26 դեկտեմբերին լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումի մը ընթացքին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան անդրադարձած է ներքաղաքական կարգ մը հարցերու:
Այլ քաղաքական ուժերու հետ դաշինք կնքելու միտումով հաւանական քննարկումներուն անդրադառնալով` Աղուան Վարդանեան դիտել տուած է, որ ներկայ դրութեամբ դաշինքի հարց չի քննարկուիր, նման օրակարգ չկայ ներկայիս, եւ 99 առ հարիւրով Դաշնակցութիւնը ընտրութիւններուն պիտի մասնակցի առանձին:
«Բայց քաղաքականութեան մէջ երբեք մի ըսեր երբեք, սակայն այսօր մենք որեւէ բանակցութիւն չենք վարեր», ըսած է Ա. Վարդանեան:
Լրագրողները ուզած են գիտնալ, թէ պատգամաւորին կեցուածքը ի՛նչ է արդէն իսկ կազմուած դաշինքներուն նկատմամբ, որոնց կարգին է «Ելք» դաշինքը, որ կը միաւորէ «Քաղաքացիական պայմանագիր», «Լուսաւոր Հայաստան» եւ «Հանրապետութիւն» կուսակցութիւնները. Աղուան Վարդանեան նշած է, որ խորհրդարանական կառավարման համակարգին մէջ այն քաղաքական ուժերը, որոնք տեղ կը գտնեն խորհրդարանին մէջ, կարելիութիւն պիտի ունենան զարգանալու, աճելու, տարածուելու եւ ազդեցութիւն ունենալու: Անոնք, որոնք տեղ չեն գտներ խորհրդարանին մէջ, կը փորձեն միաւորուիլ, դաշինքներ կազմել:
«Շատ գովելի ու ողջունելի է որեւէ միաւորում, դաշինք ստեղծելու որեւէ փորձ: Կ՛ուզեմ, որ մեր քաղաքական ուժերը, անկախ քաղաքական տարբեր ճամբարներու մէջ գտնուելու փաստէն, գիտակցին, որ Դաշնակցութեան պնդումով էր, որ նոր Սահմանադրութեան մէջ արձանագրուեցաւ դրոյթը, որ ընդդիմութիւնը խորհրդարանին մէջ պէտք է ունենայ տեղերու առնուազն 30 առ հարիւրը: Մենք իշխանութիւն ենք, թէ ոչ, կապ չունի, մենք կը գիտակցինք, որ առանց ընդդիմութեան մեծ ներկայութեան, հաւասարակշռութեան եւ հակազդեցութեան, կարելի չէ երկիրը զարգացնել: Այնպէս որ կ՛ողջունենք եւ բարի ճանապարհ կը մաղթենք դաշինքներուն», ըսած է Աղուան Վարդանեան:
Աղուան Վարդանեան անդրադարձած է նաեւ պաշտպանութեան նախկին նախարար Սէյրան Օհանեանի քաղաքական գործունէութեան` դիտել տալով, որ վերջինս նոր չի մտներ քաղաքականութեան մէջ, քանի որ արդէն իսկ ստանձնած է քաղաքական բարձր պաշտօններ` ըլլալով նախարար, իշխանութեան խումբի անդամ:
Անդրադառնալով Հայ ազգային քոնկրեսի առաջնորդ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի վերջին ելոյթին, որուն մէջ ան խօսած է Լեռնային Ղարաբաղի հարցով փոխզիջումներու անհրաժեշտութեան մասին, Աղուան Վարդանեան դիտել տուած է, որ այդ ելոյթին մէջ որեւէ նոր բան չկար, միակ նոր բանը եւ լաւ բանը ելոյթի վերջին նախադասութիւնն էր, որ մեր մեծագոյն հպարտութիւնը Հենրիխ Մխիթարեանն է:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք Դաշնակցութիւնը Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) հետ համախոհութիւն պիտի գոյացնէ՞` Աղուան Վարդանեանը նշած, որ Դաշնակցութիւնը այսօր իր դիմաց ունի խնդիրներու թղթածրար մը, եւ, ընտրութիւններուն արդիւնքներուն համաձայն, կը յստականայ համախոհական կառավարութեան հարցը:
Աղուան Վարդանեան ամփոփած է տարին` ՀՅԴ-ի գործունէութեան պարունակին մէջ: Ըստ անոր, 2016-ը նոր սկիզբի կարելիութիւն էր քանի մը առումներով, նախ` 2016-ը սկսաւ կառավարման նոր համակարգով, նոր Սահմանադրութեամբ, ինչ որ համակարգային փոփոխութեան կարելիութիւն էր: 2016-ը նաեւ համակարգային փոփոխութեան տարի էր` ընտրական նոր օրէնսգիրքի ընդունման առումով, ինչ որ աշխուժութիւն բերաւ քաղաքական դաշտին:
«Գիտակցելով, թէ չգիտակցելով ընտրական օրէնսգիրքի դերը, մարդիկ կը տեսնեն, որ կայ կարելիութիւն ընտրութիւններու միջոցով Հայաստանի մէջ բան փոխելու: Կային գործիչներ, որոնք կը յայտարարէին, թէ եթէ տեսնեն ընտրական օրէնսգիրքը այնպիսին է, որ կարելի է ընտրութիւններու միջոցով բան փոխել, ուրեմն կը մասնակցին ընտրութիւններուն: Կ՛ուզեմ շեշտել, որ այս երկու համակարգային փոփոխութիւններուն մէջ Դաշնակցութեան դերակատարութիւնը էական է», շեշտած է Աղուան Վարդանեան:
Անդրադառնալով ՀՀԿ-ՀՅԴ քաղաքական համագործակցութեան` պատգամաւորը նշած է, որ այդ համաձայնագիրը հիմնուած է Հայաստանը յուզող ներքին ու արտաքին բոլոր խնդիրներուն վրայ: «Շատերը կը փորձեն մեզ մեղադրել, շատերը կը փորձեն այդ համաձայնագիրին մէջ այլ իմաստներ տեսնել, բայց եթէ մենք վստահ չըլլայինք, որ կ՛առաջադրենք այնպիսի խնդիրներ, որոնք անհրաժեշտ են մեր երկրին մէջ իրականացնել, մենք երբեք չէինք կատարեր այդ համագործակցութիւն», ըսած է ան:
Շարունակելով ամփոփել տարին` պատգամաւորը խօսած է նաեւ նոր կառավարութեան ձեւաւորման մասին, որ նոր մօտեցումներու ու դրական սպասումներու սաղմեր ձեւաւորեց: Ըստ անոր, նոր կառավարութեան ծրագիրին մէջ դրուած են նաեւ ՀՅԴ-ՀՀԿ քաղաքական համաձայնագիրի ուղղութիւններն ու խնդիրները: Ժամանակը ցոյց պիտի տայ, թէ որքանո՛վ ծրագիրը արդիւնաւէտ պիտի ըլլայ, եւ տեսանելի արդիւնքներ պիտի արձանագրուին, քանի որ ջանքերը պիտի շարունակուին արդէն 2017 թուականին, որ նաեւ նախընտրական տարի պիտի ըլլայ:
Աղուան Վարդանեանի համաձայն, ՀՅԴ-ին համար 2016-ը առանցքային էր անկախութեան 25-ամեակի առումով: Ատիկա եւս նոր սկիզբ էր, եւ ինչ որ առումով 25 տարին ամփոփումն էր պետականութեան առաջին հասունութեան շրջանը` իր թերութիւններով, առաւելութիւններով հանդերձ: «Պարտաւոր ենք անկախութեան 25-ամեակէն ետք մտնել նոր փուլ` ստեղծելով նոր սկիզբի կարելիութիւն», ըսած է Վարդանեան:
Պատգամաւորը խօսած է 2016-ի երկու ծանր իրադարձութիւններու մասին` ապրիլեան պատերազմ եւ յուլիսեան դէպքեր: Ըստ Վարդանեանի` ապրիլեան պատերազմը ուշադրութիւն գրաւեց անսպասելի համախմբուածութեամբ, երկիրը պաշտպանելու ժողովուրդին ուժեղ կամքով, ու ցաւօք` անդառնալի կորուստներով: Սակայն ապրիլէն մինչեւ ամառ չկրցանք առկայ ներուժը ճիշդ ձեւով ուղղորդել, ու պատահեցան յուլիսեան դէպքերը: Աղուան Վարդանեան շեշտած է, որ յուլիսեան դէպքերուն առաջին գնահատականը տուած է Դաշնակցութիւնը` յայտարարելով, որ Հայաստանի մէջ իմաստ չունի եւ դատապարտելի է զէնքով ու բռնութեամբ փորձել հարցեր լուծել:
«Որքան ալ անկեղծ կամ յուսահատ ըլլար այդ քայլը, ցաւալի է, բայց ատիկա ինչ որ առումով ուղղորդուած, կամ ոչ, նկատի ունիմ` դուրսի ուժերը, դարձաւ ինչ որ առումով ապրիլեան մեր համախմբուածութիւնը ջարդելու, կոտորակելու առիթ: Փառք Աստուծոյ, մենք դուրս եկանք այդ կացութենէն, բայց խնդիրները կը մնան, եւ զանոնք լուծելու համար պէտք է հետեւողականօրէն աշխատիլ», ըսած է Աղուան Վարդանեան:
Պատգամաւորը աւելցուցած է, որ Դաշնակցութեան համար 2016-ը կազմակերպական առումով եւս նոր սկիզբի առիթ էր: Վերջին 6 ամիսներուն Դաշնակցութեան շարքերը մուտք գործած են 800 նորագիրներ, որոնց 80 տոկոսը երիտասարդներ են: «Յառաջիկայ տարիները պիտի ըլլան անկախութեան սերունդի ինքնադրսեւորման կարելիութեան ժամանակաշրջան, եւ շատ կարեւոր է քաղաքական դաշտին մէջ իրականացնել սերնդափոխութիւն` պետութիւնն ու իշխանութիւնը նոր սերունդին վստահելով: Մենք հրաշալի երիտասարդութիւն ունինք, շատ աւելի ազատ, աւելի անկախ մտածողութեամբ, եւ յոյս ունիմ, որ Դաշնակցութեան այս վերանորոգումը պիտի դառնայ քաղաքական կեանքին մէջ նոր մօտեցումներու երաշխիք», ըսած է ան:
Աւարտին ան համոզում յայտնած է այն մասին, որ որքան մեծ ըլլայ Դաշնակցութեան կշիռը խորհրդարանին մէջ, այնքան պիտի ապահովուի ներքին կայունութիւնը, զարգացման իսկական եւ շօշափելի նախադրեալներ պիտի ստեղծուին, երաշխաւորուած պիտի ըլլայ Արցախի ու Հայաստանի անվտանգութիւնը, օտար միջամտութեան կարելիութիւնները նուազ պիտի ըլլան ու հակազդեցութեան պիտի հանդիպին: