Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նոր Տարուան Գիշերը

Դեկտեմբեր 31, 2016
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Նոր տարուան գիշերը ամբողջ ընտանիքը հաւաքուած կ՛ըլլայ միասին տօնելու եւ հաճելի ժամանակներ անցընելու… մինչեւ Կաղանդ պապային ժամանումը` կէս գիշերին: Այդ վայրկեանները աւելի մեծ ուրախութեամբ անցընելու համար, ահա քանի մը խաղեր, որոնց կրնան մասնակցիլ հաւաքոյթին ներկայ գտնուող… 1 – 99 տարեկան բոլոր անձերը:

1.- 2016-ի Լաւ Յիշատակները

gaghanti-kicher-1_123116

Ընթրիքի սեղանին շուրջ նստած, ընտանիքով եւ բարեկամներով կատարեցէք տարուան հաշուեգիրը: Այս խնդալիք կամ բանաստեղծական ցանկը կազմէ եւ անուշիկ գունաւոր թուղթի մը վրայ արձանագրէ իւրաքանչիւրին պատասխանը: Ահա՛ քանի մը առաջարկներ.

– Տարուան ընթացքին կերած ամէնէն համեղ / ամէնէն տարօրինակ ճաշը
– Կարդացած ամէնէն աղուոր գիրքը / դիտած ամէնէն աղուոր ժապաւէնը
– Ամէնէն հաճելի խնդալիք վայրկեանը
– Ամէնէն մեծ վիճաբանութիւնը
– Ամէնէն մեծ վախը
– Շատ սիրած վայր մը
– Ամէնէն աղմկարար / ամէնէն հարուստ / ամէնէն ձանձրացուցիչ օրը
– Ամէնէն ազդեցիկ հանդիպումը
– Եւ այլն…

2.- Կաղանդի Գնդակը

gaghanti-kicher-2_123116

Այս խաղը խաղալու համար նուազագոյնը 6 խաղցող պէտք է մասնակցի: Պէտք պիտի ունենաս փոքրիկ կերպասէ կամ մուսէ կակուղ գնդակի մը, նախընտրաբար կարմիր կամ կանաչ` Կաղանդի մթնոլորտին մէջ մնալու համար:

Ինչպէ՞ս խաղալ

– Բոլոր մասնակցողները շրջանակ մը կը կազմեն: Խաղցող մը կը նստի կեդրոնը` գնդակը ձեռքին:

– Կեդրոնը նստած անձը գնդակը կը նետէ կամ կը գլորէ շրջանակին մասնակցողներէն մէկուն` բարձր ձայնով յայտարարելով. «խաղալիք» կամ «կերպար» կամ «ուտելիք» եւ կամ, վերջապէս «նուէր»:

– Այն խաղցողը, որ գնդակը կը ստանայ, պէտք է անմիջապէս գտնէ այդ խումբին պատկանող բառ մը: Օրինակի համար «կերպարի» պարագային կարելի է առաջարկել Կաղանդ պապա, թզուկ օգնական, եղջերու եւ այլն: «Ուտելիքի» պարագային` պիւշ, տուրմ, հաւ…

– Այս խաղցողը, որ բառ մը պէտք է գտնէ, պէտք չէ տայ բառ մը, որ արդէն առաջարկուած էր: Երբ ան բառ մը կը փնտռէ, միւս խաղցողները մինչեւ 10 կը հաշուեն: Եթէ անոր պատասխանը ուշանայ, կամ խաղցողը տրուած բառ մը դարձեալ առաջարկէ, ան կ՛առնէ կեդրոնը նստած անձին տեղը:

– Եթէ գնդակը նետող անձը «նուէր» ըսէ, այն անձը, որ գնդակը կը ստանայ պէտք է ըսէ «Շո՜ւ, անակնկալ է»: Եւ ան դարձեալ գնդակը կը նետէ կեդրոնի խաղցողին: Եթէ ան շուարի, ան կեդրոնը կը նստի:

– Խաղը կ՛աւարտի երբ իւրաքանչիւր խաղցող նուազագոյնը 3 անգամ խաղցած է:

3.- Ուռած Փուչիկը

gaghanti-kicher-3_123116

Այս խաղը կարելի է խաղալ նուազագոյնը 4 անձերով: Խաղին համար պէտք պիտի ունենաս պարզապէս ուռած փուչիկներու:

Ինչպէ՞ս խաղալ

– Զոյգեր կազմեցէք` մէկ չափահաս մէկ մանուկի հետ: Որքան հասակի տարբերութիւնը մեծ ըլլայ, այնքան խաղը հաճելի կը դառնայ:
– Սենեակին մէջ ճամբայ մը ճշդեցէք` դարձուածքներով եւ նոյնիսկ արգելքներով (գետինը բարձեր…):
– Իւրաքանչիւր զոյգ ուռած փուչիկը մեծին ու փոքրին միջեւ «կը սեղմեն» եւ պէտք է ճշդուած ճամբան կտրեն առանց գնդակը գետին դպցնելու… եւ կամ պայթեցնելու: Կը կարծէ՞ք, թէ մեծերը պիտի կարենան լաւ խաղալ այս խաղը:

2016-ի հաւաքական նկարը

Այս հաճելի հաւաքոյթը վերջ կը գտնէ… իրարմէ բաժնուելէ առաջ բոլորդ հաւաքուեցէք իրարու մօտ, մեծ ժպիտ մը կամ ծամածռութիւն մը դէմքերնուդ, այս գիշերը անմոռանալի յիշատակ մը վերածեցէք աւանդական հաւաքական «սէլֆի» նկար մը նկարելով: Այսպիսով, նոր արդի «աւանդութիւն» մը կ՛աւելնայ մեր տարեկան այս մեծ հաւաքոյթին աւանդութիւններուն վրայ:

Շնորհաւոր Նոր տարի եւ Ս. Ծնունդ:

 

Ոսկիէ
Կաղանդի Ծառ Մը

lourer-1_123116

Եթէ պատրաստ ես աւելի քան 1,7 միլիոն տոլար ծախսելու, այս ոսկիէ Կաղանդի ծառը կրնայ քեզի ըլլալ… Այս ծառը ստեղծած է Թոքիոյի (Ճափոն) գոհարավաճառատուն մը` իր 90-րդ տարեդարձին առիթով: Վաճառատան ոսկերիչները այս արուեստի գործին վրայ աշխատած են երկու ամիս եւ գործածած աւելի քան 1200 մեթր երկարութեամբ ոսկիէ թել: Ծառին կոճղին վրայ հաստատուած են վեցանկիւններ, որոնց լայնքը կը նեղնայ որքան վեր բարձրանայ: Անշուշտ այս երկու մեթր երկարութեամբ իւրայատուկ ծառին գագաթին կը փայլի աւանդական աստղը:

Կաղանդ Պապաներու
Հաւաքածոն

lourer-2_123116

80 տարեկան Ժան-Հի Լաքէր կ՛ապրի Քէպէքի մէջ, Քանատա: Ժան-Կի իր Կաղանդ պապաները սկսած է հաւաքել 1988 թուականին, երբ իրեն նուիրած են փափիէ-մաշէ թուղթէ Կաղանդ պապա մը: Այժմ անոր հաւաքածոն կը պարունակէ Կաղանդ պապայի վերաբերեալ աւելի քան 28,000 առարկաներէ, փոքրիկ կերպարներ, բացիկներ (քարտ), խաղալիքներ, զարդասեղներ եւ այլն:

1,6 Միլիառ
Մաղթանքի Բացիկներ

lourer-3_123116

Գիտէի՞ր, թէ ամէն տարի ամերիկացիները 1,6 միլիառ Նոր տարուան եւ Ս. Ծնունդի մաղթանքի բացիկներ (քարտեր) կը ղրկեն: Այս կը նշանակէ, թէ իւրաքանչիւր ամերիկացի միջին հաշուով հինգ Կաղանդի բացիկ կը ղրկէ:

Լոնտոնի Կաղանդի
Փուտտինկի Մեծ Մրցումը

lourer-4_123116

Ամէն տարի 3 դեկտեմբերին Լոնտոնի Քովընդ Կարտընի թաղամասին մէջ տեղի կ՛ունենայ Կաղանդի անգլիական քաղցրեղէնի` փուտտինկի մրցումը:

Վեց անդամներէ կազմուած խումբեր վազքի արգելքներով մրցումի մը կը մասնակցին, անոնք պէտք է վազեն բռնած անգլիական աւանդական փուտտինկ կարկանդակ մը: Մասնակցողներուն մեծ մասը կը հագնին տեսակաւոր տարազներ, եւ մեծ հաճոյք կը տիրէ ամբողջ մրցումին ընթացքին: Իսկ մրցումին աւարտին, յաղթող խումբը կը ստանայ բաժակ մը… Կաղանդի փուտտինկի ձեւով:

 Աշխարհի Ամէնէն Փոքրիկ
Նամակներու Նամակատունը

lourer-7-a_123116lourer-7_123116Այս մանր Կաղանդի բացիկը շինեց ամերիկացի կին մը` Լէա Րէտմոնտ: 2008 թուականին ան հիմնած է Աշխարհի ամէնէն փոքր նամակաբաշխութեան դրութիւնը: Անոր նամակատունը ամէն Կաղանդին կը ղրկէ աւելի քան 1000 մանր նամակներ եւ ծրարներ աշխարհի տարբեր ցամաքամասեր: Լէա կը մտածէ, թէ ան մեծ յաջողութիւն գտած է, որովհետեւ համացանցին պատճառով նամակներ ղրկելը հազուագիւտ դարձած է, եւ ասոր կողքին այս գործողութիւնը աւելի հաճելի կ՛ըլլայ, երբ խոշորացոյց մը ձեռքդ կը փորձես կարդալ այդ մանր գիրերը:

 

Կաղանդին Ո՞վ
Կը Բերէ Նուէրները

gaghant-baban-nevernere_123116

  • Յունաստանի մէջ` Աղիոս Վասիլիս, սուրբ Պազիլ, որ կու գայ յունուար 1-ին:
  • Հունգարիոյ մէջ` Ճէզոսքա, Յիսուս մանուկ, իսկ 1990-էն առաջ` Ձմեռ պապուկը:
  • Իտալիոյ մէջ` Պապպօ Նաթալը 25 դեկտեմբերին, եւ Պէֆանան յունուար 6-ին:
  • Սպանիոյ մէջ` երեք մոգերը, Մելքիոր, Գասպար եւ Պաղտասար, որոնք կու գան յունուար 6-ին:
  • Ռուսիոյ մէջ` Տէտ Մորոզ, սառոյցի մեծ Պապուկը, որ կու գայ Նոր տարուան գիշերը:

 Ժամանց

Կէտերը իրարու միացուր 1-92` յայտնաբերելու համար պահուած պատկերը:
Կէտերը իրարու միացուր 1-92` յայտնաբերելու համար պահուած պատկերը:

 

Կրնա՞ս գտնել եղջերուին ստեպղիններուն տոպրակին հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել եղջերուին ստեպղիններուն տոպրակին հասցնող ճամբան:

 

Կրնա՞ս գտնել եղջերուին համապատասխան շուքը:
Կրնա՞ս գտնել եղջերուին համապատասխան շուքը:

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (31 Դեկտեմբեր 1966)

Յաջորդը

Մաւրը Զառիթափի Վրայ Կամ` Խաւաքարտէ Դղեակը

RelatedPosts

Ի՞նչ Է Ալկորիթմը
Մանկապատանեկան

Ի՞նչ Է Ալկորիթմը

Մայիս 10, 2025
Եութուպը (YouTube) 20 Տարեկան Է
Մանկապատանեկան

Եութուպը (YouTube) 20 Տարեկան Է

Մայիս 3, 2025
Ձեռային Աշխատանք.  Զատկուան Պատրաստութիւններ
Մանկապատանեկան

Ձեռային Աշխատանք. Զատկուան Պատրաստութիւններ

Ապրիլ 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?