուտ Ըլլալ»
Հայկական

Լանտաու. «Ամերիկեան Վարչակազմի Նպատակն Է Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Հետամուտ Ըլլալ»

Մայիս 13, 2025
«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով  Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան
Գլխաւոր լուրեր

«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?