«Տիքեն» կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ բանակին կողմէ Սուրիոյ հիւսիսը գործադրուող «Եփրատի վահան» գործողութեան ընթացքին սպաննուած թուրք զինուորներուն թիւը հասած է 54-ի:
Տեղեկութիւնը հաստատուած է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան կողմէ:
Կը նշուի, որ մէկ օր առաջ Պապ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած բախումներուն ընթացքին թրքական կողմը ունեցած է նաեւ երկու վիրաւորներ, որոնք տեղափոխուած են սահմանամերձ Այնթեպ եւ Քիլիս քաղաքներու պետական հիւանդանոցները: