Պիելոռուսիոյ գլխաւոր դատախազի տեղակալը որոշում տուած է բաւարարելու Ազրպէյճանի գլխաւոր դատախազութեան խնդրանքը` Ռուսիոյ եւ Իսրայէլի քաղաքացի, պլոկըր Ալեքսանտր Լափշինը Ազրպէյճանին արտայանձնելու վերաբերեալ:
Յայտնի պլոկըրը, յիշեցնենք, Արցախ այցելելէ ետք յայտնուած էր Ազրպէյճանի «սեւ ցուցակ»-ին մէջ, ապա երկրորդ անգամ այցելած է Պաքու` ուքրանական անձնագիրով: Լափշին նաեւ իր պլոկին մէջ հրապարակումներ կատարած էր Ազրպէյճանի մասին` ներկայացնելով այն խնդիրները, որոնց ինք հանդիպած էր այցելութեան ժամանակ, քննադատած այդ քաղաքականութիւնը:
Այսպիսով, Ազրպէյճան որոշում տուած էր քրէական պատասխանատուութեան ենթարկել պլոկըրը` մեղադրելով զայն անոր համար, որ «համաձայնութիւն ձեռք բերած է անյայտ անձերու հետ, կազմած է յանձնախումբ եւ առանց անձը հաստատող փաստաթուղթի, անօրինաբար հատած է Ազրպէյճանի պետական սահմանը: Լափշին նաեւ հրապարակային կոչեր հնչեցուցած է Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան դէմ` զանոնք զետեղելով իր պլոկին մէջ»:
Պիելոռուսիոյ դատախազութիւնը արտայանձնումի որոշումը հիմնաւորած է հետեւեալ ձեւով. արտայանձնումը տեղի կ՛ունենայ, երբ քրէական պատասխանատուութեան ենթարկելու համար կան բաւարար հիմքեր, երբ կատարուած յանցանքը քրէականօրէն պատժելի է եւ կ՛ենթադրէ նուազագոյնը մէկ տարուան բանտարկութիւն:
Իսկ հանգամանքը, որ պլոկըրը Պիելոռուսիոյ քաղաքացի չէ, որոշման համաձայն, չի խոչընդոտեր արտայանձնումի գործադրութիւնը: «Ալեքսանտր Լափշին Պիելոռուսիոյ քաղաքացի չէ: Զայն Ազրպէյճանին արտայանձնելու խոչընդոտներ չկան Ազրպէյճանի եւ Պիելոռուսիոյ օրէնսդրութեամբ: Ուստի որոշում տրուած է բաւարարել Ազրպէյճանի Հանրապետութեան խնդրանքը` զայն Ազրպէյճանին արտայանձնելու մասին», նշուած է որոշումին մէջ:
Պիելոռուսիոյ գլխաւոր դատախազութեան որոշումը կրնայ բողոքարկուիլ Մինսքի քաղաքային դատարան` 10 օրուան ընթացքին:
Լափշին Ներում Հայցած Է
Արցախ այցելութեան համար Պիելոռուսիոյ մէջ ձերբակալուած ռուս պլոկըր Ալեքսանտր Լափշին ստորագրած է «Ազրպէյճանի նախագահին հասցէագրուած ներում հայցող նամակը»: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Սփութնիք-Արմենիա»-ն:
Լափշին նամակին մէջ ներում հայցած է` ըսելով, որ պատահածը չիմացութեան պատճառով եւ ոչ դիտաւորեալ է: Նամակը Պաքուի մէջ դեսպանութեան միջոցով փոխանցուած է Ազրպէյճանի նախագահի աշխատակազմին:
Միւս կողմէ, Ալեքսանտր Լափշինի մայրը դիմած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին` խնդրելով ներում շնորհել իր զաւկին: Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները կը տեղեկացնեն, որ Լափշինի մայրը դիմած է Իսրայէլի մարդու իրաւունքներու պաշտպանին` խնդրելով Ալիեւին փոխանցել իր յորդորը` իր զաւկին ներել եւ չարտայանձնել Ազրպէյճանին: Լափշինի մայրը նամակին մէջ գրած է, որ տղուն գործողութիւնները դիտաւորեալ բնոյթ չեն կրած: