Թրքական «Էվրենսել» օրաթերթը կը գրէ, որ Թուրքիոյ Խարբերդ քաղաքին մէջ 200 տարուան պատմութիւն ունեցող հայկական եկեղեցին կ՛օգտագործուի իբրեւ կառատուն:
Ս. Մարիամ Աստուածածին եկեղեցին ասորական եկեղեցւոյ անուան տակ արձանագրուած է Տիգրանակերտի մշակոյթի եւ բնական ժառանգութեան պահպանութեան ցուցակին մէջ: Ցեղասպանութեան յաջորդած շրջանին քանի մը տարի եկեղեցւոյ տարածքը օգտագործուած է նաեւ իբրեւ ալիւրի արտադրամաս, որմէ ետք մատնուած է անտէրութեան:
Կառատան սեփականատէր Չոշքուն Տուրան տակաւին անցեալ տարի յայտնած է եկեղեցւոյ տարածքին պանդոկ կառուցելու մտադրութեան մասին, որուն համար արդէն ստացած է իշխանութիւններուն արտօնութիւնը:
Թրքական օրաթերթի թղթակիցին հետ զրոյցի ընթացքին Խարբերդի բնակիչներէն մէկը բողոքած է. «Սա մեր պապերու` իրենց քրիստոնեայ դրացիներուն հետ ապրած կեանքի վերջին յիշողութիւնն է եւ վերացման եզրին է»: