Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յուշատետր. «Ինծի Բան Մը Չ՛ըլլար»

Յունուար 17, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռ. Հ.

Սա կեանքը կ՛ապրինք, լաւ օրեր կը տեսնենք, ընդհանրապէս երջանիկ ենք, որ կանք ու կ՛ապրինք, բայց նաեւ ամէն օր ի՜նչ փորձանքներ կը տեսնենք հոս ու հոն, կամ ինչպիսի՛ փորձանքներու մէջէն կ՛անցնինք: Ամէն օր կը տեսնենք, որ մեր շուրջ մարդիկ կը զոհուին հիւանդութիւններու, արկածներու, բնական աղէտներու, չարագործական արարքներու, սպանդներու եւ դեռ ինչերու պատճառով: Սոսկում կը զգանք, կը վախնանք: Կարծես պահ մը մեր մորթին վրայ կը զգանք ուրիշներու պատահած դժբախտութիւնները, բայց շուտով կը մոռնանք: Մեր մէջ կարծես ձայն մը մեզ կը մխիթարէ ու կ՛ըսէ.

«Մի՛ վախնար, այս բոլորը քեզի համար չեն, ուրիշներուն համար են, դուն քու հանգիստ կեանքը ապրէ»:

Ասիկա մայր բնութեան կողմէ մարդուն շնորհուած բարիք մըն է: Բարիք մը, որուն շնորհիւ` այսքան ծանր պատահարներու ու սպառնալիքներու դիմաց մենք կարծես կը մտածենք, թէ` «Մեզի բան մը չ՛ըլլար»:

«Ինծի բան մը չ՛ըլլար»

Թերեւս ճիշդ այս բառերով չէ, որ մենք զմեզ կը մխիթարենք, կամ մենք զմեզ կը խաբենք, բայց մօտաւորապէս այսպիսի տպաւորութիւն մը մեզի կ՛օգնէ, որ դիմագրաւենք ուրիշներու գլխուն եկած փորձանքները: Մէկ կողմէ կը վախնանք, մէկ կողմէ ալ կը մտածենք, որ դժբախտութիւնները ընդհանրապէս ուրիշներու համար են: Արդէն այս աշխարհի վրայ շուրջդ ծանօթ-անծանօթ այնքան շատ մարդ կայ, որ եթէ փորձանք մը պիտի պատահի, շատ հաւանական է, որ այդ փորձանքը պատահի քեզ շրջապատող այսքան շատ մարդու մէջէն մէկուն կամ երկուքին: Ի՜նչ լաւ, որ շուրջդ այսքան շատ մարդ կայ: Շուրջդ որքան շատ մարդ կայ, այնքան բարձր է հաւանականութիւնը, որ փորձանքը ուրիշին գլխուն պիտի պայթի: Ասիկա, ճիշդ է, քիչ մը եսասէր մտածում է, բայց մեր մէջէն կու գայ: Մեր մէջէն կու գայ եւ ուժ կու տայ մեզի:

«Ինծի բան մը չ՛ըլլար»:

Բայց ինչո՞ւ բան մը պիտի չըլլայ քեզի: Կարծես պիտի բարձրանայ ձայն մը, որ քեզի պիտի ուղղէ կոպիտ հարցում մը. «Դուն վերի արտի ցորե՞նն ես: Դուն ինչո՞ւ բացառութիւն պիտի կազմես: Դուն առանձնաշնորհեա՞լ մէկն ես, որ Աստուած բացառութիւն պիտի ընէ քեզի: Դուն ի՛նչ տարբերութիւն ունիս քեզ շրջապատող ու սա կամ նա փորձանքին զոհ գացող այսքան շատ մարդոցմէ»:

Բարեբախտաբար այս ձայնը մէկ անգամ կը հնչէ ու կ՛անցնի, կ՛երթայ ու մեզ դարձեալ գլուխ գլխի կը թողու ապրելու ու գոյատեւելու լաւատեսութեան մը հետ:

Արդարեւ, կայ վերի արտի ցորեն ըլլալու մխիթարութիւն մը կամ նախանձելի դիրք մը: Ամէն մարդ գիտէ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ վերի արտի ցորեն նկատուիլ: Այնուհանդերձ, յիշենք, որ վերի արտի ցորեն ըլլալը կը նշանակէ առանձնաշնորհեալ ըլլալ, կողմնակցութիւններէ ու պաշտպանութիւններէ օգտուիլ, միւսներէն աւելի յարգի նկատուիլ կամ միւսներէն աւելի բախտաւոր ըլլալ: «Քեզի բան մը չ՛ըլլար, դուն վերի արտի ցորենն ես»:

Թէ ինչո՞ւ այս դարձուածքին հեղինակները այստեղ գործածեր են «վերի արտը» բացատրութիւնը, ո՞րն է «վերի արտը», ինծի ծանօթ չէ եւ կախեալ ալ չէ: Կարեւորը «վերի արտի ցորեն» կարենալ ըլլալն է: Ասիկա բախտաւորութիւն մըն է: Թէեւ վերի արտի ցորենն ալ օր մը իր վախճանը պիտի ունենայ, բայց ան հաւանաբար զինք շրջապատող շատերէ աւելի բախտաւոր եղած պիտի ըլլայ այս աշխարհի վրայ:

Բայց նոյնիսկ եթէ մեր ինքնավստահութիւնն ու ներքին անդորութիւնը պիտի խանգարուի, պէտք չէ մոռնաք, որ բաւական վտանգաւոր մխիթարութիւն է մտածել, թէ` «ինծի բան մը չ՛ըլլար»: Վտանգաւոր է, որովհետեւ այդ համոզումը կրնայ պատճառ դառնալ, որ մարդ անտեղի կերպով ու անհիմն լաւատեսութեամբ ինքզինք ենթարկէ վտանգաւոր ձեռնարկներու ու արկածախնդրութիւններու:

Ամէն անգամ, որ կը մտածեմ այս նիւթին մասին, շատ կը զարմանամ այն մարդոց վրայ, որոնք առանց վախնալու` կը նետուին գործի մը մէջ, որ կրնայ մինչեւ իսկ մահացու ըլլալ: Օրինակ` լեռնագնացները: Ամէնէն վտանգաւոր նախասիրութիւններէն կամ մարմնամարզերէն մէկն է այս: Մէկը ձիւնածածկ լերան մը կողին վրայ լեռ կը մագլցի անհաւատալի վտանգներու ենթարկուելով: Որքան յաճախ կը լսենք, որ լեռնագնաց մը սահած, ինկած ու մահացած է, կամ ձիւներու մէջ իր ճամբան կորսնցուցած ու անհետացած է: Երբ այսքան վտանգաւոր հաճոյք մըն է այս, այն լեռնագնացը, որ վտանգաւոր մագլցուի մը կը սկսի, բնականաբար կը մտածէ, որ իրեն բան մը չ՛ըլլար: Բայց հարց մը կայ: Այն, ինչ որ ուրիշին կը պատահի, մեզի ալ կրնայ պատահիլ:

«Ինծի բան մը չ՛ըլլար»: Քիչ տարբերութեամբ նաեւ` «Ինծի բան մը չ՛ըլլա՛յ»: Այս նախադասութիւնը մեզի պաշտպանութեան վահան կրնանք դարձնել միայն իմաստուն մերձեցումով, հեռատես ու զգոյշ ապրելակերպով, վտանգներէ կարելի չափով զերծ ու հեռու մնալու համար ամէն տեսակ զգուշութեան դիմելով, այլ ո՛չ թէ «ինծի բան մը չ՛ըլլար»-ի հոգեբանութեամբ ամէն տեսակ արկածախնդրութեան ու անզգուշութեան մէջ նետուելով: Եթէ «Ինծի բան մը չ՛ըլլար» նախադասութիւնը պէտք է ընդունինք զգուշաւոր մերձեցումով, նոյնը պէտք է ընենք նաեւ անոր հակառակին` «ինծի բան մը պիտի ըլլայ»: Եթէ ամէն վայրկեան վախնանք, որ մեզի բան մը պիտի պատահի, այն ատեն չենք կրնար ապրիլ: Մնաց որ, ինչպէս իմաստուն ժողովուրդը կրցեր է նշմարել, որքան շատ վախնաս, այնքան շատ փորձանք կու գայ գլխուդ:

rh@normarmara.com

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (17 Յունուար 1967)

Յաջորդը

Նոր Հրատարակութիւններ. 100 Years Strong The Armenian Genocide In Posters 1915-2015

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?