Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդադար Բանող Յիշողութիւնը

Յունուար 21, 2017
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Գիտէի՞ր, որ մեր յիշողութիւնը աշխատելէ չի դադրիր: Մենք այս երեւոյթին կ՛անդրադառնանք, յատկապէս երբ կը փորձենք դաս մը սորվիլ, սակայն մենք մեր յիշողութիւնը կը գործածենք նաեւ տարբեր, փոքր աշխատանքներու պարագային, ինչպէս, օրինակի համար, երբ մենք տուն կը վերադառնանք:

Մեր յիշողութիւնը պարզապէս մեծ շտեմարան մը չէ, ուր ամբարուած են մեր բոլոր յուշերը:

Ի՞նչ է յիշողութիւնը

Յիշողութիւնը մեզի կարելիութիւնը կու տայ արձանագրելու տեսակաւոր տեղեկութիւններ` շնորհիւ ջղային բջիջներուն` նէօրոններուն, որոնք կը գտնուին մեր ուղեղին մէջ: Երբ մենք տեղեկութիւններ կը ստանանք, այդ ջղային բջիջներուն միջեւ կապեր կը ստեղծուին: Հետեւաբար յիշողութիւնը միայն այն կարողութիւնը չէ, որուն միջոցով, օրինակի համար, մենք մեր դասերը կը սորվինք: Անիկա անդադար կը բանի:

Բազմաթիւ յիշողութիւննե՞ր

Գոյութիւն ունին յիշողութեան բազմաթիւ տեսակներ: Կարճ ժամանակի յիշողութիւնը մեզի կարելիութիւնը կու տայ միտքերնիս պահելու տեղեկութիւն մը, որ շատ շուտ պիտի մոռնանք: Օրինակի համար, ան մեզի կ՛օգնէ միտքերնիս պահելու հեռաձայնի թիւ մը, մինչեւ որ մենք զայն թուղթի մը վրայ արձանագրենք: Երկար ժամանակի յիշողութիւնը տեղեկութիւնները կ՛ամբարէ երկար ժամանակի համար, նոյնիսկ կարգ մը պարագաներու` մեր ամբողջ կեանքին ընթացքին: Վերջապէս, զգացողական յիշողութիւնը մեր զգայարաններուն (տեսողութիւնը, լսողութիւնը, հոտառութիւնը, շօշափումը, համը) կարելիութիւնը կու տայ տեղեկութիւնը «կարդալու»: Այս յիշողութիւնը այն յիշողութիւնն է, որ ամէնէն կարճը կը պահէ տեղեկութիւնները. անիկա այնքան արագ կ՛ընդմիջէ, որ մենք նոյնիսկ չենք անդրադառնար, թէ անիկա կը բանի:

Ուղեղին մէջ տարբեր շրջաններ

Մեր յիշողութիւնը չ՛աշխատիր, եթէ անիկա լաւ դասաւորուած եւ կազմակերպուած չէ: Այլապէս ամէն ինչ իրարու պիտի խառնուէր, եւ մենք պիտի շուարէինք: Հետեւաբար տեղեկութիւնները տեսակաւորուած եւ դասաւորուած են յատուկ դասակարգերու մէջ, որոնք իրարու հետ կը հաղորդակցին եւ ամբարուած են մեր ուղեղին մէջ տարբեր շրջաններու մէջ: Անոնցմէ մէկը` հիփոքամփը, որ կը գտնուի ուղեղին կեդրոնը, կարելիութիւնը կու տայ յիշողութեան բոլոր շրջաններուն իրարու հետ հաղորդակցելու:

Յիշողութեան սահմանները

Մենք գիտենք, որ մեր յիշողութիւնը կը ջնջէ այն տեղեկութիւնները, զորս ան այլեւս պէտք չունի: Այս ձեւով, մոռացումը կարելիութիւնը կու տայ մեր ուղեղը անպէտք տեղեկութիւններով չխճողելու: Սակայն երբեմն կը պատահի, որ մենք մոռնանք բան մը, որ պէտք էր միտքերնիս պահէինք: Իրար անցնելու հարկ չկայ: Ասիկա կը նշանակէ, թէ մենք այդ տեղեկութիւնը ճիշդ տեղը չենք ամբարած, հաւանաբար որովհետեւ մենք այդ տեղեկութեան բաւականաչափ կարեւորութիւն չենք տուած: Սակայն մենք կրնանք ասիկա սրբագրել, մեր ուղեղը անոր համար կազմակերպուած է:

Քանի Մը Խրատներ`
Դասերդ Աւելի Լաւ Մտապահելու Համար

Երբ դուն դասդ կը սորվիս, փորձէ նոյն ատեն մտքիդ մէջ արձանագրել ձայներ եւ պատկերներ: Օրինակի համար, երբ կը փորձես բանաստեղծութիւն մը միտքդ պահել: Պէտք է նախ հասկնալ, թէ ի՛նչ կը նշանակեն այդ ոտանաւորին տուները, յիշել բառերուն, յանգերուն եղանակը…

Սակայն կրնաս նաեւ մտքիդ մէջ երեւակայել սորված բառերդ ներկայացնող պատկերներ: Այս ձեւով, ձայներ եւ պատկերներ իրարու հետ կապելով` դուն աւելի արագ միտքդ պիտի պահես,

Վերջապէս, դասերդ վերաքաղ ըրէ, հանդարտ մթնոլորտի մը մէջ, եւ երեւակայէ, որ դասարանին մէջ ես եւ ոտանաւորը կ՛արտասանես աշակերտներուն առջեւ: Յաջողութի՛ւն:

 

Խոհագիր

Ստեպղինով Եւ Պանիրով
Քափքէյք

Դուն այս քափքէյքները կրնաս պատրաստել, երբ հաւաքոյթ մը ունիս, կամ պարզապէս` հետդ տանելու եւ զբօսանքին ուտելու համար:

Պէտք ունիս (10 քափքէյքներու համար)

1 ստեպղինի, 3 հաւկիթի, 1 ապուրի դգալ կակուղ ճերմակ պանիրի, 2 սանթիլիթր կաթի, 2 սանթիլիթր հալած կարագի, 150 կրամ ալիւրի, 1 թէյի դգալ պէյքինկ փաուտըրի, 2 թէյի դգալ քեմոնի, աղի եւ պղպեղի: Վրայի քրեմին համար` 150 կրամ կակուղ ճերմակ պանիրի, 3 ապուրի դգալ քրեմ ֆրեշի, աղի եւ ազատքեղի:

Պատրաստութիւն

1.- Փուռը տաքցուր 180 աստիճան տաքութեան վրայ:

2.- Ստեպղինը կեղուէ եւ կլորակ շերտերու վերածէ: Զայն խաշէ եռացած աղի ջուրի մէջ` չափահասի մը օգնութիւնը խնդրելով:

3.- Երբ ստեպղինը խաշի, զայն պատառաքաղով մը ճզմէ:

4.- Խորունկ ամանի մը մէջ հաւկիթները զարկ աղին, պղպեղին եւ քեմոնին հետ: Վրան աւելցուր ճզմուած ստեպղինը, կակուղ ճերմակ պանիրը, կաթը եւ հալած կարագը: Խառնէ եւ, վերջապէս, աւելցուր ալիւրը եւ պէյքինկ փաուտըրը:

5.- Այս խառնուրդը պարպէ քափքէյքի կաղապարներու մէջ մինչեւ 3/4-ը եւ զանոնք փուռին մէջ եփէ 25 վայրկեան, 180 աստիճան տաքութեամբ:

6.- Մինչ այդ պատրաստէ քրեմը: Խորունկ ամանի մը մէջ միասին զարկ կակուղ ճերմակ պանիրը եւ քրեմ ֆրեշը: Վրան աւելցուր աղը եւ ազատքեղը:

7.- Ձգէ, որ քափքէյքները պաղին եւ անոնց վրայ քսէ պանիրով քրեմը:

 

Աշխարհի Ամէնէն
Մեծ Պանդոկը…

… «Ապրաժ Քուտայ» պանդոկն է, որ կը շինուի Սէուտական Արաբիոյ մէջ: Աշխարհի ամէնէն մեծ պանդոկը պիտի ունենայ 10 հազար սենեակ, 12 աշտարակ, 70 սրճարան, 4 հատ ուղղաթիռներու էջքի յատուկ վայր եւ առեւտրական կեդրոն մը…

Անոր բացումը պիտի կատարուի այս տարի, եւ ան պիտի ընդունի Մեքքէ գացող հարուստ ուխտաւորները:

… Եւ Աշխարհի Ամէնէն
Աժան Պանդոկը

Այս պանդոկին մէջ մէկ գիշեր անցընելու համար կը վճարես պարզապէս մօտաւորապէս կէս տոլար… Անշուշտ այս գինին համեմատ, պէտք չէ ակնկալել շքեղ սենեակ մը: Պանկլատեշի մէջ գտնուող այս պանդոկը կը յաճախեն յատկապէս տեղացի աշխատաւորներ եւ… քաջ զբօսաշրջիկներ:

Այս ծփացող պանդոկը բաղկացած է 5 նաւերէ, որոնք հաստատուած են Տաքքայի մէջ, Պուրիկանկան գետին վրայ: Պանդոկը ունի ջուրի եւ բաղնիքի դիւրութիւններ, սակայն պէտք է ընդունիլ պառկիլ մէկ սենեակի մէջ` մօտաւորապէս ուրիշ հարիւր անձերու հետ:

 

Հետաքրքրական

Պայուսակներդ Պատրա՞ստ Են

Ճամբորդութիւնդ կազմակերպած ու պայուսակներդ պատրաստած ես, եւ դուն պատրաստ ես ուղղուելու դէպի օդակայա՞ն, նաւահանգի՞ստ, թէ՞ ինքնաշարժդ:

Երբ մարդիկ կ՛ուզեն ճամբորդել դէպի տարբեր երկիրներ,

– անոնց 53 առ հարիւրը կը ճամբորդէ օդանաւով,
– 40 առ հարիւրը` ինքնաշարժով կամ հանրակառքով,
– 2 առ հարիւրը` շոգեկառքով,
– 5 առ հարիւրը` ջուրի վրայով:

ԳԻՏԷԻ՞Ր, ԹԷ այժմ օդանաւեր 75 առ հարիւր աւելի նուազ ձայն կը հանեն, քան` 50 տարի առաջ շինուած օդանաւերը:

 

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու շնիկները:

 

Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած ութ պատառաքաղները:

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (21 Յունուար 1967)

Յաջորդը

Հանդիպումներ Եւ Սփիւռքահայու Մտորումներ

RelatedPosts

Ամառ Է.  Տաքէն Պաշտպանուինք
Մանկապատանեկան

Ամառ Է. Տաքէն Պաշտպանուինք

Յուլիս 5, 2025
Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ
Մանկապատանեկան

Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ

Յունիս 28, 2025
Տարուան Ամէնէն Երկար Ցերեկի Օրը` Ամառնային Արեւադարձի Օրը
Մանկապատանեկան

Տարուան Ամէնէն Երկար Ցերեկի Օրը` Ամառնային Արեւադարձի Օրը

Յունիս 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?