27 դեկտեմբերին տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի մամլոյ ասուլիսը: Նախարարը համառօտ ներկայացուց 2016-ի ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան կատարած աշխատանքները, նշեց, որ նախարարութեան գործունէութիւնը նպատակաուղղուած է գերակայ ճանչցուած խնդիրներու լուծման եւ նախատեսուած ծրագիրներու իրականացման:
«Հայրենիք վերադարձող սփիւռքահայերու, որոնց շարքին` սուրիահայերու, հասարակութեան մէջ համարկման հոլովոյթի եւ կառուցակարգերու կատարելագործում» գերակայ խնդիրի լուծման ուղղութեամբ շարունակուած են Սուրիայէն Հայաստան տեղափոխուած գաղթականներու կեցութեան, կրթութեան, աշխատանքի եւ այլ հարցերու լուծման ուղղուած աշխատանքները, կազմակերպուած է Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող միջնախարարական յանձնախումբի 8 նիստ, «Սուրիահայ մշակոյթի շունչը Երեւանի մէջ» աւանդական դարձած բարեգործական 6 ցուցահանդէս-տօնավաճառ: 2016-2017 ուսումնական տարեշրջանին սուրիահայ 436 ուսանողներու ուսման վարձավճարներու 70 առ հարիւրը վճարուած է Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան, ՀԲԸՄ-ի, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի ֆինանսական աջակցութեամբ, իսկ ծայրայեղ կարիքաւոր սուրիահայ 25 ուսանողներու ուսման վարձավճարներուն մնացած 30 առ հարիւրը փոխհատուցած է Հայ օգնութեան ֆոնտը: Կազմակերպուած է շուրջ 200 սուրիահայ երեխաներու ամառնային հանգիստը տարբեր ճամբարներու մէջ, որոնց աջակցած են «Սէյվ տը Չիլտրըն Ինթըրնեշընըլ» միջազգային կազմակերպութեան հայաստանեան ներկայացուցչութիւնը եւ Հայ օգնութեան ֆոնտը: Նոյեմբերին Դարբնիկ համայնքին մէջ «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութեան բժշկական անձնակազմին կողմէ կատարուած է 45 սուրիահայ եւ իրաքահայ երեխաներու ակնաբուժական եւ ատամնաբուժական քննութիւն եւ նոյն մարզին մէջ շարք մը այլ աշխատանքներ:
Կարեւոր նկատուած են նաեւ սփիւռքի հայ երիտասարդութեան շրջանակին մէջ հայոց լեզուի իմացութեան մակարդակի բարձրացման նպաստող ձեռնարկները: Յաջողութեամբ իրականացուած են «Սփիւռք» ամառնային դպրոց»-ի եւ «Արի տուն» ծրագիրները:
Նախարարը նշեց, որ «2016-ին Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան 25-ամեայ յոբելեաններուն նուիրուած նախարարութեան վերոնշեալ բոլոր ծրագիրները, «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնը, որ աննախադէպ էր մասնակիցներու թիւով: Ասմունքի, տուտուկի փառատօներուն, երգչախմբային արուեստի, պարարուեստի օրերուն մասնակցած է շուրջ 2000 հոգի աշխարհի 23 երկիրներէ»:
2016-ին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած է 8 համահայկական համաժողով եւ գիտաժողով:
Նախարարը 2017-ն յայտարարեց Արցախի տարի եւ նշեց, որ լրագրողներու համահայկական 8-րդ համաժողովին սկիզբ առաւ «Դուն ի՞նչ կ՛ընես Ղարաբաղի համար» շարժումը, որ լայն թափ կը ստանայ:
Այնուհետեւ նախարար Հրանուշ Յակոբեան պատասխանեց լրագրողներու հարցումներուն: