ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Պէտք է օրուան հարցերուն համեմատ քայլ առնէք, որոշ չափի մէջ մնացէք: Աւելորդ ծախսեր մի՛ ընէք, քանի որ արդէն տօնական օրերուն ծախսած էիք: Խնայողութիւն ըրէք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր որոշած գործերը լաւ ընթացքի մէջ են, յառաջդիմութիւն պիտի արձանագրէք, նիւթական եւ բարոյական իմաստով: Մտահոգուելու ոչինչ ունիք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ամուսնական կեանքի մէջ հեռու մնացէք վէճեր ստեղծելէ, իւրաքանչիւրդ մնացէք ձեր դիրքին վրայ, որպէսզի խաղաղ ապրիք եւ կատարէք ձեզի վիճակուած գործերը:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Գործի մէջ տիրական դեր պիտի ունենաք, պիտի ազդէք ձեր շուրջիններուն վրայ: Օրուան աշխատանքին արդիւնքը գոհունակութիւն պիտի տայ ձեզի:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Այս ամիս նախաձեռնելու ամիսն է: Նոր աշխատանք մը պիտի հետաքրքրէ ձեզ, պիտի կարենաք յաջողիլ ձեր որոշած աշխատանքը իրագործելու:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Շնորհիւ ձեր փայլուն աստղին, պիտի կարենայ յաջողութիւն արձանագրել: Ձեր ակնկալած աշխատանքը պիտի կարենաք ձեռք ձգել եւ պիտի ուրախանաք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Որոշ ժամանակ մը ձեր գործերը լաւ պիտի ընթանան: Պիտի լսէք նորութիւններ ձեր կեանքին վերաբերեալ: Որոշ հարցեր պիտի դիմակալէք` անոնց յարմար պատասխանը գտնելով:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Նոր գործունէութիւն մը պիտի սկսիք այս օրերուն, ծանրաբեռնուած պիտի ըլլաք աշխատանքով, որ նոյն ատեն գոհունակութիւն պիտի տայ ձեզի: Յաջող օր մը պիտի անցընէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Աշխատանքը շատ արդիւնաւէտ պիտի ըլլայ շնորհիւ ձեր եռանդին: Ձեր բախտին աստղերը ձեզ պիտի առաջնորդեն դէպի յաջողութիւն: Ուրախ եղէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Աշխատանքով յագեցած էք: Կեդրոնացէք ձեր յառաջդիմութեան վրայ: Այսպիսով պիտի շահիք թանկագին ժաամանակ մը, նոր գործեր ստեղծելու:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Անձնական գործեր, աշխատանքներ պիտի չուշանան մանաւանդ որոշ գործերու վերաբերեալ: Գործօն դեր պիտի ունենաք, պիտի կարենաք յաջողութեամբ աւարտել զայն:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ամուսնական կեանքին մէջ տարբեր մտածումներով պիտի առաջնորդուիք: Ջանացէք յարմար լուծում մը գտնել ձեր նպատակին: Համաձայնութեան եկէք այս պարագային:
