Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նորագիրները Երդում Տուին Վահան Յովհաննիսեանի Շիրիմին Առջեւ

December 29, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

yertoum_122816

28 դեկտեմբերին ամբողջացաւ դաշնակցական գործիչ Վահան Յովհաննիսեանի մահուան երկրորդ տարելիցը:

Երեւանի քաղաքային պանթէոնին մէջ, ուր ամփոփուած է Վահան Յովհաննիսեանի աճիւնը, համախմբուած էին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի եւ Բիւրոյի անդամներ, պաշտօնատարներ, որոնց կարգին` Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանը` յարգելու անոր յիշատակը:

Տասը երիտասարդներ երդուեցին Վահան Յովհաննիսեանի շիրիմին առջեւ եւ միացան Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան շարքերուն:  Կնքահայրն էր ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, որ` դիմելով նորագիրներուն, նշած է, թէ անոնց կեանքը պիտի փոխուի ՀՅԴ-ի շարքերը համալրելէ ետք, եւ անոնք այլեւս միայն լոկ իրենց անձին համար պիտի չապրին, այլ պէտք է ապրին մեր ժողովուրդին, հայրենիքի խնդիրներով եւ այդ խնդիրներուն լուծման համար ոչ մէկ ջանք պէտք է խնայեն:

«Ձեզի համար այս օրը յիշարժան պիտի ըլլայ, որովհետեւ դուք երդում  կու տաք ՀՅԴ պատմութեան վերջին ժամանակաշրջանի ամէնէն պայծառ դէմքերէն մէկուն` Վահան Յովհաննիսեանի շիրիմին առջեւ: Մենք վստահ ենք, որ Վահանի հոգին մեզի հետ է, եւ ամէնէն ուրախը այսօր Վահանն է: Երբ մեծերը կը հեռանան, տարիներու ընթացքին անոնց կորուստը աւելի ու աւելի զգալի կը դառնայ: Այսօր Վահանին տեղը շատ կ՛երեւի, պակասը շատ զգալի է, եւ դաշնակցական մեր ընտանիքին համար կարեւորագոյն մխիթարութիւնը այն է, որ դուք կու գաք` այդ պակասը լրացնելու», ըսած է Ռուստամեան` դիմելով նորագիրներուն:

Նորագիրներէն Արշակ Գրիգորեան «Երկիր»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նշած է, որ իրեն համար պարտաւորեցնող է ինքնին Վահան Յովհաննիսեանի շիրիմին դիմաց երդում տալով ՀՅԴ-ի շարքերուն միանալը: «Մեր ժամանակներու մեծագոյն քաղաքական գործիչներէն մէկն էր Վահան Յովհաննիսեանը, որուն ծանօթ եղած եմ, որուն հետ  զրուցած եմ, խրատները լսած, եւ մեկնելով նշուածներէն, շատ կարեւոր կը նկատեմ այսօր այստեղ գտնուիլս», յայտնած է ան:

 

Նախորդը

Տեղի Ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարարի Մամլոյ Ասուլիսը

Յաջորդը

Աղուան Վարդանեան. «Այս Պահու Դրութեամբ ՀՅԴ-ն Դաշինք Կազմելու Հարց Չի Քննարկեր»

RelatedPosts

ՔՈՓ17-ի Խորհրդաժողովին Կը Խօսուի  Բնիկ Ժողովուրդներու Իրաւունքներուն Մասին,  Սակայն Արցախն Ու Արցախցիները Կը Բացակային
Գլխաւոր լուրեր

ՔՈՓ17-ի Խորհրդաժողովին Կը Խօսուի Բնիկ Ժողովուրդներու Իրաւունքներուն Մասին, Սակայն Արցախն Ու Արցախցիները Կը Բացակային

October 22, 2026
Ազգային Ժողովի Յանձնախումբը Դրական  Եզրակացութիւն Տուաւ ԹՐԻՓՓ-ի  Համաձայնագիրի Վաւերացման
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովի Յանձնախումբը Դրական Եզրակացութիւն Տուաւ ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրի Վաւերացման

October 22, 2026
Միրզոյեան Չի Հերքեր Տաւուշի Մէջ Ազրպէյճանցի  Հովիւի Մը Յայտնուելուն Մասին Տեղեկութիւնները
Հայկական

Միրզոյեան Չի Հերքեր Տաւուշի Մէջ Ազրպէյճանցի Հովիւի Մը Յայտնուելուն Մասին Տեղեկութիւնները

October 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.