ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ձեր նոր գործերը փոխելու տրամադրութիւն ունիք: Լաւ մտածեցէք այս մասին, որպէսզի կարենաք յարմար լուծում մը գտնել: Մի՛ աճապարէք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Սիրոյ մէջ ձգտումը ունիք խնդիրներ կամ վէճեր ստեղծելու: Ուշադիր եղէք ձեր խօսքերուն, որպէսզի վիրաւորական արտայայտութիւն չունենաք ոեւէ մէկուն հանդէպ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Դժուարին ամիս մը պիտի ունենաք եւ պիտի մտածէք զայն բարելաւելու մասին: Ձեր նախասիրութիւնը պարտադրելու համար պէտք է փափկանկատ ըլլալ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Մինչեւ ամսուն 18-ը սիրային հանդիպում մը ձեզ պիտի առաջնորդէ ձեր նախատեսածէն հեռու: Հետեւեցէք օրուան անակնկալ հարցերուն:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր պաշտօնին վերաբերեալ նոր առիթ մը պիտի ստեղծուի. շփոթած էք, թէ ի՛նչ ընել: Այս պարագային խոհեմութիւնը իր խօսքը պիտի ունենայ, որպէսզի կարենաք դիւրութեամբ փրկուիլ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ընտանիքին մէջ անհամաձայնութեան առիթներ շատ պիտի ունենաք, հեռու մնացէք անիմաստ տեղը վիճելէ եւ իմաստութեամբ վարուեցէք բոլորին հետ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Տան թէ աշխատանքի մէջ պիտի ունենաք նոր փոփոխութիւններ: Նոր միջոցներ ձեռք առէք, որպէսզի նիւթական խանգարում մը չունենաք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ինչ կը վերաբերի սիրոյ հարցերուն, պիտի ունենաք յարաբերութեան շատ գեղեցիկ պահեր: Խոհեմ եղէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Կը փափաքիք նոր գործի մը ձեռնարկել եւ նորութիւն ստեղծել: Պիտի կարենաք իրագործել ձեր փափաքները` շնորհիւ ձեր փայլուն աստղին:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Այս օրերուն երբեք թոյլ պահեր պիտի չունենաք: Աշխատանքով լեցուն օրեր պիտի անցընէք: Պիտի արձանագրէք որոշ յաջողութիւն:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ժամանակը շատ յարմար է նոր որոշումներ տալու եւ նոր ձեռնարկներու սկսելու: Ձեր միտքը մի՛ ցրուէք ձեր որոշումէն տարբեր հարցերու վրայ:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Հանդիպումներ, նոր մօտեցումներ եւ արկածախնդրութիւն պիտի լեցնեն ձեր ժամանակը: Ջանացէք ըլլալ լուրջ եւ խոհեմ` ձեր խօսքերը արժեւորելու համար: