Լեռնային Ղարաբաղի առաջին գումարման Գերագոյն խորհուրդի ընտրութիւններու 25-րդ տարեդարձին օրը` 28 դեկտեմբերին, Ազգային ժողովի տարբեր շրջաններու պատգամաւորներ ծաղկեպսակ զետեղած են խորհրդարանի ճեմասրահին մէջ` զոհուած պատգամաւորներու յիշատակը յաւերժացնող յուշատախտակին առջեւ եւ այցելած Ստեփանակերտի յուշահամալիր ու ծաղիկներ զետեղած Լեռնային Ղարաբաղի Գերագոյն խորհուրդի առաջին նախագահ Արթուր Մկրտչեանի շիրմաքարին առջեւ:
Այս մասին տեղեկացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի մամլոյ ծառայութիւնը, որուն համաձայն, Ազգային ժողովին նախաձեռնութեամբ, տեղի ունեցած է պատգամաւորներու հանդիսաւոր ընդունելութիւն` Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի, Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի եւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանի մասնակցութեամբ: Ձեռնարկին մասնակցած են նաեւ Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանովի գլխաւորութեամբ Ստեփանակերտ գտնուող Հայաստանի պատգամաւորները:
Ողջունելով եւ շնորհաւորելով ներկաները` Աշոտ Ղուլեան նշած է, որ 1991 թուականին իշխանութեան բարձրագոյն մարմինի` Գերագոյն խորհուրդի ստեղծումը, սեպտեմբերին` Հանրապետութեան հռչակման եւ դեկտեմբերին` Լեռնային Ղարաբաղի պետական անկախութեան հանրաքուէին տրամաբանական շարունակութիւնն էր: Անով Արցախի մէջ սկսաւ համապետական ընտրութիւններու միջոցով իշխանութեան ձեւաւորման մշակոյթը:
Ըստ Աշոտ Ղուլեանի, քաղաքական ներկայացուածութեան ու բազմակարծութեան այն մակարդակը, որուն հասած են խորհրդարանի գոյութեան տարիներուն, կարելիութիւն կու տայ վստահօրէն յայտարարել, որ Արցախի մէջ ժողովրդավարութեան զարգացումը կ՛ընթանայ ճիշդ ուղիով:
Խորհրդարանական ընտրութիւններու 25-ամեակին առիթով պատգամաւորները շնորհաւորած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանը` նշելով, որ նման նախաձեռնութիւններ ո՛չ միայն յարգանքի դրսեւորում են անցեալին հանդէպ, այլ նաեւ կարելիութիւն կու տան յստակեցնելու վերաբերմունքը ապագային նկատմամբ: Արցախեան ազատագրական շարժումը որակելով հայ ժողովուրդի մեծագոյն ստեղծագործութիւն` Լեռնային Ղարաբաղի նախագահը նշած է, որ բոլոր գումարումներու անկախ Արցախի պատգամաւորներն ալ ատոր համահեղինակներն են: «Այս աշխարհին մէջ չկայ որեւէ հաւանական զարգացում, որ ստիպէ մեզ շեղելու մեր ընտրած ճամբէն», նշած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահը:
Այնուհետեւ շնորհաւորած եւ իրենց գործունէութեան տարիներու պատգամաւորական աշխատանքին մասին խօսած են Ազգային ժողովի տարբեր գումարումներու պատգամաւորներ Համլեթ Գրիգորեանը, Վարդգէս Բաղրեանը, Արփիկ Խասապետեանը, Ռամելա Դադայեանը եւ Արմէն Սարգսեանը:
Օրը պատմական նկատած է Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանով եւ ընդգծած, որ անիկա կարեւոր է ո՛չ միայն Արցախի, այլ նաեւ Հայաստանի եւ համայն հայութեան համար: «Չկայ արցախեան խնդիր, կայ Հայկական հարցի արցախեան դրսեւորում եւ պատահական չէ, որ արցախահայութեան խնդիրը եւ արդարացի դատը ո՛չ միայն Արցախի մէջ ապրող մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն խնդիրն է, այլ ամբողջ հայութեան խնդիրն է: Անգամ մը եւս կ՛ուզեմ վստահեցնել, որ Հայաստանի Ազգային ժողովի բոլոր միջազգային պատուիրակութիւնները կ՛ընեն եւ ամէն ինչ պիտի ընեն` մեր հարցի հայանպաստ, արդարացի լուծման համար», ըսած է փոխնախագահը:
Ամփոփելով հանդիսաւոր նախաձեռնութիւնը` Աշոտ Ղուլեան յոյս յայտնած է, որ նման կազմով հանդիպումներ տեղի ունենան նաեւ ապագային: