Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ

Յունուար 14, 2017
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

anhavadali-1_11417

– Պատկերասփիւռները առաջին անգամ օդանաւի մէջ գործածուեցաւ 1932 թուականին:

– Մարդկային մարմինը ճառագայթ կ՛արձակէ: Սակայն անոր արձակած լոյսը շատ տկար է եւ, հետեւաբար, մենք չենք կրնար ատիկա տեսնել:

anhavadali-2_11417

– Իր ծնունդին Քոալայի ձագը մօտաւորապէս մեղուի մը չափը ունի:

anhavadali-3_11417

– Ըստ ուսումնասիրութիւններու, այն աշակերտները, որոնք առտուն կը նախաճաշեն, դպրոցը աւելի լաւ կ՛աշխատին, քան անոնք, որոնք չեն նախաճաշեր:

anhavadali-4_11417

– Փիղի մը աչքերը մօտաւորապէս փինկ-փոնկի գնդակի մը չափը ունին:

– Հիւսիսային բեւեռի սառոյցի խաւը 2-3 մեթր հաստութիւն ունի:

cat_11417

– Ընտանի կատուները իրենց ականջներուն մէջ աւելի քան 30 մկաններ ունին: Այս պատճառով անոնք կրնան իւրաքանչիւր ականջ անկախօրէն շարժել:

anhavadali-5_11417

– 1700-ական թուականներու վերջաւորութեան, Ֆրանսական յեղափոխութեան ընթացքին Ֆրանսայի մէջ Լուքսամպուրկի պալատը գործածուեցաւ իբրեւ բանտ:

– 1785 թուականէն 1790 թուական Նիւ Եորք քաղաքը Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաքն էր:

anhavadali-6_11417

– Անգլիոյ Ուեսթմինսթըր Ապպիյի եկեղեցիին զանգակները երեք ժամ անդադար կը ղօղանջեն թագաւորական հարսնիքէ մը ետք:

 

Աշխարհի Նշանաւոր
Կառոյցներ` Լեկոներով

Երբ մենք կը գնենք լեկոներու տուփ մը, կը հետեւինք անոր մէջի բացատրութեան` շինելու համար պատկերին վրայի խաղալիքը` ինքնաշարժ մը, օդանաւ մը… եւ ասիկա մեզի համար շատ հաճելի ժամանց մըն է: Սակայն  լեկոյի «լուրջ» շինարարները այս գունաւոր պզտիկ կտորները կը վերածեն հրաշալի կառոյցի մը:

lego-1_11417

2013-ին Հոնկ Քոնկի մէջ «Փիս ֆոր փիիս» (կտոր մը խաղաղութեան համար) ցուցահանդէսին, լեկոյի այս արուեստագէտները այցելուները հմայեցին իրենց ստեղծագործութիւններով, որոնք կը ներկայացնէին ծանօթ կառոյցներ, ինչպէս` Մոսկուայի Ս. Վասիլի տաճարը եւ Պարսելոնայի Սակրատա Ֆամիլիայի եկեղեցին: Իւրաքանչիւր գործ կազմուած էր 800-100 հազար կտորներէ:

lego-2_11417

«Փիս ֆոր փիիս» ցուցահանդէսը առաջին անգամ տեղի ունեցած է 2009 թուականին,  Թոքիոյի մէջ, ուր լեկոյի սիրահարները կրնան տեսնել ուրիշ ծանօթ կառոյցներ, ինչպէս` «Թոքիօ թաուըր»-ը` «Լեկոլենտ տիսքավըրի սենթըր» կեդրոնին մէջ:

Իսկ դո՞ւք. պատրա՞ստ էք գործի անցնելու եւ սկսելու ձեր ընտրած կառոյցի շինարարական աշխատանքները:

 

Հարցարան

Հասարակածին Մօտ

hartsaran-1_11417

hartsaran-2_114171) Ինչո՞վ ծածկուած էր հասարակածի շրջանը 716 միլիոն տարիներ առաջ:
ա – Խոտերով, բ – Տաք լաւայով, գ – Սուրճի հատիկներով, դ – Սառոյցով:

2) Հասարակածին մօտ գտնուող շրջաններուն արեւածագը եւ արեւամարը շատ դանդաղ կ՛ըլլան:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ:

3) Ինչո՞ւ երկրագունդին մէջտեղի շրջանը քիչ մը ուռած է:
ա – Այդ շրջանին մօտ ապրող մարդոց եւ անասուններուն ծանրութեան պատճառով, բ – Երկրագունդը իր առանցքին շուրջ դառնալով ստեղծուած ուժին պատճառով, գ – Բեւեռներու շրջանին ծանր սառոյցներուն պատճառով, դ – Հասարակածին մօտ գտնուող ովկիանոսներուն պատճառով:

4) Ինչո՞ւ հասարակածի մօտիկ շրջանները լաւ վայրեր են դէպի անջրպետ հրթիռներ արձակումի:
ա – Հասարակածի մօտ օդը յարմար է հրթիռներու արձակումի, բ – Հրթիռներու գործածած վառելանիւթը աւելի աժան է հասարակածի շրջաններուն մէջ, գ – Երկրագունդին կորութիւնը կը դիւրացնէ հրթիռներուն արձակումը տեսնելը, դ – Օդի ճնշումը թեթեւօրէն նուազ է հոն:

5) Հասարակածին մօտ կանգնած անձերը աւելի արագ կը շարժին, քան հիւսիս կամ հարաւ բեւեռներուն մօտ գտնուող անձերը:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ:

6) Հետեւեալ ո՞ր քաղաքներէն չ՛անցնիր հասարակածը:
ա – Էքուատոր, բ – Ֆրանսա, գ – Ինտոնեզիա, դ – Ուկանտա:

7) Ո՞ր տեսակի անասուններուն կարելի է հանդիպիլ թէ՛ հասարակածին մօտ, թէ՛ ալ Անթարքթիքայի մէջ:
ա – Արջ, բ – Նապաստակ, գ – Փէնկուէն, դ – Առիւծ:

8) Հասարակածի բոլոր շրջաններու կլիման տաք եւ խոնաւ է:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ:

9) Ո՞ր հաստատումը ճիշդ է Կեդրոնական եւ Արեւմտեան Ափրիկէի մէջ հոսող Քոնկօ գետին վերաբերեալ:
ա – Ան Նեղոսէն աւելի երկար գետ մըն է, բ – Ան հասարակածը երկու անգամ կը կտրէ դէպի ծով իր ճամբուն վրայ, գ – Ան կը հասնի մինչեւ Եւրոպա, դ – Միայն այդ շրջանին մէջ կարելի է լսել «Քոնկօ Պոնկօ» կոչուած երաժշտութիւնը:

Պատասխանները՝ Վերջաւորութեան

 

Ժամանց

Կէտերը իրարու միացո՛ւր 1- 83` յայտնաբերելու համար պահուած պատկերը:
Կէտերը իրարու միացո՛ւր 1- 83` յայտնաբերելու համար պահուած պատկերը:
Կրնա՞ս գտնել ոսկորին հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել ոսկորին հասցնող ճամբան:

 

Կրնա՞ս գտնել իւրաքանչիւր թռչունի համապատասխանող շուքը:
Կրնա՞ս գտնել իւրաքանչիւր թռչունի համապատասխանող շուքը:

 

Կրնա՞ս ամբողջացնել թիւերու տախտակը` գտնելով իւրաքանչիւր թիւի համապատասխանող տեղը:
Կրնա՞ս ամբողջացնել թիւերու տախտակը` գտնելով իւրաքանչիւր թիւի համապատասխանող տեղը:

 

 

Պատասխանները

1) Դ: 2) Սխալ: Ընդհակառակը, հասարակած շրջաններուն մէջ, արեւածագն ու արեւամարը շատ արագ կ՛ըլլան եւ կը տեւեն մօտաւորապէս մէկ վայրկեան: 3) Դ: 4) Դ: 5) Ճիշդ: Երբ դուն հասարակածին մօտ կը գտնուիս, դուն կը շարժիս ժամական 1600 քմ արագութեամբ: Այս արագութիւնը կը թեթեւնայ, երբ դուն կ՛ուղղուիս դէպի բեւեռները: 6) Բ: 7) Գ: 8) Սխալ: Կան բազմաթիւ շրջաններ, ուր օդը տաք եւ խոնաւ է: Սակայն Քիլիմանճարօ բարձունքը կը յառաջացնէ նաեւ զով եւ չոր կլիմայ մը: 9) Բ:

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (14 Յունուար 1967)

Յաջորդը

Ֆրանսացի Բժիշկ Մը Պատահաբար Գտած Է Տա Վինչիի 15 Միլիոն Եւրօ Արժող Գծանկարը

RelatedPosts

Ի՞նչ Է Ալկորիթմը
Մանկապատանեկան

Ի՞նչ Է Ալկորիթմը

Մայիս 10, 2025
Եութուպը (YouTube) 20 Տարեկան Է
Մանկապատանեկան

Եութուպը (YouTube) 20 Տարեկան Է

Մայիս 3, 2025
Ձեռային Աշխատանք.  Զատկուան Պատրաստութիւններ
Մանկապատանեկան

Ձեռային Աշխատանք. Զատկուան Պատրաստութիւններ

Ապրիլ 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?