ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ամէն անձ իր դիրքին վրայ կը մնայ. ասիկա լաւ է բոլորին համար: Անօգուտ է վիճիլ այս կէտին շուրջ, քանի որ անհամաձայնութիւնը շատ խորունկ է:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Քունի պակաս եւ առողջութեան մտահոգութիւն` խոցելի կը դարձնեն ձեր կեանքը: Ոչինչ կայ աւելցնելիք ասոնց վրայ: Օրը ունի նոր աշխատանքներ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Եթէ նոյնիսկ ձեզի համար գործունէութիւն մըն է մարզանքը, սակայն կը կարօտի մասնաւոր կարգապահութեան: Հետեւեցէք այս կանոնին:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Անկարելի է գոհացնել ընտանիքին բոլոր անդամները: Պիտի սպառէք շատ ուժ` փոխարէնը ոչինչ ստանալով: Յարգեցէք ձեր ժամերը:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Քիչ մը անհոգ էք ձեր ընտանիքին նկատմամբ: Օրը պիտի յատկացնէք կորսուած ժամերը վերագտնելու: Գործունեայ եղէք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Դժուարութիւնները պիտի բարդանան` դրամական եւ աշխատանքի տեսակէտէն: Իրար անցնելու պէտք չունիք: Միայն գործեցէ՛ք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Կ՛որոշէք ըլլալ քիչ մը անձնասէր, բայց ասիկա երեւութական է ձեր հարազատներուն նկատմամբ: Օրուան ընթացքին պիտի ունենաք հաճելի պահեր:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Կարիք չկայ թեթեւ անհանգստութեան մը պարագային ծանր դեղեր առնել: Պարզ կեանք մը ձեզ պիտի դնէ ուղիղ ճամբու վրայ` առանց անհանգստանալու:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Չէք ուզեր բարեկամանալ այն անձին հետ, որ պէտք եղած պարագային ձեզի ոչ մէկ ծառայութիւն կ՛ընէ: Այս պարագան ձեզի հետ ալ կրնայ պատահիլ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Կը զգաք, որ ժամանակն է դէպի նոր հորիզոններ երթալու: Այս մտածում մըն է, որ ձեզ կը շեղեցնէ ձեր նպատակէն:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Դուրս ելլելու եւ պտտելու պէտք ունիք, որպէսզի ձեր օրուան հոգերէն ազատիք եւ դուրսի մարդիկը տեսնէք: Նոր զբաղումներ գտէք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր գործունէութիւնը կը կորսնցնէք, որովհետեւ դէպքերը ձեր փափաքածին պէս չեն ընթանար: Փորձեցէք հաշտուիլ դէպքերուն հետ, որովհետեւ միշտ դրական հարցեր կան որդեգրելիք: