Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. «Աւետիս»-ը

January 10, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

vaho_10917

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Թրքական «թ24» կայքը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ մէջ 15 յուլիսի յեղաշրջման փորձէն ետք երկրին դիւանակալական համակարգէն հեռացուած տասնեակ հազարաւոր կիւլենականներուն պիտի փոխարինեն Ազգայնական շարժում կուսակցութեան մօտիկ անձեր:

Այս տեղեկութիւնը Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններուն համար կարելի է նկատել  «մեծ աւետիս» մը: Այդ փոքրամասնութիւններուն անդամ քաղաքացիները առաւել մեծ դժուարութիւններու պիտի հանդիպին պետական գործառնութիւններու ընթացքին: Անոնց ամէնէն պարզ գործողութիւններն իսկ կրնան յաւելեալ գլխացաւանքի եւ նուաստացման, ինչպէս նաեւ ժամանակի կորուստի առիթներու վերածուիլ:

Այդ քայլը, սակայն, տրամաբանական է` նկատի ունենալով իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան եւ «Գորշ գայլեր»-ու քաղաքական թեւին սերտ յարաբերութիւնները: Այդ քայլը աւելի տրամաբանական կը դառնայ, երբ նկատի ունենանք այդ ծայրայեղ աջակողմեան կուսակցութեան հիմնադիր Ալփասլան Թիւրքեշի որդի` Ահմեթ Քուրթալմըշ Թիւրքեշի` «Թուրքիոյ մէջ մեծագոյն ազգայնականը Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանն է» յայտարարութիւնը:

Ազգայնական տասնեակ հազարաւոր տարրերու պետութեան դիւանակալութեան մէջ նշանակումը չարագուշակ է: Անիկա «կ՛աւետէ» Թուրքիոյ ընդհանուր կացութեան դէպի յոռեգոյնը, դէպի մութ անդունդը խորանալուն մասին: Այդ «աւետիս»-ը աւելի եւս կը շեշտուի, երբ նկատի ունենանք Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ երկրին կառավարման նախագահական համակարգի որդեգրման, Էրտողանի իշխանութեան ամրապնդման եւ անոր նստաշրջանի մինչեւ 2029 երկարաձգման վերաբերեալ քննարկումներուն սկիզբ առնելուն իրողութիւնը:

Թուրքիոյ ներքաղաքական կացութեան թաւալգլոր անկումը նաեւ իր մէջ կը պարունակէ այլ «աւետիս» մը` երկրին Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հեռանկարի մահը:

 

 

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Նոր Տարուան Բացառիկ Թիւի Հրատարակութեան Նուիրուած Շնորհահանդէս-Հաւաք

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Մոնրոյի Վարդապետութեան Վերականգնումը
Անդրադարձ

Մոնրոյի Վարդապետութեան Վերականգնումը

January 16, 2026
Հարցազրոյց Պօղոս Սնապեանին Հետ. 1979
Անդրադարձ

Քեսապցիներու Ծածկանունները

January 16, 2026
Ստացուած Գիրքեր.  «Արցախի Դէմ Իրականացուած Ցեղասպանութեան Գիտաժողովի Նիւթեր» (21-22 Ապրիլ, 2024)
Անդրադարձ

Ստացուած Գիրքեր. «Արցախի Դէմ Իրականացուած Ցեղասպանութեան Գիտաժողովի Նիւթեր» (21-22 Ապրիլ, 2024)

January 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.